Ակնարկ. Չեթըմ Հաուզի Հրաւէրն Ու Պաքուի Ջղաձգութիւնը

FotorCreatedՊաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու աւարտէն անմիջապէս ետք կ՛ակնկալուէին արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծին կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական վարքագիծին հարազատ դրսեւորումներ, արձակազէններու եւ ներթափանցման գործողութիւններ, կամ նմանատիպ ոտնձգութիւններ:

Կարելի չէր աննկատ ձգել նաեւ այն կանխատեսումը, որ ներհայաստանեան լարուածութեան առընթեր պիտի աշխուժանայ հակառակորդը եւ անպայման պիտի թէժացնէ իրավիճակը շփման գիծին վրայ: Հետաքրքրական էր, որ խաղերու աւարտին զուգահեռ ազրպէյճանական զօրքերը այս անգամ այլ ուղղութեամբ պիտի ինքնադրսեւորուէին:

26 յունիսին, ազրպէյճանական կողմը խախտած էր զինադադարը հայ-ազրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ` հրաձգային տարբեր տրամաչափի զէնքերէն կրակ բանալով Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Գորհայք բնակավայրին մօտ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Իրատեսական ըլլալը կը յուշէ չակնկալել առարկայական գնահատական կատարուածին նկատմամբ` միջազգային կառոյցներէն, միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած հաստատութիւններու համապատասխան բաժանմունքներէն` ընդգծելու համար Պաքուի կողմէ միջազգային համաձայնութիւնները հերթական անգամ խախտելու հանգամանքը եւ ոչ կառուցողական պահուածքը:

ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային հանրային կարծիքին ուղղուած հայկական կողմի պարզաբանումները կրնան շեշտել նաեւ այն իրականութիւնը, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու օրերուն հայկական կողմը, որ կրնար իրավիճակ ստեղծել, փաստօրէն ձեռնպահ մնաց նման գործողութիւններ իրականացնելէ: Այն ինչ որ Պաքուն ըրաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին, որեւէ կերպ իրականացնելու փորձ չըրաւ հայկական կողմը: Ասիկա իբրեւ կարեւոր երեւոյթ անպայման պէտք է յանձնել միջազգային կառոյցներու ուշադրութեան, վերընդգծելու համար ազրպէյճանական ռազմատենչութիւնը, նախայարձակ ըլլալը, միջազգային պայմանաւորուածութիւնները խախտելու իրողութիւնը:

Ռազմական մակարդակի վրայ արձանագրուած այս եղելութիւններէն դուրս, բրիտանական միջավայրին մէջ անուղղակի պատասխան տրուեցաւ Պաքուի դրսեւորած այս վարքագիծին:

Միջազգային յարաբերութիւններու բրիտանական թագաւորական հիմնարկը (The Royal Institute of International Affairs), յայտնի Չաթըմ Հաուզ անունով, 8 յուլիսին կազմակերպած է քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ եւ այդ քննարկումներուն մասնակցելու համար Լոնտոն հրաւիրած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Այս լուրը ի հարկէ ջղաձգութեան մատնած է Պաքուի շրջանակները, որոնք հրապարակային բացատրութիւն կը պահանջեն Չեթըմ Հաուզի վարիչներէն:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Չեթըմ Հաուզը իրօք բաւական ազդեցիկ հիմնարկ է, որուն եզրակացութիւններուն հետ հաշուի կը նստին թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ լրագրական կարեւորագոյն շրջանակներ: Եւ այս առումով Արցախեան հարցին շուրջ կատարուող քննարկումներու եզրակացութիւնները անպայման իրենց արձագանգը կ՛ունենան միջազգային հարթակներու վրայ:

Բայց քաղաքական եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելէն բացի, Պաքուի անհանգստութիւնը կը կայանայ հիմնարկին վայելած պաշտօնական կարգավիճակին վրայ: Միջազգային հարցերով զբաղող թագաւորական հիմնարկ է Չեթըմ Հաուզը, ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ պետականապատկան հաստատութեան մասին է խօսքը:

Խնդիրը ուրեմն, ազդեցիկութենէն եւ քաղաքական ու հանրային կարծիք ստեղծելու բարձր հաւանականութենէն բացի, Չեթըմ Հաուզի ուղարկած հրաւէրն է Արցախի գործող նախագահին: Չեթըմ Հաուզը գուցէ բացատրութիւն տայ, որ հրաւէր չեն ուղղած իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ, բայց այդ մէկը երկրորդական է: Գործող նախագահը հրաւիրուած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կեդրոնի վարիչներուն կողմէ. կեդրոն, որ պաշտօնական է ու պետական եւ որ կը պատկանի բրիտանական թագաւորական համակարգին:

Եւ չափազանցութիւն չ՛ըլլար, որ այս իրականութիւնը մեկնաբանուէր իբրեւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչում:

Չեթըմ Հաուզի հրաւէրը կը յուշէ հայկական կողմին եւ Արցախի Հանրապետութեան տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ գործող ներկայացուցիչներուն եւ հայկական սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններուն նման կեդրոններու մօտ աշխատանք տանելու` նման հրաւէրներ ձեւակերպելու եւ ուղարկելու Արցախի պետական ներկայացուցիչներուն:

Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն գործուղումները, տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները Ստեփանակերտ, նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ արձանագրուող ճանաչման բանաձեւերը եւ այժմ մեծագոյն կկեդրոններու կողմէ պաշտօնական Ստեփանակերտին ամէնէն բարձր մակարդակին յղուած հրաւէրները անպայման կը նպաստեն Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն:

Շփման գիծերու եւ սահմաններու վրայ առաւել եւս պատրաստ ըլլալը հրամայական է: Նման յաջողութիւններ աւելի ջղաձիգ կը դարձնեն Պաքուն, որ անընդհատ պիտի դիմէ զինուորական սադրանքներու:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել