Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը ցոյց կազամակերպեց Եւրոպական Միութեան Աթենքի գրասենեկաներուն առջեւ

FotorCreatedՆոյն օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ:

Հինգշաբթի 26 Մարտ 2015ին կէսօրին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները, միանալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններուն, նոյն օրը միասնաբար կազմակերպեցին բողոքի ցոյցեր Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ։ Համահայկական երիտասարդական-ուսանողական ցոյցերը նպատակ ունին միաւորել Հայաստանի և Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները և իրենց միջոցով բարձրացնել հայ ժողովուրդի բողոքի ձայնը։

Օդի աննպաստ պայմանները եւ տեղատարափ անձրեւը անտեսելով, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամները համախմբուեցան հելլէն Խորհրդարանի կից գտնուող Եւրոպական Միութեան շէնքին առջեւ։ Երիտասարդները խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին ու յատուկ պաստարներ բարձրացուցին, որոնց վրայ տեղ գտած էին գրութիւններ` դատապարտելով Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հանդէպ։ Ոստիկանական ուժեր կը հսկէին ցուցարաներուն վրայ։

Յաջորդաբար, երիտասարդներու եռանդամ պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակի պատասխանատու անձի մը հետ ու իրեն յանձնեց պահանջագիրը, որուն նմանօրինակ պատճէնը յանձնուեցաւ նաեւ Եւրոպ. Միութեան տարբեր ներկայացուցչութիւններուն՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ։

Պահանջագրին մէջ կը նշուի թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին թրքական պետութիւնը կը շարունակէ ժխտել ցեղասպանութեան փաստը և կը տանի համաշխարհային քարոզչութիւն պատմական իրողութիւնը աղաւաղելու նպատակով։
Հայ երիտասարդները կոչ կ՚ուղղեն Եւրոպական Միութեան խորհուրդներուն խրախուսել անդամ պետութիւնները՝ ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիււնը և քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու մերժողներուն:

Պահանջ կը ներկայացուի Եւրոպական Միութեան ճնշել Թուրքիան, որպէսզի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը և դիմէ քայլերու՝ բոլոր նիւթական և ոչ նիւթական կորուստներու փոխ հատուցման և հայ ազգի պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ:

Պահանջագիրը կը շեշտէ թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, մենք՝ որպէս վերապրածներու սերունդներ, կը յայտարարենք որ վճռական ենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի և հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն համար մղուող արդար գործին մէջ»։

azator.gr

Տպել Տպել