«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

FotorCreatedՎարագոյրը բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ստեղծած քաղաքական մթնոլորտին վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուածները, տոմինոյի ազդեցութեան տեսութեամբ առարկայացած ճանաչումներու, դատապարտանքներու եւ համապատասխան յայտարարութիւններու արշաւը կը յուշեն նախադրեալներ` շարունակականութիւն ապահովելու:

100-ամեակը լաւ առիթ էր առնչուած պետութիւններուն համար կարմիր քարտը ցոյց տալու Անգարային: «Կա՛նգ առ» ըսելու նոր օսմանականութեան յոխորտանքով աշխարհաքաղաքական ուժի վերածուելու նկրտումներ դրսեւորող եւ արեւմտեան ուժերու վերահսկողութենէն դուրս եկող կրօնական ծայրայեղականութեան տիրութիւն ընող Թուրքիոյ:

Պէտք է առանձնացնել այս բոլորին մէջ Գերմանիոյ օրինակը, որ նախագահի մակարդակով նախաբանը կատարեց եւ ուղենշեց խորհրդարանին կողմէ քուէարկուելիք բանաձեւը: Այստեղ անշուշտ մասնակցութեան, աւելի ճիշդը մեղսակցութեան ինքնախոստովանանքը կայ եւ բանաձեւին նշանակութիւնը կը բազմապատկէ, իբրեւ ցեղասպան պետութեան դաշնակից եւ յանցակից պետութեան ճանաչում եւ պատասխանատուութեան ստանձնում:

Յիշեցման կարգով. 24 ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ յայտնեց. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն, ինչ որ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր»: «Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ»:

23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ` մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան` Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրագործուածը բնորոշեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո՛, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որով 20-րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններու նմանութեան մասին», ըսաւ Գերմանիոյ նախագահը:

Նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւններէն ետք, ճիգ չ՛ուզեր ենթադրելը, որ խորհրդարանը ի՛նչ տեսակ բանաձեւ պիտի որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Կալիփոլիի արարողութիւններուն չմասնակցիլը, եւ Անգարայէն կատարուած` եզրը չօգտագործելու դիմումներուն անպատասխան մնալը կը վերահաստատեն քաղաքական այն մթնոլորտը, որուն հիման վրայ կը սպասուի բանաձեւը:

Գերմանիա սակայն ցեղասպանութիւն հատուցելու ռահվիրայ պետութիւնն է: Այս պատճառով ալ Անգարային ամէնէն շատ կ՛անհանգստացնէ Գերմանիոյ նման դիրքորոշումը: Բոլոր պետութիւններէն առաջ պաշտօնական Պերլինը ի՛նք գիտէ ցեղասպանութեան եզրին իրաւական նշանակութիւնը եւ անոր հատուցման հետ փոխպայմանականութիւնը:

Տարբեր հարցում է, թէ յանցակից ըլլալու ինքնախոստովանանքը հատուցման կ՛առաջնորդէ՞ պետական միաւորը:

Գերմանիոյ այս յատկանշական քայլը կը հաստատէ, որ եզրին իրաւականութեան իրազեկ պաշտօնական Պերլինը ճիշդ բռնած է Ցեղասպանութեան հարցին աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուելու գործընթացին բազկերակը: Այո՛. վարագոյրը ոչ թէ իջած է, այլ բարձրացած 100-ամեակով սկսած ճանաչումներու արշաւին վրայ:

Հատուցման նախադուռ բացող Գերմանիոյ այս օրինակը կը յուշէ հայկական կողմին գործնապէս անցում կատարելու ճանաչումէն հատուցում: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատը խնդրի իրաւականացման քայլերէն կը նկատուի եւ օրակարգի աշխարհաքաղաքականացման ընդհանուր իրավիճակին մէջ կրնայ առաւելներ արձանագրել, ոչ անպայման անմիջական հանգրուանին:

Նպաստաւոր որեւէ բանաձեւի պարագային հայկական կողմը հասարակական կազմակերպութիւններով, Հայ դատի յանձնախումբերով եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններով երկարատեւ, համակարգաւորուած աշխատանք կը տանի: Մեծ առաւել է, երբ տուեալ երկրին մէջ հայկական դիւանագիտութիւնը կ՛աշխատի արհեստավարժ, նպատակաուղղուած եւ քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ իր դրսեւորած հմտութեան բարձրորակ նշաձողերով:

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան երէկուան դեսպանը նկատառելի եւ անշրջանցելի ներդրում ունի այս արդիւնքին մէջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել