«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»…

(Այսինքն՝ Ոչ Օտար Ուժերը)

FotorCreatedՀայաստանի մէջ ելեքտրականութեան սակի բարձրացման հարցը շատ բարացուցական է այն աշխարհին մէջ, ուր վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ’արշաւէ։

Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի (IMF) «օժանդակութիւնները», բոլոր այն երկիրներուն մէջ ուր կատարուած են, կը միտին զօրակցելու բացառապէս դրամատէր խաւին, մեծ ընկերութիւններուն եւ ոչ թէ հանրութեան, ժողովուրդին։ Նշեալ երկու հաստատութիւնները կը քաջալերեն վայրագ սեփականաշնորհումը, ոչ թէ տուեալ երկրի տնտեսութիւնը ոտքի կանգնեցնելու համար, այլ՝ ուժեղացնելու համար բացառապէս սեփական մարզը, միաժամանակ՝ անգիր ու անստորագիր զինակցութիւն մը ստեղծելով տարբեր երկիրներու սեփական մարզի ընկերութիւններուն միջեւ, ստեղծելով դրամատիրական համաշխարհային զինակցութիւն մը (ականջը խօսի Մարքսին, «Աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք» )։ Սա կը կատարուի տուեալ ընկերութիւններուն համար յաւելեալ գումարներ ապահովելու նպատակով։

Այսպէս, կառավարութիւններու կը պարտադրուի վաճառել երկրի, օրինակի համար, հանրային փոխադրութեան համակարգը։ Այս «պարտադրանք»ը շատ յաճախ կը կատարուի խաղի ընդունուած կանոններով։ Այսինքն, մաքուր հայերէնով՝ կաշառքով (որուն երբեմն «շահաբաժին» անունն ալ կու տան…)։ Եւ ուրեմն, քաղաքացին, որ ցարդ կը վճարէր, ըսենք 1 տոլար, հիմա պիտի ստիպուի աւելի՛ վճարելու, որովհետեւ տուեալ ընկերութիւնը այդ համակարգը գնած է ոչ թէ քաղաքացիները տեղէ տեղ փոխադրելու վեհ զգացումներէ մղուած, այլ կարելի եղածին չափ մեծ գումարներ շահելու նպատակով։ Բնականաբար, այս յաւելեալ շահը կամ գումարները կ’ապահովուին՝ ի հաշիւ (եւ ի վնաս) ժողովուրդին։

Այս է, որ կը պատահի Հայաստանի մէջ եւ ասոր դէմ է ժողովրդային այն վճիտ ընդվզումը, որուն ականատես կ’ըլլանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ։

Վճիտ կ’ըսենք, որովհետեւ ահաւասիկ շաբաթէ մը ի վեր կը շարունակուին ցոյցերը եւ բողոքի այդ մասնայատուկ թիրախէն շեղում չկայ, գինիին մէջ ջուր խառնել չկայ, օտար պատեհապաշտ ուժերու միջամտութեան համար նպաստաւոր ենթահող ստեղծելու միտում չկայ։ Լարուածութիւն կամ յարձակապաշտ ու քանդիչ ոչ մէկ քայլի ականատես եղանք։ Ընդհակառակը, ցուցարարներուն մէջ զոյգ մը, շատ հանգիստ ձեւով կը համբուրուէր, խաղաղ ցոյցին իսկական ոգին ցուցաբերելով։
Աչքառու էր նաեւ այն, որ ցուցարարներէն ոմանք ցասումով պատասխանեցին քանի մը օտար թղթակիցներու, որոնք իրենց լրատուութեան մէջ փորձած էին քաղաքական երանգաւորում մտցնել, մինչեւ իսկ Քիեւի տխրահռչակ Մայտանին հետ բաղդատական եզրեր փնտռելով։

(Փակագիծ մը. այս իմաստով ալ, «Հայրենիք»ի վերջին խմբագրականին խորագիրը շնորհաւորելի պէտք է նկատել՝ «Ո՛չ թալանին, ո՛չ Մայտանին»)։

Նոյնիսկ այն պահուն, երբ ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներ գործածեց ցուցարարներուն (ներառեալ… համբուրուող զոյգին) դէմ, երիտասարդները պարզապէս ու միայն իրենց միջնեմատերով պատասխանեցին (ա՞յդ ալ չընէին…)։ Բոլորս ալ տեսանք այդ պատկերը։

Ընդվզումի արդար արտայայտութիւն մըն էր նաեւ հետեւեալը։ Երբ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եկած էր Բաղրամեան (իբրեւ թէ ապահովութեան երաշխիք՝ ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ), ցուցարարները «Աշոտեան կորսուէ՛» վանկարկումներով դիմաւորեցին ու «կրթեցին» զինք (անշուշտ «կորսուէ» բառին թրքերէնը գործածելով, բոլորիս շատ ծանօթ…)։ Իսկապէս, ի՞նչ գործ ունէր ելեքտրականութեան սակի բարձրացումին բացայայտօրէն մեղսակից կառավարութեան ներկայացուցիչը հոն։

Այնպէս որ, լաւ կ’ըլլայ, որ իրենց «մտահոգութիւնները» իրենց պահեն ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը, ըլլա՛յ Քրեմլինի բանբերը կամ ռուսական այս կամ այն լրատուամիջոցները։ Հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդի գիտակից երիտասարդութիւնը, ըստ երեւոյթին, լաւ գիտէ թէ ինչ կայ պահուած այդ «մտահոգութիւններուն» ետին։ Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ քաղաքական ի՜նչ տեսակի թոյներով թաթխուած էին Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտի բաժնած «քուքի»ները Մայտանի ցուցարարներուն, 2013ի աշնան։

Ատոր համար ալ, ցուցարար երիտասարդներ (տղաք ու աղջիկներ) Վիքթորիա Նիւլընտին եւս անուղղակիօրէն պատասխանեցին, քաղաքական առողջ բնազդ դրսեւորելով՝ Բաղրամեանի ցուցարարներուն տոպրակներով խաչապուրի եւ շիշերով ջուր բաժնելով։ Անոնք նաեւ «Մենք ենք տէրը մեր երկրի» բացագանչութիւններով շատ յստակօրէն հասկցուցին բոլոր Նիւլընտներուն (Ուաշինկթընի կամ Քրլեմլինի մէջ), թէ սա մե՛ր տունն է, եւ օտարները իրաւունք չունին խառնուելու մեր տան ներքին հարցերուն։

Այս բոլորէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւններուն կը մնայ մէկ բան՝ անդրադառնալ, որ շատոնց սնանկացած է ոչ միայն իրենց վարած ներքին ընկերային ֊ տնտեսական քաղաքականութիւնը, այլեւ՝ այդ վարքագիծը մշակած քաղաքական համակարգը ամբողջ։
Հիմնական լուծումները կրնան գալ համակարգի խորքային փոփոխութիւններէն ետք միայն։ Մինչ այդ սակայն, նախ պէտք է ականազերծել Հայաստանի ներքին ընկերային դաշտը՝ ելեքտրական սակի հարցին ժողովրդանպաստ լուծում տալով, որովհետեւ, վերջին հաշուով, «մե՛նք ենք տէրը մեր երկրի»։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

25 Յունիս 2015
[email protected]

Տպել Տպել