Վարձքդ Կատա՛ր, Ընկեր Բենօ

FotorCreatedԱնկախութեան առաջին տարիներն էին… Բուռն, մոլեգին ժամանակաշրջան: Արցախեան ազատամարտ, անկախ Հայաստանի նոր իրականութիւն, պետականութեան կերտում, երիտասարդ, յեղափոխական, սակայն տակաւին պոլշեւիկեան մտածելակերպն ու գործելակերպը ամբողջովին չթօթափած քաղաքական գործիչներ, անկախութեան պայմաններուն մէջ իր դերն ու առաքելութիւնը ճշգրտելու մարտահրաւէրը դիմագրաւող, սփիւռքի մէջ գործելու պարտադրանքէն վերջապէս ազատագրուած եւ Հայաստան վերադարձած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ նաեւ ղեկավար սերունդի նոր հերթափոխով պիտի շարունակէր իր ճամբան. ա՛յս պայմաններուն մէջ, Բենօ Թոնդեան դարձաւ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի անդամ:

Ներքին թէ արտաքին ահաւոր ճնշումներով սերմանուած պառակտումի պայմաններուն մէջ, անհրաժեշտ էր նոր անկախացած, ազատագրական պայքար մղող, տնտեսական ահաւոր պայմաններ դիմագրաւող մեր հայրենիքին մէջ պահպանել ներքին կայունութիւնը` ճակատի վրայ եւ արցախեան խրամատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կենսագործել արտաքին աշխարհի քաղաքական բեմերուն վրայ միացեալ ուժերով պայքարելու գիտակցութիւնը բոլոր սակարկութիւններէն վեր դասելու դաշնակցական արժէքային համակարգէն բխած սկզբունքը: Բենոն ժամանակի շունչը ճիշդ գնահատեց, ու իր կարեւոր ներդրումով ոչ միայն աւելի մեծ ցնցումներ խնայուեցաւ մեր ժողովուրդին, այլեւ այդ ցնցումները դիմագրաւելու ազգային դիմադրականութիւնը հզօրացաւ:

Բենոյին հետ ճամբայ կտրած Կարօ Արմէնեանը եւս կը վկայէ, որ «ան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնեց մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ շատ ճակատագրական պահուն, երբ պէտք էր ծայրէն սկսիլ եւ հեռատեսութեամբ ձեւաւորել եզրերը մեր նոր առաքելութեան: Ընկ. Բենոն վերցուց այդ մարտահրաւէրը անվարան: Յարգա՜նք իր յիշատակին»:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկեր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել