«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ 1

aztagdaily.comkayq5Լիզպոնի արարքը ներազգային առումով հսկայական ուղերձ եւ խորհուրդ կը պարփակէ. բայց անիկա արարք է, գործողութիւն` ուղղուած ուղղակիօրէն Թուրքիոյ: Լիզպոնի արդարահատոյցներուն ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Թուրքիայէն տարածքային պահանջի խնդիրը, հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: «Հող» բառը Լիզպոնի տղոց նկարահանուած ուղերձներուն մէջ կը կրկնուի իբրեւ ազատագրելի տարածք, իբրեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման առաջադրանք:

Ուրեմն, եթէ Լիզպոնը ընկալենք իբրեւ զինուորաքաղաքական գործողութիւն, նպատակը հայոց պատմական հողերու ազատագրումին կը վերաբերի շեշտակիօրէն: Փաստօրէն, Հայ դատի ընկալումի վախճանական նպատակը այդ առաստաղն է, որուն հասնելու համար միջոցներ, հանգրուաններ, ռազմավարական մօտեցումներ, քարոզչական, քաղաքական, իրաւական եւ դիւանագիտական պայքարներ ի գործ կը դրուին` լրացնելու պայքարելաձեւերու ամբողջականութիւնը:

Լիզպոնը եթէ ներազգային առումով հայութեան ներուժի նոր զսպանակում կ՛ապահովէ, ապա Անգարային կը փոխանցէ յստակ երկու պատգամ. հայութիւնը կը շարունակէ պահանջել իր կորուսեալ հայրենիքը եւ այդ պահանջի իրագործման համար պատրաստ է նուիրաբերելու իր առաւելագոյնը:

Լիզպոնի ուժանակներու պայթումին յաջորդ օրը անշուշտ տարածքներու վերադարձի խնդիր պիտի չսկսէր: Բայց Լիզպոնը ելակէտ էր պայքարին անտեղիտալիութեան, պահանջներու անզիջողականութեան: Մնացեալը ժամանակի խնդիր էր:

Ճիշդ է, որ ժամանակը իր ընդհանուրին մէջ անպայման յօգուտ Դատ հետապնդող ժողովուրդներուն չ՛աշխատիր: Լիզպոնը կը պայթէր Ցեղասպանութենէն 68 տարի ետք: Շուրջ եօթանասունամեակ մը եւ արդէն Ցեղասպանութենէն վերապրածներու քանիերորդ սերունդը փորձ կը կատարէր փոխելու Թուրքիոյ պարտադրած խաղի կանոնները: Ցեղասպանութիւնը կարելի չէր ուրանալ, կարելի չէր ժխտել: Կար իր ժողովուրդի իրաւունքներուն իրազեկ ու գիտակից նոր սերունդ, որ պատրաստ էր անմնացորդ պայքարելու հայութեան ազատագրութեան դատին համար:

Լիզպոնը ազատագրական պայքարի նոր ելակէտ էր: Հետեւաբար արդար պիտի չըլլար, որ մեր պատմութեան ամենաժամանակակից դէպքերու ուսումնասիրութեամբ զբաղողները խուսափէին առարկայական գնահատական տալու զինուորաքաղաքական այս եզակի գործողութեան դրդապատճառներուն, անձնազոհերու պատրաստակամութեան, գերագոյն զոհաբերութեան երթալու որոշումին, անոնց ստացած դաստիարակութեան, կազմաւորուած միջավայրերուն եւ ամբարած գաղափարականութեան:

Լիզպոնը համաժողովրդայնացնելու գիտական, քարոզչական եւ քաղաքական արշաւի ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի: Եթէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը յատկանշուի ճանաչումէն հատուցում անցումով, ուրեմն Լիզպոնը ճանաչումին դիմաց պահուած միջազգային լռութեան վերջ տալու եւ հատուցումներ պահանջելու, եւ ամէնէն շեշտուած ձեւով` տարածքային հատուցումներ, ելակէտ նուաճած աքթ էր:

Պատժական ահաբեկումներ, յեղափոխական աւանդներու վերադարձ եւ այդ բոլորին մէջ իբրեւ պայքարելաձեւի գագաթ` Լիզպոնը պէտք է դուրս գայ հատուածական նշումներու սահմաններէն եւ հայրենանայ, համահայկականանայ, պետականանայ նոյնիսկ:

Անգարայի պաշտօնակատարները սկսած են խօսիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան սասանուած ըլլալու թրքական միասնականութեան խախտած ըլլալուն, երկրի մասնատման հաւանականութեան եւ նման մեծ վտանգներու մասին:

Աշխարհաքաղաքական վերլուծական կեդրոններու մէջ սկսած է հոլովուիլ Թուրքիոյ մասնատումի հաւանականութիւնը: Իրաւունքներ կորսնցուցած ժողովուրդներու պատրաստ ու զգօն ըլլալու պահն է: Պատրաստութիւնը քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ իրաւական է:

Գերխնդիրը այդ իրաւունքներուն պահանջատէր մնալն է եւ թշնամիին իմացնելը, որ այդ իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարող ժողովուրդը պատրաստ է առաւելագոյն զոհաբերութեան: 42 տարի առաջ այս յստակ ուղերձները փոխանցելու համար իրենց կեանքերուն վերջ տուին Լիզպոնի հերոսները:

Տպել Տպել