Ակնարկ. Լիազօրուած Եւ Ֆինանսաւորուած Ցեղային Զտումներ

FotorCreatedՀիւսիսային Սուրիոյ մէջ ասորի համայնքին նկատմամբ իրականացուած առեւանգումի, բռնութեան եւ բռնագաղթի գործողութիւնները կը թարմացնեն հիւսիսային Իրաքի մէջ յատկապէս եզիտիներուն եւ ընդհանրապէս ասորի համայնքի տարբեր դաւանական խումբերուն դէմ գործադրուած պատկերներու յիշողութիւնը:

Ցեղային զտումի ամէնէն բարացուցական ժամանակակից օրինակներն են այս բոլորը, որոնք տեղի կ՛ունենան ահաբեկչութեան դէմ իբրեւ թէ աննահանջ պատերազմ յայտարարած միջազգային ընտանիքին երեւութապէս եւ յայտարարողական մակարդակի վրայ դատապարտանքի, ըստ էութեան քաղաքական կրաւորականութեան փաստերուն դիմաց:

Տարածաշրջանային իրողական սահմանագծումներու ծառայող միջոցներ են այս բոլորը, եւ խորքին մէջ Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը կը շարունակէ իբրեւ ամէնէն ազդեցիկ գործիքը իրականացնել աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ որոշուող ծրագիրը:

Յստակ է, որ առաջադրանք-յանձնարարական դրուած է Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման օրակարգը: Այն ինչ որ պատահեցաւ Իրաքի մէջ, այն ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, այն ինչ որ տակաւին Եգիպտոսի ղպտի ազգաբնակչութեան նկատմամբ կը կատարուի այդ առաջադրանքի տրամաբանութեան պարունակին մէջ կարելի է դիտարկել:

Զուգահեռ, ժողովուրդները խուճապահարութեան մատնելը որդեգրուած է իբրեւ միջոց յաւելեալ թափ տալու տարածաշրջանի քրիստոնէաթափման քաղաքականութեան: Այս գործընթացներուն դէմ միջազգային ընտանիքին առած քայլերը ոչ միայն սահմանափակ են, այլեւ հետզհետէ կը համոզեն, որ տարածաշրջանի դիմափոխման եւ երկիրներու սահմանափոխման այս եղելոյթին ընդհանուր համաձայնութիւն տրուած է:

Հաւաքական գլխատումներու, ողջակիզումներու, զանգուածային գնդակահարումներու եւ գազանային վայրագութիւններու խուճապահարութիւնը տեղահանուող եւ հալածուող ազգաբնակչութիւններուն մօտ կը մթագնէ իրենց բնօրրաններուն կառչած մնալու հեռանկարները եւ փախստականի ու գաղթականի կարգավիճակները կը զարգացնէ շատ արագ կշռոյթներով:

Այստեղ աւելի համոզիչ կը դառնայ աշխարհաքաղաքական ծրագիրի առկայութիւնը: Նոյն դատապարտող, բայց գետնի վրայ հակազդելու առումով կրաւորականութեամբ յատկանշուող պետութիւնները իրենց դռները լայն կը բանան եւ գաղթականներու համար յատուկ դիւրութիւններ կ՛ընձեռեն տեղահանուողներուն եւ տեղահանման վտանգին տակ գտնուող ժողովուրդներուն համար: Տակաւի՛ն. եթէ հաւաստի նկատենք Իսլամական պետութեան ռազմական օժանդակութիւն փոխադրող բրիտանական օդանաւերու վարկածը, արդէն կրաւորականութեան տեսութենէն աւելին անցած կ՛ըլլանք:

Շարժառիթներու, միտումներու եւ ընթացքներու մասին մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կրնան տարատեսակ ըլլալ: Փաստը կը մնայ փաստ, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան իրողական սահմանագծումներ, տեղահանութիւններ, խուճապահար գործողութիւններով բռնագաղթի նոր ալիքներու մակընթացութիւններ:

Սուրիական տարածքի վրայ Անգարայի իրականացուցած վերջին գործողութիւնը խօսուն ձեւով կ՛ընդգծէ Իսլամական պետութիւն-Անգարա արդէն իսկ զարգացած համագործակցութեան փաստը: նորօրեայ ահաբեկչական ալիքի բարձրացման մէջ Անգարայի պատասխանատուութիւնը մատնացոյց չընելու միջազգային մօտեցումը պարզապէս յաւելեալ համոզող նախադրեալ է իսլամութեան անունին տակ աշխարհաքաղաքական օրակարգի իրականացման գործին լծուած խմբաւորումներուն ուղղակի-անուղղակի պատուէր կատարելու իրականութեան:

Հայկական ոսպնեակը շատ զուգահեռներ կրնայ տեսնել ու ցոյց տալ 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասապանութեան, տեղահանութեան եւ այսօր միեւնոյն պետութեան կողմէ լիազօրուած եւ ֆինանսաւորուած խմբաւորումներուն կողմէ իրագործուող տարածքներու ցեղային զտումներու, բռնագաղթերու եւ ժողովուրդներու տեղահանութիւններուն միջեւ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել