«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Թուական… եւ թուային խեղաթիւրում

FotorCreatedՍովորութիւն դարձած է վերջին տարիներուն, հազիւ Փետրուար ամիսը մուտք գործած, ազերի քարոզչական մեքենան գործի կը լծուի եւ Խոճալուի գծով սուտ ու փոյթ փաստեր եւ շինծու լուսանկարներ ցուցադրելով, կը փորձէ համոզել թէ Փետրուար 25-26, 1992-ին անմեղ ազերիներ ջարդուած են, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել երկու հարիւրը:
Անշուշտ, այս մէկը միակողմանի կարծիք է եւ Պաքու երբեք չուզէր դարձնել մետալին միւս կողմը եւ իմանալ թէ, ինչպէ՞ս ներքին անհամաձայնութիւններու արդիւնք, եւ հակառակ հայկական կողմի դիտմամբ բաց ձգած փախուստի ճամբուն, անմեղներ մահացած են:

Սակայն նիւթը այս օրերուն Խոճալուն չէ, այլ բոլորովին տարբեր յերիւրածոյ եղելութիւն մը, իրադարձութիւն մը…ճակատամարտ մը, որուն հարիւրամեակը կը փորձուի նշել, «ծածկելու» համար Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:

Խնդրոյ առարկայ դէպքը՝ Կալիփոլիի ցամաքահանումն է, որ տեւեց ամիսներ շարունակ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն…1915 թուականին:

Այդ օրերուն Դաշնակից Ուժեր, յանձին բրիտանացի, ֆրանսացի նաեւ Աւստրալիացի եւ Նոր Զելանտացի բանակայիններու փորձեցին յարձակիլ Միջերկրականն ու Սեւ Ծովը միացնող առաջին անցքերէն՝ Կալիփոլիի (Տարտանէլ,որ Օսմանական Թուրքիոյ մաս կը կազմէր) վրայ, օգնութեան հասնելու համար, այդ օրերու իրենց դաշնակից Ռուսաստանի Կայսրութեան: Երկուստէք կատարուեցաւ կատաղի պայքար եւ Դաշնակից Ուժերը չկրցան որեւէ յառաջխաղացք արձանագրել: Երկու ճակատներէն ներս արձանագրուեցան աւելի քան յիսուն հազար զոհեր:

Այս արդիւնքը նկատուեցաւ փառաւոր յաղթանակ մը Թուրքիոյ համար, մանաւանդ որ այդ ճակատամարտին հերոս զօրավարներէն մէկն էր Քեմալ Աթաթիւրքը:

Պատմութեան էջերը մանրամասնութեամբ թերթատելով, նշենք թէ Կալիփոլիի առաջին յարձակումները սկսան Փետրուար 19-ին, եւ ամիս մը ետք՝ Մարտ 18-ին ազդանշանը տրուեցաւ ճակատամարտին, որ տեւեց մինչեւ Յունուար 9, 1916:

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բանակներուն արձանագրած զոհերուն թիւը 11 հազարէն աւելի էր, եւ այս առթիւ այդ երկու երկիրները Ապրիլ 25-ը կը նշեն իբրեւ իրենց ազգային ծառայութիւնը կատարած բանակայիններու օր, ծանօթ «Անզաք Տէյ» անունով:

Երկու տարի առաջ, այդ օրերու Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ յատուկ հանդիսութեամբ մը, Մարտ ամսուան ընթացքին նշած էր այդ օրը: Այս տարի, նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, որոշած է «մութ հաշիւներ»ու մէջ թաղուելով…Ապրիլ 24-ին տօնել Կալիփոլիի յաղթանակը:

Հիանալի գաղափ՞ար թէ ցաւալի խելք …Անգարայի նորակառոյց նախագահական դղեակի վարձակալին կողմէ, որ վերջերս տարօրինակ եւ արտառոց գաղափարը ունեցած է, նախագահական պատուոյ պահակագունդի անդամները, օժտելով Թուրքիոյ իւրատիպ կայսերական տարազներով:

Հաւանաբար 2018-ին, Կալիփոլիի յաղթանակը նշուի այդ տարուան Մայիս 28-ին, այսինքն Հայաստանի Ա. Անկախութեան հարիւրամեակին: Դեռ աւելին, կարելի է նաեւ համակերպիլ այլ թուականի մը կամ աւելի ճիշտը չաձազանցել խեղկատակութիւնը, եւ այդ միեւնոյն Կալիփոլին նշել Սեպտեմբեր 21, 2016-ին…այսինքն հետ-Խորհրդային անկախութեան 25-ակեակին:

Իսկ բաղդատական մը կատարել ճակատամարտ մը Ցեղասպանութեան հետ, յարգելով հանդերձ զոհերուն թիւը՝ հարիւր հազար զինուորներ, փոխան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու… Ընթերցողին համար բաւարար է թէ թուականի կողքին, գոյութիւն ունի թուային խեղաթիւրում:

20/01/2015
hairenikweekly.com

Տպել Տպել