ՀՅԴ-ՌԱԿ Միջկուսակցական համաժողովի յայտարարութիւնը


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակները 6 Նոյեմբեր 2007-ին համախմբուած Երեւանի մէջ, քննարկեցին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած հիմնախնդիրները եւ համաձայնութիւն գոյացուցին համազգային այդ հարցերու լուծման շուրջ խորացնել միջկուսակցական համագործակցութիւնը:

ՀՅԴ-ՌԱԿ միջկուսակցական համաժողովը հաստատեց.

ա. Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիքն է, անհրաժեշտ է արագացնել համայն հայութեան Հայաստանի քաղաքացի դառնալու հնարաւորութիւն տուող օրէնքի կիրարկում:

բ. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող ներկայ վիճակը թերի է եւ ոչ-գոհացուցիչ: Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացումն ու հզօրացումը կյենթադրեն.
Ժողովրդավարութեան ամրապնդում.
Օրէնքի գերակայութիւն եւ համատարած «ամբողջական արդարութիւն» առանց նուազագոյն խտրականութեան.
Եռեակ իշխանութիւններու ամբողջական տարանջատում եւ յատկապէս դատական իշխանութեան կառոյցի արմատական բարեփոխում.
Միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող արդար« ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ.
Եղծումէ եւ կաշառակերութենէն զերծ պետական եւ հասարակական կառոյց.
Պատասխանատու իշխանութիւն եւ պատասխանատու ընդդիմութիւն.
Արտագաղթը կասեցնելու եւ հայրենադարձութիւնը քաջալերելու համար՝ ծրագրուած եւ հետեւողական միջոցառումներու կիրարկում.
Տնտեսութեան զարգացում՝ նոր աշխատատեղեր ստեղծող ներդրումներ խրախուսելու միջոցով: Տնտեսութիւնը զերծել մենաշնորհային ուժերու տիրապետութենէն£ Հնարաւոր դարձնել տնտեսական որակաւոր եւ կայուն աճ երկրի կենսոլորտ ի «բնական հարստութիւններու» ժողովրդագրութեան« հոգեւոր եւ մշակութային՝ ազգային անվտանգութեան եւ մարդկային իրաւանց առողջ նորմերու ապահովումով:

գ. Որպէս արդիւնք Սփիւռքի տասնամեակներու պայքարին եւ նորանկախ Հայրենիքի ճիգերուն« Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնական ճանաչում ստացած է բազմաթիւ երկիրներու« միջազգային կազմակերպութիւններու եւ գիտական ու հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ£ Պետական շրջանակներ եւ միջազգային հասարակական կարծիքը կը քննադատեն Թուրքիան« Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով իր վարած ժխտումի քաղաքականութեան համար£

դ. Թուրքիոյ պաշտօնական հակահայ քաղաքականութիւնը կյարտայայտուի Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ իր թշնամական քայլերով:

ե. Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչումը անպայմանօրէն կ’ենթադրէ նաեւ համապատասխան լիարժէք հատուցում, հայ ժողովուրդի մարդկային հսկայական կորուստին, հայ ժողովուրդէն յափշտակուած եւ աւերուած մշակութային հարստութիւններուն եւ հայութեան կալուածային, ինչքի, ստացուածքներու եւ այլ հարստութիւններու կորուստներուն դիմաց: Սակայն« հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը պայմանաւորող գխաւոր ազդակը անուրանալի կերպով կը հանդիսանայ հայապատկան հողատարածքներու վերադարձը իրենց իրաւատիրոջ, այսինքն՝ հայ ժողովուրդին, Սեւրի դաշնագիրը եւ իրաւական յստակ հիմք ունեցող Ուիլսընեան Սահմանները ընդունելով իբրեւ վաւերական մեկնակէտ: Միջազգային իրաւունքով ամրագրուած հայ ժողովուրդի այս իրաւունքներու ձեռքբերումը կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համահայկական կուսակցութիւններուն միջեւ աշխատանքի համադրում: Արտերկրի մէջ, համահայկական կուսակցութիւնները պէտք է գլխաւորեն եւ համադրեն ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան առնչութեամբ կատարուող աշխատանքները:

զ. Արցախի փաստացի ազատագրումը իրաւականօրէն (de jure) ամրագրելու համար« անհրաժեշտ է տեւապէս հզօրացնել Արցախը: Արցախի հզօրացումը կյենթադրէ սահմանամերձ շրջանները դարձնել անձեռնմխելի, իսկ կենսամակարդակի շօշափելի բարելաւումով, ազատագրուած Արցախի մէջ բնակութիւնը դարձնել առաւել եւս հրապուրիչ: Արցախի հիմնահարցը առաջնային տեղ պէտք է ունենայ մեր ժողովուրդի այսօրուան եւ վաղուան բոլոր ծրագիրներուն մէջ:

է. Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը պէտք է նուիրագործէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ երաշխաւորէ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը:

ը. Ադրբեջան« Թուրքիոյ հետ համադրաբար« ոճրային եւ այլ քայլերով կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը« որոնց հակադարձելու լայն հնարաւորութիւններ ունի հայութիւնը յատկապէս Արտերկրի մէջ£

թ. Հայաբնակ Ջաւախքը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի անվտանգության համար£ Ջաւախքի հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ« որոնք կը սպառնան երկրամասի ժողովրդագրական պատկերի պահպանումին£ Հետեւաբար« անհրաժեշտ է ընկերային« տնտեսական« կրթական« մշակութային եւ այլ բնոյթի օժանդակութիւն փութացնել Ջաւախք եւ ամէն ճիգ ի գործ դնել կենսունակ եւ առոյգ պահելու համար ազգային ոգին: Անհրաժեշտ է նաեւ նպաստել« որ Ջաւախքի հայ երիտասարդութիւնը ջաւախքահայութեան բոլոր իրաւունքներուն մասին իրազեկ ըլլայ եւ քաջալերել որ ան համարկուի Վրաստանի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ:

ժ. Անհրաժեշտ է նաեւ առաւելագոյն չափով Սփիւռքը իրազեկ պահել Ջաւախքի անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին մասին« միաժամանակ« ծրագրեալ եւ հետեւողական հանգրուաններով համաշխարհային ուշադրութեան առարկայ դարձնել ջաւախքահայութեան պարագան:

ժա. Սփիւռքը ակներեւօրէն կը զօրանայ, եթէ համահայկական կուսակցութիւները ազգային միասնականութեամբ ներկայանան, ի խնդիր ազգային խարիսխի հզօրացման: Սփիւռքի ազգային խարիսխը պայմանաւորող գլխաւոր գործօնը ազգապահպանումն է, հետեւաբար պէտք է ջանալ« որ այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուող բոլոր ճիգերը ըլլան միաձոյլ եւ կեդրոնաձիգ: Սփիւռքի ազգային խարիսխի հզօրացումը ուղղակիօրէն կ’ենթադրէ լայնօրէն ընտլանալ Հայրենիքին« մայրենի լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեան, ըլլալու համար հաղորդ ազգային ոգիին, զգացումներուն եւ իղձերուն:

ժբ. Կազմակերպ եւ հզօր Սփիւռքի մը բազմաբնոյթ օժանդակութիւնը Հայրենիքին, անտարակոյս, կ’ըլլայ անհամեմատօրէն աւելի արդիւնաւէտ: Սփիւռքը պէտք է պահուի կազմակերպուած եւ առաւելագոյն չափով հեռու հատուածականութենէ եւ բաժանումի առաջնորդող այլ ազդակներէ: Սփիւռքի մէջ գործող ազգային բոլոր կառոյցներուն ձգտումը պէտք է ըլլայ տնտեսական եւ քաղաքական հզօրանք ձեռք բերել, ընդհանրական միացեալ մէկ ճակատի ներքոյ:

ժգ. Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները առաւել եւս ազդու եւ ներգործօն դարձնելու համար անհրաժեշտ է Հայաստանի մէջ անյապաղ կերպով կեանքի կոչել բացառապէս տուեալ առաքելութիւնը ունեցող յատուկ նախարարութիւն մը:

Վերոյիշեալ հաստատումներէն մեկնելով« ՀՅԴ և ՌԱԿ միջկուսակցական համաժողովը որոշեց.

1. Զարկ տալ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ հզօրացման համազգային ճիգերունª ապահովելով համայն հայութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը այդ նպատակին համար£

2. Հետեւողականօրէն շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի աշխատանքները« որոնց նպատակն է պարտադրել Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու Թուրքիայի Հանրապետութեանª ճանչնալ հայութեան իրաւունքները£ Համադրուած ճիգերով միջազգային հանրութեան մօտ բարձրացնել անժամանցելիութիւնը 1920 Օգոստոս 10ևի Սեւրի դաշնագրով միջազգային ճանաչում գտած հայկական իրաւունքներուն« որոնց իրաւաժառանգորդն է համայն հայութեան հայրենիք Հայաստանի Հանրապետութիւնը£

3. Համագործակցիլ Սփիւռքի առաւել եւս կազմակերպման ի խնդիր եւ բարձրացնել նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անոր կարողականութիւնը£ Այս ուղղութեամբª յատկապէս համագործակցիլ Լիբանանի հայութեան անվտանգութեան եւ քաղաքական ինքնուրոյնութեան պահպանման համար£

4. Արցախի հզօրացումը միշտ պահել որպէս համազգային առաջնահերթ խնդիր եւ նպաստել հիմնահարցի իրաւական կարգաւորման ճիգերուն£ Համակարգուած աշխատանքով շարունակել բացայայտել Ադրբեջանի հակահայ քաղաքականութիւնն ու ոճիրները:

5.Պաշտպանել Ջաւախքի հայութեան քաղաքական ու մարդկային իրաւունքները եւ նպաստել անոր ընկերայինևտնտեսական եւ մշակութայինևհոգեւոր խնդիրներու լուծումին© աջակցիլ Ջաւախքի հայութեանª Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավարութեան ձեռքբերման օրինական պահանջներուն:

6. Համատեղ ճիգերով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ զարգացնել հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ համազգային խնդիրներու լուծման ի խնդիր:

ՀՅԴ և ՌԱԿ միջկուսակցական համաժողովը նաեւ որոշեց կազմել ստորագիր կուսակցութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդ՝ որ կը համակարգէ միջկուսակցական համագործակցութիւնը վերոնշեալ առաջնահերթութիւններուն շուրջ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
6 Նոյեմբեր 2007
Երեւան

Տպել Տպել