«Ազդակ»ի Խմբագրական. «Վատիկան Գործողութիւն»-ը Եւ Ցեղասպանութիւններու Համեմատութիւնը

FotorCreated12 ապրիլին Վատիկանի մէջ արձանագրուածը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդհանուր շրջագիծին մէջ կարելի է բնորոշել իրադարձային հանգամանքով: Հայկական գործօնը` իր պետական, հոգեւորական եւ դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներով ծրագրաւորուած եւ համակարգաւորուած արդիւնաւէտ աշխատանքի մը արգասիքը ապահովեց անցեալ կիրակի քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոնատեղիին մէջ:

Յետադարձ հայեացք մը կրնայ բացատրողական ըլլալ մեկնաբանելու համար մեր երկրի նախագահին դէպի Վատիկան ու Հռոմ կատարած այցելութիւնները, Վատիկանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հաստատելու, արտակարգ ու լիազօր դեսպան հաւատարմագրելու, հայկական արուեստի, մշակոյթի բարձրորակ ցուցադրութիւններ կազմակերպելու. տակաւին` հայ կաթողիկէ համայնքի կամրջումի դերակատարութիւնը, վեհափառ հայրապետներու մասնակցութիւնն ու բարձրացուցած հարցերու եւ պահանջատիրական ու իրաւատիրական համազգային առաջադրանքները համայն աշխարհին լսելի դարձնելու իրողութիւնները:

Այս բոլորը անառարկելի իրականութիւններ են, որոնց արգասիքը համապարփակ եւ փոխլրացուցիչ աշխատանքներու պարունակին մէջ պէտք է տեսնել` նկատելով նաեւ Վատիկանի մէջ արձանագրուած Համահայկական հռչակագիրի ճշդած առաջադրանքներու միջազգային լուսարձակման փաստը:

Իրաւամբ, Վատիկանը ազդանշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախաձեռնուած նշումներու ամէնէն տարողունակ եւ միջազգային մակարդակի վրայ ամէնէն արձագանգող հանգրուանը: Մինչ այժմ: Այս կը նշանակէ, որ առնուազն միեւնոյն բարձրակէտին վրայ մնացող այլ կարեւոր իրադարձութիւններ եւս կ՛իրականանան մինչեւ ապրիլ 24-ը:

Վատիկանի գործողութեան դիտարկման մէջ գուցէ օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ դիտարկել քաղաքական այժմէական հնչեղութիւն ունեցող այլ երեւոյթներ եւ հանգամանքներ եւս: Թրքական կարծր հակազդեցութեան շարունակականութիւնը նախ եւ առաջ կրնայ մեկնաբանուիլ հերթական հակազդեցութիւն` ցեղասպանութեան հերթական ճանաչումին առիթով: Նման ընթացքներու, արդէն սովոր ենք ակնկալելու, որ հռետորութեան շեշտերը կը նուազին եւ տուն կանչուած դեսպանը անաղմուկ կը վերադառնայ իր աշխատանքին:

Թերեւս նախապէս իմանալով նման քայլի անարդիւնաւէտութեան մասին, թրքական իշխանութիւնը կը կատարէ այն, աւելի շուտ հետագայ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կանխելու ցանկութեամբ:

Անգարայի ցուցադրած զգուշացումն ու կոպիտ արձագանգումը կը թուի, որ միայն ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումին չի վերաբերիր: Ֆրանչիսկոս պապին խօսքին հետեւեալ բաժինը կը ներկայացնէ որոշակի դիտարժանութիւն:

«Այսպէս. մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելիութեան համար դաժանօրէն կը սպաննուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, ողջ-ողջ կը հրկիզուին, կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է»:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այս զուգահեռը գծելը ամէնէն հզօր հարուածն է հասցուած Անգարային: 20-րդ դարու առաջին եւ 21-րդ դարու մերօրեայ ցեղասպանութիւններու համեմատութիւններով, Ֆրանչիսկոս պապը խորքին մէջ զուգահեռ կը գծէ անցեալի ցեղասպանին եւ այսօրուան ցեղասպաններուն միջեւ եւ իրականացուցած ջարդերով, տեղահանութիւններով եւ սպանդներով կը նոյնացնէ զանոնք:

Կը թուի, որ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ իրականացուած ցեղային զտումներու ետին այս ձեւով կը տեսնուի Օսմանեան կայսրութեան ներկայ ժառանգորդը, որ կը զինէ, կ՛աջակցի եւ կը ֆինանսաւորէ ցեղային զտումներ գործադրողները:

Ցեղասպանութեան մասին Վատիկանի մէջ գտնուող արխիւներու բացայայտման մասին լուրերը, եզրի օգտագործման եւ չօգտագործման թէականութեան շրջանառութիւնը եւ տակաւին Ծիծեռնակաբերդ պապին տալիք այցելութեան շուրջ ստեղծուած անորոշութիւնը այս ձեւով շրջուած են: Իրերը կոչուած են իրենց անուններով եւ հարցին միջազգայնացման համար կատարուած է ժամանակակից ցեղային զտումներու հետ համեմատութիւններ:

Վատիկանի կողմէ Ցեղասպանութեան հարցի բարձրաձայնման նման առաստաղի բարձրացումը մտածել կու տայ, որ պատմական ճշմարտութեան ճանաչման եւ դատապարտման իրականութեան առընթեր, կայ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի մը ապաքրիստոնէացման գործընթացին ետին կանգնած ուժին մատնացոյց ընելը, դատապարտելը: Միեւնոյն պատասխանատուն տեսնելը:

Այսօր եւս կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը լռութիւնն է: Պապին այս յայտարարութիւնը համահունչ է հայկական կողմի որդեգրած մօտեցումին: Ճանչնալ ու դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի չկրկնուին նոր ցեղասպանութիւններ:

Սկզբունքային այս մօտեցումները հայկականէն միջազգային անցումի քայլ կը կատարեն: Վատիկանը ա՛յդ կը հաստատէ:

Ընդհանրապէս, համաշխարհային այն մեծ արձագանգը, որ ներկայիս կը դրսեւորուի միջազգային քաղաքական, կրօնական, մշակութային, քարոզչական բեմերուն վրայ, մտածել կու տայ, որ գուցէ այս ամէնը նաեւ անուղղակի դրսեւորուած վերաբերմունք է թրքական վարքագիծին ի պատասխան: Ինչ որ այս պարագային կրնայ ունենալ հետագայ աւելի հեռուն տանող զարգացումներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել