Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբի հանդիպումները

hunastan HYD

* Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ, անցնող օրերուն ընթացքին, շարունակուեցան հանդիպումները յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ, ի տես այս Կիրակի

25 Յունուարին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընդհանուրին մէջ, ընդառաջուեցան այն թեկնածուներու դիմումները, որոնք հանդիպում խնդրեցին մեր հետ:

Այսպէս, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերներու հետ հանդիպում խնդրած էր Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան թեկնածու Եորղոս Քումուցաքոս, որ Երկուշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան, այցելեց Հ.Յ.Դ. նստավայրը:

Մէկ ժամ տեւած փոխադարձ ծանօթացման հանդիպման ընթացքին, զրոյցի առարկայ դարձան հայկական գաղութի կառոյցներուն ու գործունէութեան վերաբերող հարցեր, դպրոցական-կրթական համակարգին հետ առընչուած խնդիրներ, Հայ Դատի ծիրէն ներս իրագործուող աշխատանքներ եւայլն: Պրն. Քումուցաքոսին բացատրուեցան Հայ Դատի պահանջատիրութեան հիմնական կէտերը ու անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հակամարտութեան հարցին եւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ դիրքաւորումներուն:

* Շաբաթ 17 Յունուարի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը այցելեց Սիրիզա կուսակցութեան թեկնածու Զոի Գոնսթանտոփուլու, իր գործակիցներուն հետ, հանդիպում ունենալով Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան կոմիտէի եւ Ֆիքսի միութեանց վարչութիւններու ներկայացուցչական խումբի մը հետ:Junastan

Ամփոփ գիծերու մէջ հիւրերուն պարզուեց մեր գաղութային կառոյցն ու աշխատանքներու ծիրը, յատուկ շեշտելով յունական պետութեան աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, մեր կրթական եւ քաղաքական աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Տիկին Գոնստանտոփուլու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց միշտ ներկայ եւ տրամադիր գտնուելու մեր գաղութի հարցերուն կապակցութեամբ:

* Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան թեկնածու Ֆաիլոս Քրանիտիոթիսի հետ: Գաղութային մեր աշխատանքներու ծիրի ներկայացումէն ետք, խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ Հայ Դատի պայքարի հետ կապուած հարցերու շուրջ:gaspar35

* Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս, հանդիպում կայացաւ Սիրիզա կուսակցութեան թեկնածու Փանաեոթիս Քուրուփլիսի հետ: Փոխադարձ ծանօթացման տեղեկութիւններէն ետք, զրոյցը կեդրոնացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ գաղութային մեր աշխատանքներուն վրայ:

gaspar 2

Քննարկումները ընդհանրապէս ընդլայնուեցան նաեւ Յունաստանի մէջ տիրող իրավիճակին անդրադարձող նիւթերու, տնտեսական վիճակին եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

azator.gr

Տպել Տպել