Վահան Յովհաննիսեանի Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Հաւաք Կլենտէյլի Մէջ

aspareZԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ շաբաթավերջին, հայրենի պետութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը վերջին հրաժեշտը տուին Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի, որ իր աչքերը առյաւէտ փակած էր անցեալ շաբաթասկիզբին, ետին թողնելով պետական, դիւանագիտական, ազգային եւ կուսակցական գործիչի ստուար վաստակ մը եւ իր կեանքով կնքուած ժառանգութիւն մը:

Արեւմտեան թեմը եւս միացաւ համահայկական սուգին: Կիրակի, 4 Յունուարին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ առյաւէտ բաժնուած հայրենասէրին հոգւոյն համար:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ներկայ էին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան ու գանձնապահ Մհեր Տէր Օհաննէսեան եւ երիտասարդ գործիչին յիշատակն ու վաստակը յարգող բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին, յիշատակի խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: (սրբազանին խօսքը կու տանք առանձին):

Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի:

Յուշահանդէսին հանդիսավարն էր Սարօ Նազարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՅԴ եւ պետական գործիչի կենսագրութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մեդիա»ի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէն մը՝ Վահան Յովհաննէսեանին նուիրուած:

Երգիչ Արա Սահակեան կատարեց Ջիվանիի «Ընկեր» երգը եւ հանդիսութեան աւարտին առաջնորդեց «Վէրքերով Լի» երգի կատարումը՝ հաւաքի ներկաներուն կողմէ:

Խօսք առին նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Տաճատ Ծ. վարդապետ Եարտմեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Յանուն առաջնորդ սրբազանին, սրտի խօսք արտասանեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Վահէ Պօզոյեան (խօսքը կը ներկայացնենք առանձին):

Տպել Տպել