ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան Ուժերու Սրբագրական Շարժումի Պատուիրակութիւններն Ու Նախարար Ալեն Հաքիմը

ազդակՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասսատ Հարտան, քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Քանսօ, երեսփոխան Մարուան Ֆարես, Ղասսան Աշքար, Ուաէլ Հասանիէ, Քայսար Օպէյտ, Մաան Համիէ, Քասեմ Սալեհ, Նեժիպ Խնայսեր, Սըմաան Խարրաթ եւ Անթուան Եազպեք:

Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն: Ան աւելցուց, որ նման պայմաններու ընթացքին շնորհաւորել կը նշանակէ հաստատել հիմնական պատասխանատուութիւնները ստանձնելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը մտահոգ են Լիբանանի կացութեամբ:FotorCreated

«Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանան կարիք ունի մեծ թիւով իմաստուններու, ինչպէս նաեւ կարիքը ունի ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը, սկսեալ հանրապետութեան նախագահութենէն, մինչեւ կառավարութիւն, խորհրդարան եւ ապահովական, զինուորական ու վարչական հաստատութիւններ», ըսաւ Հարտան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը խիստ կարիք է եւ այդ մէկը պէտք է ապահովուի պետական հաստատութիւններուն կողմէ, ըլլան անոնք ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային հաստատութիւններ:

Հարտան շեշտեց, որ երկրին իշխանութիւնները ստանձնող քաղաքական ուժերը ժողովրդավարութիւնը մարմնաւորող կուսակցութիւններ են, իսկ մենք` իբրեւ Ղովմի կուսակցութիւն եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մարմնաւորենք ժողովրդավարական հոլովոյթին գործադրութիւնը եւ միասնաբար կը ստանձնենք երկրին նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնները:

Հարտան ընդգծեց, որ իրենք երկիրը քանդող եւ ժողովուրդը սպաննող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կը զօրակցին, յատկապէս երբ այդ ահաբեկչութիւնը կը վայելէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ այս երկու երկիրներուն պատմութիւնը հարուստ է արիւնալի դէպքերով, ահաբեկչութեամբ, սպանդներով եւ ցեղասպանութեամբ:

Հարտան իր խօսքը եզրափակեց բարեմաղթութիւնները փոխանցելով Հ Յ Դաշնակցութեան` շեշտելով իրենց միջեւ ամրապնդուած եւ հեզասահ յարաբերութիւններու գոյութիւնը:

Իր կարգին, Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց Ղովմի կուսակցութեան այցելութեան համար` վերջինիս հետ յարաբերութիւնը որակելով բարեկամական եւ անկեղծ յարաբերութիւն մը, որ սովորական քաղաքական յարաբերութենէ մը աւելի է եւ գաղափարական յարաբերութեան եւ գաղափարական աշխատանքի վրայ հիմնուած է:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային ներկայ հարցերը, որոնց մասին երկու կողմերը կը բաժնէին նոյն տեսակէտները:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ երկու կողմերը շեշտեցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը եւ քննարկեցին կառավարութեան աշխատանքին ու ապրուստի խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է եւ ոչ թէ աղէտ մը, որ կարելի է մոռնալ: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է կարեւորութեամբ մօտենան այս հարցին եւ զարկ տան իրենց հաւաքական յիշողութեան` տեսնելու համար, որ Օսմանեան պետութիւնն ու Թուրքիան սպանդի ենթարկած են Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը:

«Այսօր անոնք նոյնպէս սպանդներ կը գործեն, իրենց սահմանները բանալով հաւատադրժողական եւ ահաբեկչական շարժումներուն դիմաց, որպէսզի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ սպանդներ գործեն», ըսաւ ան` մաղթելով, որ լիբանանցի գործընկերները Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ցեղասպանութեան 100-ամեակը չօգտագործեն ներքին քաղաքական նպատակներով:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին այցելեց Լիբանանեան ուժերու սրբագրական շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որ իր շնորհաւորութիւնն ու բարեմաղթութիւնը ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունի ընդունեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանցիները յուզող տնտեսական եւ ապրուստի շարք մը հարցեր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել