ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւնները Ցոյցեր Կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան Գրասենեակներուն Դիմաց

FotorCreatedՆոյն օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ:

Հինգշաբթի, 26 մարտ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները միասնաբար կազմակերպեցին ցոյցեր Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն դիմաց: Համահայկական երիտասարդական-ուսանողական ցոյցերը նպատակ ունին միաւորել Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները եւ իրենց միջոցով բարձրացնել հայ ժողովուրդի ձայնը:

Լիբանանի մէջ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները բարձրացուցին պաստառներ` Եւրոպական Միութենէն պահանջելով ճնշում բանեցնել միջազգային ընկերութեան վրայ, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս առիթով ցուցարար հայ երիտասարդները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթին.

«24 ապրիլ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: Արդէն 100-րդ տարին է, որ մենք, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներս, յանուն մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն, կը հետապնդենք մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրի միջազգային ճանաչման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման հոլովոյթը:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ օգտուիլ առաւելութիւններէն այն յանցագործութեան, որ գործուած է իր նախնիներուն կողմէ: Աւելի՛ն, Թուրքիա կը շարունակէ իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը` ժխտելով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ իրականացնելով պատմութիւնը խեղաթիւրելու համաշխարհային արշաւ մը:

Վարձկան քաղաքական լոպիիստներ եւ քաղաքական շանթաժ օգտագործելու թրքական մօտեցումը բացայայտուած է վաղուց:

Իբրեւ հայ երիտասարդներ կ՛ողջունենք Եւրոպական խորհրդարանի վերջին կոչը` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մենք այս դիրքորոշումը կը նկատենք իբրեւ վերահաստատում Եւրոպական խորհրդարանի 1987-ի պատմական որոշումին, որ կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը հաստատէր, թէ «Հայկական հարցը եւ Թուրքիոյ տարածքին ապրող այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերը մաս կը կազմեն Եւրոպական ընկերութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու շրջանակին»:

Մենք կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, յատկապէս` Եւրոպական խորհուրդին, Եւրոպական խորհրդարանին եւ Եւրոպական յանձնաժողովին` պահպանելու Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ սահմանուած բարոյական չափանիշը` ճանչնալով եւ դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մենք Եւրոպական Միութեան ղեկավարութենէն կը պահանջենք խրախուսել միութեան անդամները` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քրէականացնելու անոր ժխտումը:

Մենք Եւրոպական Միութենէն կը պահանջենք ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նախաձեռնէ քայլերու` նիւթական եւ ոչ նիւթական բոլոր կորուստներու փոխհատուցման եւ հայ ազգի պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ:

Մենք կը գտնենք, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, արդարութեան հաստատումը եւ հայ ազգի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը նախապայմաններ պէտք է ըլլան Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախօրեակին, մենք` Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգները, կը հաստատենք, որ աւելի քան երբեք վճռական ենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ Հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու հարցի հետապնդման գործին մէջ»:

ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

26 մարտ, 2015

3-26-15_houn-1Նոյն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամները, միանալով Հայաստանի եւ սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, նոյն օրը կազմակերպեցին ցոյց` Աթէնքի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց:

Յաջորդաբար, երիտասարդներու եռանդամ պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակէն պատասխանատու անձի մը հետ ու իրեն յանձնեց պահանջագիրը:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը եւս նոյնանման ցոյց կազմակերպեց Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց: Ցուցարարները Եւրոպական Միութեան երեւանի գրասենեակին յանձնեցին պահանջագիրը:

Նոյնանման ցոյց կազմակերպեց նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը, որոնք Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց ցոյց մը կազմակերպելով գրասենեակի պատասխանատուներուն յանձնեցին միացեալ պահանջագիրը:

Նշենք նաեւ, որ Քանատայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները Քանատայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան յանձնած են միացեալ պահանջագիրը:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու այս արշաւը շարունակական պիտի ըլլայ: Յառաջիկայ օրերուն նմանօրինակ ցոյցեր պիտի կատարուին նաեւ այլ երկիրներու եւրոպական ներկայացուցչութիւններուն առջեւ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել