Խմբագրական. 100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

FotorCreatedԸնդհանուր դիտարկումը կը յուշէ, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան օրերուն հասկնալիօրէն ցեղասպանութեան հարցի արծարծման շատ տեղ ու առիթ չունէր: Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ յայտնուած ինքնավար մարզը նման համարձակութեամբ հանդէս գալու վտանգի հետեւանքներուն կշռաչափումով այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելէ կը խուսափէր: Անկէ ետք արդէն Արցախի ազատամարտն էր եւ ըստ էութեան ինքնորոշման իրաւունքը հայութիւնը կը փրկէր երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Պաքուն փաստած էր այդ վարկածի արցախեան անմիջականութիւնը:

100-ամեակի իւրայատուկ նշումի ծրագիրներ նախատեսուած են Արցախի մէջ: Նախագահական մակարդակով կազմակերպուող ձեռնարկները նկատի ունեցած են գիտաժողովներ, քննարկումներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ: Այստեղ ցեղասպանական քաղաքականութեան կը ներառուին նաեւ 1920-ի Շուշիի ջարդերն ու 20-րդ դարու վերջաւորութեան Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Շահումեանի մէջ ազրպէյճանական եղեռնագործողութիւնները: Տարին ուրեմն, Արցախի համար եւս յագեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին յատկացուած աշխատանքներու ժամանակացոյցով: Յատկանշականը այս բոլորին մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակին յատկացուած յուշակոթող-զանգակատան կառուցումն է: Պաշտօնապէս յայտարարուած է արդէն, որ այնտեղ պիտի զետեղուին Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ յատկացուած նահատակներու մասունքները:

Վերը նշուած պատճառներով` ցարդ ստեղծուած հիմնական բաց մը համարժէքօրէն կը լրացուի այս ձեւով եւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին սրբավայր-յուշակոթող մը:

Ձեռնարկներուն եւ շինարարական ծրագիրներուն առընթեր կայ բնականաբար քաղաքական երանգներ պարփակող բաժին: Պատահական չէ, որ Արցախը 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած գիտաժողովներուն եւ քննարկումներուն ներառած է Պաքուի կողմէ սանձազերծուած ջարդերը: Այստեղ հարցը չի վերաբերիր միայն հանրային կարծիքը ճիշդ կողմնորոշելուն, թէ արցախահայութեան կը սպառնայ երկրորդ ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ պայքարելու ազրպէյճանական խեղաթիւրումներուն եւ ապատեղեկատուութիւններուն դէմ: Աւելի ճիշդը, թուրքեւազրպէյճանական միացեալ մեքենայի արտադրանքներուն միջազգային շուկայի մէջ գնողական արժէքի անկման:

Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք գիտաժողովներուն ընթացքին երրորդ կողմի պատմաբաններուն եւ ցեղասպանագէտներուն Խոջալուի ընդհարումներուն մասին առարկայական եւ սկզբնաղբիւրային նիւթեր տրամադրելը գլխաւոր առաջադրանք է Արցախի իշխանութիւններուն համար:

Խոջալուն շահարկման նիւթ է ինչպէս Պաքուի, այնպէս նաեւ Անգարայի համար, որ «ցեղասպանութիւն ընդդէմ ցեղասպանութիւն» սպառած խաղին կառչած կը մնայ: Խոջալուի հեքիաթի հիւսման համար Անգարայէն ստացած օժանդակութեան դիմաց Պաքու կը փոխհատուցէ Կալիփոլիի 100-ամեակի նշման աշխուժ եւ բարձրագոյն մակարդակի մասնակցութեամբ:

Նախադրեալները կը յուշեն նաեւ, որ Խոջալուի ընդհարումներուն շահարկումը դուրս կու գայ իսլամական երկիրներու վեհաժողովներէն եւ կը փորձէ մուտք գործել միջազգային կառոյցներ: Ահա այստեղ է, որ ոչ միայն Պաքուին համար, այլեւ իր իսկ շահերէն մեկնելով Անգարան զայն կ՛օգտագործէ ժխտողականութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ հայերուն կողմէ իր կրտսեր եղբօր դէմ գործադրուած «ցեղասպանութիւն»-ը տարածելով:

Խոջալուի միջազգայնացման նկրտումներուն դէմ պայքարելու համար հայկական աշխարհը չէզոքացման քարոզչաքաղաքական գործողութիւններն ու հանրային կարծիքը ճիշդ ուղղութեամբ կողմնորոշելու միտուած աշխատանքները պիտի համադրէ Ստեփանակերտի հետ. ոչ միայն տեսանիւթեր, արխիւներ շրջանառութեան մէջ դնելով եւ հասանելի դարձնելով հեղինակաւոր միջազգային կառոյցներուն թէ լրատուամիջոցներուն, այլ նաեւ քաղաքական լոպիիստական աշխատանքները համակարգելով:

Անգարան նախապայմանային իր քաղաքականութեան մէջ հայ-թուրք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացն ու արցախեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները կը փոխկապակցէր:

Փոխկապակցութիւն կա՛յ այո՛, երկու թղթածրարներոն միջեւ, սակայն հայկական դիտակէտի տարբերակով: Հայութեան ինքնորոշման եւ պատմական իրաւունքներու վերականգնումը համազգային առաջադրանք է հռչակագիրով ամրագրուած: Իսկ 100-ամեակին առիթով Ստեփանակերտի մէջ կանգնելիք յուշակոթող-զանգակատունը լաւագոյնս կը խորհրդանշէ հայութեան իրաւունքներու փոխկապակցուած ամբողջականութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել