Ակնարկ. Հռչակագիրները` Փոխլրացուցիչ

E andreasՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը ներհայկական առումով քննարկման առարկայ չէ: Հաւանաբար հիմնական պատճառը այն է, որ բաւական ուսումնասիրուած, հայրենի պետական-հասարակական, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան բոլոր շրջանակներուն համաձայնութիւնը ստացած փաստաթուղթ է, հետեւաբար ալ հիմնական առարկութիւններու տեղ չկայ: Հռչակագիրը ոչ միայն իբրեւ բովանդակութիւն, որ ներառած է պատմական, քաղաքական եւ իրաւական հիմնադրոյթներ եւ այդպիսով ներկայացուցած ուղենշային նշանակութիւն, այլ նաեւ իբրեւ համահայկական համաձայնութիւն վայելող փաստաթուղթ աննախադէպ է:

Հռչակագիրի հետեւողական ընդդիմախօսը հանրապետութեան առաջին նախագահն է, որուն համաձայն հայ-թուրք յարաբերութիւններու չկարգաւորուիլն ու արցախեան հակամարտութեան անլոյծ մնալը`

– կը խոչընդոտեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման,

– կը խափանեն Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանային տնտեսական ծրագիրներուն մէջ,

– Հայաստանը կը զրկեն արտասահմանեան ընկերութիւններուն կողմէ ներդրումներ կատարելու գրաւչութենէն,

– պետական առանց այդ ալ ողորմելի պիւտճէէն զգալի գումարներ կը պահանջեն ռազմական ծախսերուն համար,

– կը խթանեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան արտագաղթը, ինչ որ արդէն իսկ վերածուած է ժողովրդագրական աղէտի,

– կը բարդացնեն Հայաստանի յարաբերութիւնները աշխարհի գրեթէ բոլոր, նոյնիսկ բարեկամ պետութիւններուն հետ:

Ուրեմն Համահայկական հռչակագիրը կը խոչընդոտէ այս խնդիրներու յաղթահարումը, կը հակասէ Անկախութեան հռչակագիրին եւ ատով իսկ կը վերածուի ըստ էութեան արկածախնդրական քայլի, որ միայն կրնայ վնասակար հետեւանքներ ունենալ հայրենիքին: Պահ մը զանց առնենք մնացեալ քննադատութիւնները, որոնք քաղաքական անգրագիտութեամբ կը բացատրեն հռչակագիրը խմբագրողները կամ պետականազուրկ հայութեան մտածողութեան տուրք տալու մտադրութիւնը կը տեսնեն անոր տողերուն մէջ կամ ալ ընդհանրապէս կը հեգնեն իբրեւ թէ օտար երկիրներու հասկնալի վերաբերումը հայութեան ցուցաբերած զգացականութեան նկատմամբ: Կեդրոնանանք Անկախութեան հռչակագիրին եւ Համահայկական հռչակագիրին միջեւ Տէր Պետրոսեանի մատնանշած հակասութեան վրայ:

Տէր Պետրոսեան կը մերժէ հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը եւ կ՛ուզէ զայն նորով մը փոխարինել կամ խորքին մէջ ճշդում կատարող փաստաթուղթով մը: Ան չի ճշդեր սակայն բովանդակութեան առանցքային բաժինները: Ենթադրել տալով, որ այն ինչ որ կը խոչընդոտուի այս ձեւով պէտք է վերանայ եւ տեղը գրաւեն իր օրով ցեղասպանութեան կամ ընդհանրապէս հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղութեամբ հայեցակարգային փաստաթուղթերով ամրագրուած բաժինները:

Եթէ հետեւինք այս տրամաբանութեան, այդ կը նշանակէ, որ ցեղասպանութեան հարցը վերստին պէտք է դուրս բերել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն եւ բաւարարուիլ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ այս հարցին մասին բանաձեւուած մասով.

«Հայաստանը սատար է կանգնում 1915 թ. Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Ուրեմն. առարկութիւններու տրամաբանութեամբ, 100-ամեակին կամ ընդհանրապէս, ցեղասպանութեան հարցը վերստին դուրս կու գայ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն եւ հայոց պետութիւնը կը զօրակցի կամ սատար կը կանգնի այլոց կողմէ ձեռնարկուած ճանաչման աշխատանքներուն, ընդամէնը այսքան:

Քննադատական այս մօտեցումներուն մէջ շրջանցուած է նոյն Տէր Պետրոսեանի օրով ընդունուած Անկախութեան հռչակագիրին հետեւեալ կարեւորագոյն բաժինը.

«Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը, արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում® հռչակում է անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը»:

Առաջին նախագահը եթէ Անկախութեան հռչակագիրին ա՛յս բաժինին վրայ կեդրոնանար, եւ ոչ թէ խնամքով անուշադրութեան մատնէր զայն, ապա որեւէ հակասութիւն չէր գտներ Անկախութեան հռչակագիրին եւ Համահայկական հռչակագիրին միջեւ: Աւելորդ է այլեւս մեկնաբանելը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ համայն հայութեան իղձերու իրականացումը եւ պատմական արդարութեան վերականգնումը:

Տէր Պետրոսեան քննադատած է Համահայկական հռչակագիրը եւ յայտարարած, որ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ հանրապետութեան համար. այնպէս ինչպէս ունեցած են, ըստ իրեն Գում Գափուն եւ Պանք Օթոմանը: Հայ ազատագրական շարժման պատմութիւնը հարստացնող էջերը աղէտաբեր բնութագրելով Տէր Պետրոսեան ակամայ (՞) թրքական դասական պնդումները կը հիմնաւորէ, որ զինուած եւ պետութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարող հայերը զսպիչ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան առջեւ էին: Այս տրամաբանութիւնը չի բացառեր, որ սահմանի լարուածութիւնը, Պաքուի կազմակերպած գործողութիւնները թէ Անգարայի ժխտողականութեան թափ հաւաքելը վերագրուին հարցերու կարգաւորումը խոչընդոտող հռչակագիրին:

Հռչակագիրներուն մէջ հակասական որեւէ երանգ չկայ: 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը կը ճշդէ Անկախութեան հռչակագիրով ամրագրուած համայն հայութեան իղձերու եւ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղիներու իրաւաքաղաքական հիմնադրոյթները: Ներհայկական «աւանտուրա» (խնայելու համար արկածախնդրութիւն բառը®)» կ՛ըլլար համահայկական համաձայնութեան արժանացած նման երեւոյթ մը քննադատելը եւ իրար լրացնող հռչակագիրներուն միջեւ հակասութիւններ նկատելը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել