100 Տարիէ Ի Վեր Պայքարի Երթը Կը Շարունակուի

Լիբանանեան Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Սեւեռուած` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Ինքնաշարժներով Երթին Վրայ

FotorCreatedԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ` Պուրճ Համուտէն մինչեւ Ժիպէյլ:

«100 տարիէ ի վեր պայքարի երթը կը շարունակուի». այս էր նշանաբանը ինքնաշարժներով երթին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայորդիներ:FotorCreated

Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուրճ Համուտի մայրուղիէն ինքնաշարժները` զարդարուած դրօշակներով եւ 100-ամեակի կարգախօսներով, զուգահեռ ու կարգապահ շարքերով ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլ:

Հայաստանի, Լիբանանի եւ Արցախի դրօշակները տրամադրեցին ԼԵՄ-ականները, որոնք նաեւ ինքնաշարժներու երթը կարգաւորեցին եւ առաջնորդեցին մասնակիցները դէպի ձեռնարկին վայրը:FotorCreated

Ինքնաշարժներով երթը ընթացաւ կատարեալ կարգապահութեան մթնոլորտի մէջ: Ամբողջ երթուդարձին ընթացքին ոչ մէկ դէպք արձանագրուեցաւ: Ամբողջ ծովեզերեայ մայրուղին երթին տեւողութեան յաճախ անշարժացաւ: Երթը խլեց տեղացի բազմահազար ուղեւորներուն ուշադրութիւնն ու հիացմունքը: «Վանայ ձայն»-ը իր կարգին անմիջական տեղեկութիւններ սփռեց երթի ընթացքին մասին: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, երթին մասնակից ինքնաշարժներուն թիւը գնահատուեցաւ 500-ով:

Ժիպէյլի մուտքին Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ դիմաւորեց հիւրերը եւ ժողովուրդը: Անոնք միասնաբար, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մոմերով հասան Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ, ուր զետեղեցին 2 ծաղկեպսակներ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով:

Ապա մասնակիցները ուղղուեցան «Թռչնոց բոյն», ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ոգեկոչման ձեռնարկը: «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, հաստատութեան հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի յուշաքարին առջեւ ծաղկեպսակ մը եւս զետեղուեցաւ:FotorCreated

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր արք. Աշըքեան, Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ապպաս Հաշեմ, Ժիպէյլի գաւառապետ Նաժուա Սուէյտան, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ եւ Ժիպէյլի շրջանի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Պէյրութէն եւ Ժիպէյլէն քաղաքացիներու հոծ բազմութիւն մը:FotorCreated

Այս առիթով ՀՅԴ Ժիպէյլի «Քեռի» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Յակոբ Կարապետեան: Ապա քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Սագօ Մարտիրոսեան:

Ան ըսաւ. «Մենք այսօր այլեւս ողբը կամ կեղեքումը ապրող սերունդը չենք, այսօր ներկայ ենք հոս, այս նոյն հողին վրայ, որ ընդունած էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը, մենք այստեղ ենք, որպէսզի անգամ մը եւս թուրքին յիշեցնենք, որ մենք սպաննուեցանք, բայց չմեռանք, այլ ուժեղ կամքով յարութիւն առինք ու գոյատեւեցինք մեր լեզուով, դպրոցով, եկեղեցիով, ակումբով եւ մշակոյթով, բայց մանաւանդ մեր ազգային արդար իրաւունքները վերականգնելու վճռակամութեամբ:

Սագօ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ինքնաշարժներու խաղաղ երթին յայտնեց, որ նպատակը ցոյց տալն է լիբանանեան հանրային կարծիքին, որ մենք պահանջատէր ուղեւորներ ենք մեր դատի ճամբուն վրայ եւ պիտի շարունակենք ապրիլ իբրեւ այդպիսին:

Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ ողջունեց հայ ժողովուրդը, որ յաղթահարելով իր վէրքերն ու ցաւերը, յաջողեցաւ վերստին ոտքի կանգնիլ: Ան ըսաւ, որ «Թռչնոց բոյն»-ը ոչ միայն Ժիպէյլի մէջ հայերուն տունն է, այլ նաեւ` իւրաքանչիւր ժիպէյլցիի 2-րդ տունը, որ ամրագրուած է իւրաքանչիւր ժիպէյլցիի ու լիբանանցիի յիշողութեան ու էութեան մէջ:

Հաուաթ ընդգծեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը «մեզի համար կարեւոր է իր պատմութեամբ, իր տեսած տառապանքներով, անոր մէջ 100 տարիներէ ի վեր գտնուող որբերով եւ այսօր այդ ցաւերը մարմնաւորող թանգարանով, որուն բացումը միասնաբար պիտի կատարենք յառաջիկայ յուլիս ամսուան ընթացքին»: Ան նաեւ նշեց, որ Ժիպէյլի հայութիւնը քաղաքի սիւներէն մէկն է, իսկ իրենք այդ սիւներէն ոչ մէկը կը լքեն: Հաուաթ ըսաւ, որ Ժիպէյլի հայերը քաղաքի բարգաւաճման աշխատանքին մէջ հիմնական գործընկերներ են:FotorCreated

Ապա խօսք առաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, որ հարց տուաւ. «Ե՞րբ իրաւունքին պիտի վերատիրանանք, ե՞րբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ տեղի ունեցած ոճիրները` ցեղասպանութիւնը, հաւաքական տեղահանութիւնը, որ սկիզբ առաւ 24 ապրիլ 1915-ին»: Ան ըսաւ որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը բաղդատենք մեր ներկայ ժամանակաշրջանին հետ, մեզի կը թուի, թէ ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարախօսութիւնը հիմնուեցաւ 1915-ին` Հայոց ցեղասպանութեան միջոցով: Ապի Ռամիա նշեց, որ «մենք պիտի չհանգչինք, մինչեւ օր Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը ճանչնայ հայութեան դէմ գործած Ցեղասպանութիւնը»: «Յանուն Ժիպէյլի երեսփոխաններուն, ժողովուրդին եւ ընտրեալ պաշտօնատարներուն, ձեզի կը յայտնենք, ո՛վ մեր եղբայրներ եւ սիրելի հայեր, որ մենք ձեզի հետ ենք, երէկ, այսօր եւ վաղը, եւ կը հաւատանք յարութեան», ըսաւ Ապի Ռամիա:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Աշգարեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915-ը անկիւնադարձային եւ ճակատագրական օր մըն է հայ ժողովուրդին համար: Անիկա եղաւ խորհրդանշական օր` դէպի գողգոթայ հայ ժողովուրդի երթին մէջ: Հայ ժողովուրդը նախապէս ալ ճաշակած էր Թուրքիոյ հալածանքը եւ Օսմանեան բռնատիրութիւնը:

Աշգարեան նշեց, որ 100 տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իր Դատին արդար լուծումը, իր իրաւունքները, կառավարութենէ մը, որ հիմնուած է լուսաւոր քաղաքակրթութիւններուն փլատակներուն վրայ: «Հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իր իրաւունքը եւ պատրաստ չէ իր սուրբ իրաւունքէն զիջում կատարելու: Ո՛չ կ՛ըսենք անիրաւութեան, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան նոր ծրագիրներուն», ընդգծեց Րաֆֆի Աշգարեան:

Րաֆֆի Աշգարեան աւելցուց, որ արդէն ժամանակն է, որ շրջանի ժողովուրդները միանան նախ եւ առաջ Հայ դատին արդարութիւն պահանջելու համար: Արդէն ժամանակն է, որ երեւան հանենք իսկական դէմքը այն հրէշին, որ դարերէ ի վեր խուսանաւում կը կատարէ եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին հետ կը խաղայ, մերթ ցեղասպանութիւն կատարելով եւ մերթ` սադրանքներով:

Ժիպէյլի մարոնիներու համայնքի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս իր սրտի խօսքը ուղղեց այս առիթով եւ ըսաւ. «Կը խոնարհինք մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ այն ժողովուրդին առջեւ, որ մոխիրներէն դուրս գալով վերապրեցաւ եւ կը շարունակէ իր պայքարը»:

Ան յատուկ կերպով շեշտեց, որ ժամանակը հասած է, որ Լիբանանն ալ պահանջէ հատուցում թուրքերէն` նկատի ունենալով, որ իրենք ալ իրենց կարգին տուժած ենք Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին:

Միշել Աուն եպիսկոպոսը հայ ժողովուրդի վերապրումը նմանցուց Քրիստոսի յարութեան` յայտնելով, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն ետք Քրիստոսի նման յարութիւն առաւ, եւ լիբանանցիները վկայ են այդ դէպքին:

Իր խօսքին աւարտին ան բոլոր քրիստոնեաներուն կոչ ուղղեց նշելով. «Այսուհետեւ պիտի չյանձնուինք, պիտի չմոռնանք, պիտի չվախնանք, մեր պատմութիւնը մեզի չ՛արտօներ յուսահատութիւն, եւ բոլորս միասնական ճիգերով, իսլամ-քրիստոնեայ միասնաբար դէմ պիտի դնենք բոլոր այն ուժերուն, որոնք կը փորձեն քայքայել լիբանանեան հայրենիքը»:

Աւարտին ան մէջբերեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին խօսքը Լիբանանի մասին, ուր սրբազան քահանայապետը կ՛ըսէ, թէ Լիբանանը լոկ երկիր մը չէ, այլ առաքելութեան եւ իրարու ձեռք երկարելու ու համակեցութեան երկիր է»:

Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը ուղղեց վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը` Նորայր արք. Աշըգեան, որ ըսաւ, թէ այսօր, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, թրքական կառավարութեան կ՛ըսենք, թէ պէտք չունինք խօսելու այս ոճիրին մասին, որ 1915 թուականին, ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ:

Աշըգեան սրբազանը յայտնեց, որ հրատարակուած են հարիւրաւոր փաստաթուղթեր Ցեղասպանութեան մասին եւ շարք մը երկիրներ պաշտօնապէս ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը: Պատմութիւնը անցեալ չէ, այլ իրականութիւն եւ անիկա կը շարունակուի մնալ: «Ցեղասպանութեան 100-ամեակը առիթ մըն է հայ ժողովուրդին համար` իր հաւատքը խորացնելու, յիշելու 1,5 միլիոն նահատակները եւ հաւատարմութիւն յայտնելու անոնց կտակին, ինչպէս նաեւ ամրացնելու հաւաքը եւ կորովը մեր ժողովուրդին», ըսաւ սրբազան Աշըգեան:

Ան աւելցուց, որ ոչ միայն մեր արաբ քոյրերը եւ եղբայրները մեզ ընդունեցին եւ մասնակից դարձուցին իրենց հայրենիքին, այլեւ զօրակցեցան Ցեղասպանութենէն ետք մեր մղած պայքարին:

Ապա Նորայր արք. Աշըգեան նաեւ հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը կ՛աշխատի եւ կը պայքարի նոյն եւ մէկ կամքով, ինչպէս նաեւ կը քալէ նոյն եւ մէկ ճամբով, ոչ թէ դէպի մահ, դէպի Տէր Զօր, այլ դէպի կեանք, դէպի միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստան:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով Մարիա Մարտիրոսեան արաբերէնով ասմունքեց «Հայ եմ ես» («Քուլլունա Արման») բանաստեղծութիւնը, իսկ Յարութ Լափաճեան մեկնաբանեց 2 երգ:

aztagdaily.com

Already in JbeilThousand Lebanese Armenian Youth during #ArmenianGenocide convoy…Join us now in JBEIL old City.

Posted by Armenians in Lebanon on Wednesday, April 1, 2015

Տպել Տպել