Ակնարկ. Տատանումներ

FotorCreatedԱկնկալելի էր, որ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին մամլոյ ասուլիսը խլէր մեծագոյն լուսարձակները: Ռուսիոյ գերիշխանութեան պահպանման համար մղուող պայքարի սահմաններուն մէջ բացատրուած եղելոյթները մեկնաբանական եւ վերլուծման խոր քննարկման կը շարունակեն ենթարկուիլ:

Ճիշդ է, որ այս գործընթացներուն հիմնական հանգոյցները Ուքրանիան ու Խրիմն են, այսուհանդերձ նախ փորձենք կեդրոնանալ հայկական հարցերուն հետ ուղղակի, աւելի ճիշդ անուղղակիօրէն կապուած բաժիններուն վրայ: Թէեւ մեկուսացման եւ տնտեսական ճնշամիջոցները անմիջականօրէն ազդած են եւ յայտնաբար պիտի ազդեն տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ:

Ուշադրութենէ չվրիպեցաւ Փութինի այն յայտարարութիւնը, որ ռուսական արտասահմանեան ռազմակայաններուն թիւը ներկայացուց երկու` Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան:

Գիւմրին չյիշատակելը պայմանաւորուած էր ամենավերջին շրջանի ռուս-թրքական գործընթացներով: Աւելորդ է քննարկելը, թէ ռազմակայանի համաձայնագիրի երկարաձգումը, նոր զինուժ տրամադրելը, զինուորականութեան քանակի բարձրացումը, այս բոլորը որո՞ւ դէմ ուղղուած էին: Թրքական մամուլը ուղղակի այս երեւոյթը գնահատած էր իբրեւ թրքական պետութեան դէմ ուղղուած ուղերձ: Չմոռնանք, որ բաւական լարուած էին ռուս-թրքական յարաբերութիւնները Սուրիոյ եւ իսլամականներու հարցով Անգարայի որդեգրած դիրքորոշումներուն պատճառով: Իրականութիւնը այն է սակայն, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ քաղաքական փոխյարաբերութիւնները շատ աւելի բազմաշերտ են եւ բարդ:

Երկրորդ կէտը այս պարագային աւելի յստակ բացատրութիւն ունի եւ որոշ չափով կրնայ պարզաբանում բերել այս պարագային խնամքով անուշադրութեան մատնուած Գիւմրիին: Թրքական գործօնի մասին խօսելով` Փութին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը պայմանական է տարածքային խնդիրներ լուծելու համար:

Թէեւ Ռուսիան երբեք չի նպաստեր եւ չի հանդուրժեր Թուրքիոյ ներթափանցումը Կովկաս` սկսած միջնորդական առաքելութենէն: Ռուսիոյ համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական արժէքը պուֆերային գօտի ըլլալն է Թուրքիոյ` այսօր նաեւ իսլամական շարժումներու եւ Ռուսիոյ պայթիւնավտանգ հարաւին միջեւ:

Դէպի Անգարա եւ դէպի միջազգային ընտանիք ու Արեւմուտք յղուած այս ուղերձը, Փութին-էրտողան հանդիպումին արծարծուած խօսակցութիւններուն եւ ձեռք ձգուած համաձայնութիւններուն նկատառումները կը ներառէ: Տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկուող Մոսկուան իր նոր գործընկերոջ մէջ կը փնտռէ կացութենէն դուրս գալու ելքեր, որ իր հերթին միեւնոյն կողմերը կը զգուշացնէ Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարով:

Վերադառնանք հայկական հարցերուն եւ ընդգծենք, որ անտեղի չէ ենթադրելն ու մեկնաբանելը, թէ տարածաշրջանային հարցերուն գլխաւորներէն է արցախեան հակամարտութիւնը, որուն լուծման համար այս ձեւով Փութինը գոնէ յայտարարողական (դժուար թէ իրողական) մակարդակի վրայ կը նուիրականացնէ Անգարայի միջնորդութիւնը: Տարածաշրջանային այլ խնդիր է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիա փակ սահմանը, որուն լուծման համար եւս, ըստ Փութինի արժեւորումին, Անգարան դերակատարութիւն ունի կատարելիք. իսկ Անգարան արդէն բազմիցս վերապայմանաւորած է սահմանը բանալու իր քայլը:

Ուրեմն, Գիւմրիի ռազմակայանի աշխարհագրական դիրքը` Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալով ենթադրել կու տայ, որ ռազմակայանի գոյութիւնը նախ եւ առաջ դէպի ո՛ւր ուղղուած մարտահրաւէր է կամ ո՛ր պետութենէն պաշտպանուելու նպատակով տեղակայուած է: Գիւմրին չյիշելը, որոշ տրամաբանութեամբ, ռուսական երրորդ ռազմակայանի կարեւորութիւնը նսեմացնելու մտադրութիւն ունի եւ նոր գործընկերը հանգստացնելու կը միտի:

Նման տատանումներ թերեւս աւելի վտանգաւոր են, քան հայկական դրամին դիմաց օտար դրամանիշերու արձանագրած տատանումները եւ կտրուկ ոստումները, որոնք բնականաբար կապուած են մեկուսացման ենթակայ Ռուսիոյ նկատմամբ կիրարկուող տնտեսական ճնշումներուն եւ ռուսական ռուբլիի գերարժեզրկումին:

Հայկական դրամը վերակայունացման միտումներ կը դրսեւորէ: Ասիկա գուցէ ժամանակաւոր երեւոյթ է: Ներհայկական քննարկումները անշուշտ մտահոգուելու եւ պահանջներ ներկայացնելու իրաւունքը ունին: Անտեղի է սակայն այս բոլորի շահարկումն ու գերքաղաքականացումը` ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով կեդրոնական դրամատան կամ իշխանութիւններուն վրայ: Երեւոյթը հիմնովին կապուած է աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հետ:

Անտեղի պիտի չըլլար սակայն նոյն թափով լուսարձակի տակ առնելը, որ հակառակ քարիւղի միջազգային գիներու կտրուկ անկումին, դրացի Ազրպէյճանը, ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ իր դրամանիշը կայուն պահելու համար: Աշխարհաքաղաքական շարժառիթներէ մեկնած քարիւղի միջազգային գիներու նուազումը կրնայ լուրջ հարուածել Պաքուի նաւթատոլարային համակարգը, որ Պաքուն տնտեսաքաղաքական շահագրգիռ կեդրոն դարձնելու միակ հանգամանքն է:

Եթէ Գիւմրին «վրիպած է» Փութինի ուշադրութենէն, Պաքուին ստանալիք հարուածը պէտք չէ վրիպի մեր ուշադրութենէն:

«Ա.»

http://www.aztagdaily.com/

Տպել Տպել