Այցելութիւն Վարչապետ Սալամի

FotorCreatedՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեան, այցելեցին վարչապետ Թամամ Սալամին, որուն հետ 40 վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցան քաղաքական թատերաբեմին վրայ գոյութիւն ունեցող հարցերուն շուրջ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս կառավարութեան նիստերու վերսկսման անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ կողմերու պատասխանատուութեան` միշտ մնալու համար համախոհութեան հովանիին տակ, առանց վտանգելու նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգը:

Քննարկուեցան նաեւ տնտեսական օրակարգին հետ կապուած խնդիրներ, յատկապէս քարիւղի արտահանման եւ Պէյրութի նաւահանգիստի թղթածրարները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը ներկայացուց այս առնչութեամբ Լիբանանի հայութեան ակնկալութիւնները լիբանանեան պետութենէն:

Թոնի Ֆրենժիէ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

FotorCreated1Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ներկայացուցիչ Թոնի Ֆպենժիէ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ եւ Եուսեֆ Ֆինիանոս այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Աւետիս Կիտանեանի հետ:

Շնորհաւորելէ ետք նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն, Ֆրենժիէ լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող հարցերուն, ուր կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներու շուրջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել