ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի Մարմինը Ամփոփուեցաւ ՀՅԴ Պանթէոնին Մէջ

Beno17 դեկտեմբերին վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները կատարած Բենօ Թոնդեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ արդէն իսկ հողին պիտի յանձնուի հանրածանօթ ազգային այն դէմքերէն մին, որ սփիւռքահայ հասարակական կեանքի վերջին 50-ամեակին ընթացքին իր ժամանակին, կարողութեանց եւ ճիգերուն կարեւորագոյն մասը ընծայեց ազգին, հայրենիքին ու մեր հաւաքականութեան ծառայութեան` սրբազան հասկացողութեամբ: Ապա ան անդրադարձաւ Բենօ Թոնդեանի կենսագրականին եւ տարած գործունէութեան` շեշտելով, որ ան եղած էր այնպիսի անձ մը, որ անաղմուկ հասած էր հոն, ուր բաց մը կար ու կարիք` իր ներդրումին: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ իր նկարագիրով եւ աշխատանքով Բենօ Թոնդեան միշտ եղած էր գաղափարապաշտ, բծախնդիր, խստապահանջ, կարգապահ, գաղտնապահ եւ անձնուրաց, իսկ բնաւորութեամբ մնացած էր ազնուաբարոյ, պարկեշտ, համեստ, անշահախնդիր եւ վեհանձն: «Այսօր իր վաստակը իբրեւ յիշատակ իր ետին ձգելով ան հրաժեշտ կ՛առնէ այս աշխարհէն, վստահաբար հաւատալով եւ գիտակցելով, որ իր գաղափարապաշտ ընթացքին պիտի յաջորդեն շատ շատեր», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան` յոյս յայտնելով, որ հանգուցեալին օրինակին յարատեւութիւնը ապահովուի մեր հաւաքականութեան մէջ, որպէսզի մենք շարունակենք կեանքի այն ընթացքը, որուն մէջ ուզեցին մեզ տեսնել մեզ նախորդող բազում սերունդները: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին վշտակցութիւնները փոխանցեց բոլորին:1217_Tontian

ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ դամբանական խօսք արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն դժուար եւ զգայուն ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօն ստանձնեց Բենօ Թոնդեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հռչակումէն ետք Դաշնակցութիւնը արգիլուած էր հայրենիքի մէջ, Դաշնակցութեան հայաստանեան նորաստեղծ կառոյցը կազմալոյծ վիճակի մէջ էր, Դաշնակցութիւնը նաեւ հալածուած էր սփիւռքի ամբողջ տարածքին` Հայաստանի դեսպանատուներու տեղական իշխանութիւններուն մօտ կատարած կեղծ ու պատիր ամբաստանութիւններով: Կուսակցութիւնը մէկ կողմէ պարտաւոր էր պայքարիլ անիրաւ իշխանութիւններուն դէմ, իսկ միւս կողմէն արտասահմանի մէջ թիկունք կանգնիլ ղարաբաղեան հարցին գծով ի գործ դրուող համազգային ճիգերուն: Կուսակցութեան կազմակերպական մարզին մէջ նոյնքան նուրբ մարտավարութեամբ սկսաւ վերակազմակերպուիլ հայաստանեան կառոյցը, իսկ երբ Հայաստանի օրուան նախագահը ստիպուեցաւ հրաժարիլ պաշտօնէն, Դաշնակցութիւնը ամէնէն բարձր վարկով նետուեցաւ երկրի քաղաքական բեմին վրայ: «Այսպիսի քաղաքականութիւն արդիւնաւէտ մարտավարութեամբ ի գործ դնելու համար անհրաժեշտ եղան կացութեան ճիշդ գնահատում, ուշիմութիւն, յստակատեսութիւն, իւրաքանչիւր քայլափոխին լարուող ծուղակները շրջանցելու կարողութիւն, անաչառութիւն, փոթորկալի կացութիւններու մէջ անզգամ որակուելու աստիճան ինքզինք հանդարտ պահելու ունակութիւն, բայց նաեւ` Դաշնակցութեան սկզբունքները անշեղօրէն յարգելու ներքին որոշում եւ կուսակցութեան որոշումներն ու կանոնագիրին տառն ու ոգին գործադրելու վճռակամութիւն: Բենոն ունէ՛ր այս յատկութիւնները: Ան մանաւանդ Դաշնակցութեան կանոնագիրի փնտռուած մեկնաբանն ու դասախօսն էր կուսակցութեան դաստիարակչական արշաւներուն ընթացքին», ըսաւ Մ. Մկրտիչեան: Ան անդրադարձաւ Բենօ Թոնդեանի համեստութեան, ցուցամոլութենէ հեռու մնալու նկարագրային գիծին եւ խոնարհութեան: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ Բենօ Թոնդեան կեանքէն ալ բաժնուեցաւ նոյնքան հանդարտ ու հանգիստ, անաղմուկ, ինչպէս գործած էր:

ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան անունով դամբանական արտասանեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ Բենօ Թոնդեանի մահով Լիբանանի կուսակցական շարքերը, Ճեմարանը եւ ԶՈՄ¬ը սուգի մատնուած են, որովհետեւ ան հանդիսացաւ այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ հակառակ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ ըլլալուն, իր մասնագիտութիւնը կիրարկած է պարբերաբար, ի միջի այլոց, որովհետեւ իր հետաքրքրութիւններուն առանցքը հասարակական ասպարէզն էր, որ զինք հրաւիրեց ծառայական գործին: Տ. Ճինպաշեան ըսաւ, որ Բենօ Թոնդեան տարաւ կուսակցական, հասարակական, ազգային աշխուժ գործունէութիւն, մասնակցեցաւ բազմատեսակ ժողովներու, մտահոգուեցաւ հայութիւնը յուզող հարցերով` վարչական գործերու մէջ սպառելով իր եռանդը: «Ինք չէր սիրեր երեւցող, ցուցադրական աշխատանքային ոճը: Նախընտրեց կազմակերպական լռակեաց աշխատանքի ոճը եւ ահա կը մեկնի անդենական, նոյնքան լռակեաց, լուռ ու մունջ եւ կը միանայ դաշնակցական երախտաւորներու փաղանգին», եզրափակեց Տիգրան Ճինպաշեան:

Ապա Բենօ Թոնդեանի մարմինը ամփոփուեցաւ ՀՅԴ պանթէոնին մէջ` «Վէրքերով լի»¬ի կշռոյթներուն ներքեւ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել