Պահանջելով Ապրիլ 24-ը Հռչակել Լիբանանեան Ազգային Սուգի Օր` «Պիտի Շարունակենք Պահանջել Հարիւր Տարի Ետք Եւս»

«Էն.Պի.Էն» Կայանէն Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

FotorCreated«Պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները հարիւր տարի ետք եւս», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին: Ան վերահաստատեց հայոց պահանջները Թուրքիայէն, նախ եւ առաջ` Թուրքիոյ ճանաչումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան, երկրորդ` իրապէ՛ս եւ ոչ դերասանական կամ ձեւականօրէն` ներողութիւն խնդրել հայերէն եւ երրորդ` ձեռնարկել գործնապէ՛ս հատուցելու հայոց կորսնցուցած հողերը ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլ նաեւ` հետագային: Ան նշեց, որ հայեր իրենց հողերը կորսնցուցին նաեւ Աթաթուրքի շրջանին եւ անկէ ետք, վկայակոչելով 1939-ին Ալեքսանտրէթի հայերուն Այնճար հասնիլը: Այս ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը դատական հայց պիտի յարուցէ Թուրքիոյ դէմ` պահանջելով գրաւեալ Սիսի կաթողիկոսանիստ քաղաքի իր նստավայրը, դիտել տուաւ երեսփոխան Բագրատունի: «Թուրքիա ճիգ չխնայեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու բեկորները բնակեցնել տալու հեռու` հայրենամերձ շրջաններէն` մինչեւ Մատակաշկարի մէջ, ընդմիշտ փակելու համար Հայկական հարցի թղթածրարը: Ան այս գծով 1922-ին փորձեց օրուան Ազգերու լիկային (ներկայիս` ՄԱԿ, «Ա.») մօտ այս միտումով բանաձեւ մը հրապարակել տալ: «Այսօրուան Թուրքիան նոյնինքն օսմանեան Թուրքիան է», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնի հետ կապ չունի, եւ պատմական յետադարձ ակնարկով յիշեց Մեքքէի Շերիֆ Հիւսէյնը, որ յատուկ հրամանագիրով արաբական երկիրներէն եւ ժողովուրդներէն պահանջեց ապաստան տալ ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու բեկորներուն:

Հաղորդավար Ապպաս Տահերի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ շրջանային եւ լիբանանեան ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի գործունէութեան եւ առնչակից հարցերու: «Մենք այս հայրենիքին շատ բան տուինք, զոհեցինք ու աշխատեցանք եւ այսօր ոչ թէ կը խնդրեմ, այլ կը պահանջեմ լիբանանեան կառավարութենէն Ապրիլ 24-ը հռչակել Լիբանանի ազգային սուգի օր», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մարդկային ու լիբանանեա՛ն հարց է նաեւ, եւ յիշեցուց 1916-ին լիբանանցի մտաւորականներու նահատակութիւնը եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին 240 հազար լիբանանցիներու սովամահ ըլլալու պարագան Լեռնալիբանանի մէջ` օրին թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով: Բագրատունի մատնանշեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ներկայի ահաբեկչական զինեալներու գործած քայլերուն մէջ, իբրեւ օրինակ թուելով եզիտիներու պարագան ու Իրաքի եւ յատկապէս Նինուէի մէջ պատահածները: Թուելով, թէ 10-12 հազար սուրիահայեր ապաստանած են Լիբանան, ան հաստատեց, որ անոնք անպայման պիտի վերադառնան: Ան թուեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յատկապէս հայրենիքի եւ ի սփիւռս աշխարհի կազմակերպուելիք ձեռնարկները` հաստատելով, որ այս առիթով բազմաթիւ նախագահներ (Փութին, Հոլլանտ) պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ:

Երեսփոխան Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան իրաւունքներուն, յատկապէս Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ որդեգրուած ընտրական դասաւորումին` զայն անընդունելի գտնելով: Ան վերահաստատեց լիբանանահայութեան եւ յատկապէս ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնը` բոլոր կողմերուն բացուելու գծով` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը կրնայ նպաստել միջքրիստոնէական համախոհութեան` անհաւանական նկատելով սակայն նման քայլի մը իրագործումը գէթ ներկայիս:

Միւս կողմէ, Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հրատապ, յատկապէս ապրուստի եւ ընկերային ու կրթական հարցերու վճռումին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել