Հետեւողական աշխատանք տանիլ ի նպաստ Հայ Դատին

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Արէն Քերթեշեանի հետ

FotorCreatedԽՄԲ. «ՆՅ»Ի.- Երիտասարդութիւնը ընկերութեան կարեւոր շարժիչ ուժ է։ Յանդուգն, տաքարիւն, արկածախնդիր…։ Անցեալ շաբաթ թերթիս մէջ լոյս տեսաւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»ին հրաժարեալ կազմին՝ հաղորդագրութիւնը։ Արէն Քերթեշեանի հետ հարցազրոյցը ՀՅԴ երիտասարդականի մասին, Դաշնակցութեան գործունէութեան տարբեր մէկ երեսը ցոյց կու տայ։ Երիտասարդութիւնը շատ աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի է։ Կը յուսանք ապագային աւելիով անդրադառնալ անոնց տարած աշխատանքներուն եւ աւելի խօսք տալ, արտայատուելու առիթներ ստեղծել, իրենց մտածումները, ձեռնարկները հանրային կերպով քննարկումի նիւթ դարձնելու, անոնց հաղորդակից դառնալու համար։

«Նոր Յառաջ» – Կարելի՞ է ամփոփ գիծերու մէջ պատկերացում մը տալ ՀՅԴ Երիտասարդական Կազմա-կերպութեան գործունէութեան մասին՝ ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային գետնի վրայ։

Արէն Քերթեշեան – ՀՅԴի Երիտասարդականը ծնունդ առած է 1933ին, Պոսթընի մէջ, Գարեգին Նժդեհի կող-մէ։ Միջազգային կազմակերպութիւն մըն է եւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ ունի իր մասնաճիւղե-րը, ինչպէս՝ Ֆրանսայինը որ հիմնադրուած է 1945ին, յանձինս Շաւարշ Միսաքեանի, Լիբանանի մէջ ՀՅԴ Երիտ. Միութիւնը որ ստեղծուած է 1975ին։
ՀՅԴ-ի Երիտասարդականի բոլոր մասնաճիւղերը կը բանին ապակեդրոնացեալ դրութեամբ։ Ինչ կը վե-րաբերի համասփիւռքեան միջոցառումներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ արտաքին յարաբերութիւններուն, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը (AYF Armenia) կը համադրէ ընդհա-նուրին աշխատանքը։

ՀՅԴ Երիտասարդական կառոյցը եւրոպական թէ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու անդամ է։ Երեք տասնամեակէ ի վեր լիիրաւ անդամ է Երիտասարդ ընկերվարականներու միջազգային կազմակեր-պութեան (IUSY – International Union of Socialist Youth)։ Այս վերջինը հիմնուած է 1907ին եւ կը համախմբէ աշխարհի ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական կազմակեր-պութիւնները, նպատակ ունենալով պայքարիլ յանուն ազատութեան, ընկերային հաւասար կարգերու հաստատման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Վիեննա։ ՀՅԴ-ի երիտասարդականը նշեալ կազմակեպութենէն ներս կ՚աշխատի Սեւ Ծովեան տա-րածաշրջանի յանձնախումբին մէջ։ Ան նաեւ լիիրաւ անդամ է IFM-ի (International Falcon Movement), որ կը զբաղի մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ եւ մասնաւորապէս պատերազմէն տուժածնե-րուն հոգատարութեամբ եւ միասեռականներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։

«ՆՅ» – Ինչ կը վերաբերի երիտասարդականի միջազգային գետնի վրայ ունեցած գործունէութեան, յատկանշական էր անցեալ Ապրիլ 9-12ին Զիւրիխի մէջ կայացած Եւրոպայի Երիտ. ընկերվարականներու ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդականը եւ նաեւ այդ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ դարձաւ։ Կրնայի՞ք ձեւով մը ամփոփել այդ ժողովին դրոյթները, նպատակները եւ յետագայի ծրագիրները։

Ա.Ք. – Նախքան նշեալ ընդհանուր ժողովի մասին խօսիլը կ՚ուզեմ անդրադառնալ ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածութեան առաջադրման մասին։ 2013 Մայիսին, Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտ. խումբը կազ-մակերպած էր Եւրոպայի մէջ գործող ՀՅԴ զանազան երիտ. միութիւններու ժողով մը, որուն մասնակցեցան տասնէ աւելի մասնաճիւղերէ պատուիրակութիւններ։ Այնտեղ ի շարս այլ նիւթերու քննարկուեցան նաեւ ՀՅԴ երիտասարդականի արտաքին քաղաքականութեան եւ յարաբերութիւններուն առընչուող հարցեր։ Այս գծով տեղւոյն վրայ կեանքի կոչուեցաւ արտաքին յարաբերական յանձնախումբ մը, որ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդականի գրասենեակին հետ պէտք է աշխատանքները համադրէր։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ վերոնշեալ միջազգային կազմակերպութեան մեր անդամակցութեան բանակցութիւնները շուրջ երկու տարի է որ սկսած են։ Իսկ 1997էն ասդին ՀՅԴ Երիտասարդականը արդէն դէտի կարգավիճակով կը մասնակցէր Եւրոպայի Երիտ. Ընկերվարականներու ժողովներուն, սակայն գիտակից էր, որ հոն իր լիիրաւ անդամակ-ցութիւնը կրնար յաւելեալ իրաւունքներ ապահովել։ Այնուհետեւ այդ ուղղութեամբ Պրիւսէլի մէջ հանդի-պումներ տեղի ունեցան Եւրոպայի Երիտ. ընկերվարականներու տարբեր յանձնախումբերու եւ վերահսկիչ մարմնին հետ։ Իսկ Զիւրիխի Ընդհանուր ժողովին մասնակցեցանք երկու ներկայացուցիչով, որոնցմէ մէկը ես էի։ Մեր առաջարկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ մենք այսուհետեւ միջազգային այդ կազմակերպութեան նիստերուն պիտի ներկայանանք իբրեւ լիիրաւ անդամ, այսինքն ի շարս այլոց կ՚ունենանք նաեւ քուէարկելու իրաւունք, ինչ որ կարեւոր երեւոյթ մըն է՝ միջազգային ատեաններէն ներս մեր ձայնը լսելի դարձնելու առումով։ Յայտնեմ, թէ նշեալ ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ նո՛ր նախագահութիւն, որ Մայիս ամսուան վերջին տասնօրեակին գումարեց իր բիւրոյի անդրանիկ նիստը։ Հարկ է նշել, թէ այդ նիստին լիիրաւ անդամ իւրաքանչիւր կազմակերպութենէն կրնայ մէկ ներկայացուցիչ մասնակցիլ։

Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներու շրջանակին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականը եւ Ֆրանսայի Երիտասարդ ընկերավարականներու շարժումը (MJS-France) ներկայացուցին միացեալ բանաձեւ մը, որ Եւրոպայի Երիտ. ընկերվարականներուն (YES) կոչ կ՚ընէր պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատապարտել Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ պահանջել արդար հատուցում։ Այդ ժողովին մեր կողմէ ներկայացուած բանաձեւին քննարկումը կայացաւ լարուած մթնոլորտի մէջ, նկատի ունենալով որ նոյն կազմակերպութեան անդամ է նաեւ Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը։ Այնուհետեւ թրքական կողմը փորձեց որոշ փոփոխութիւններ մտցնել բանաձեւին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ ցեղասպանութիւն եզրը փոխարինել ջարդ կամ կոտորած բառերով…։ Փորձեցին նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վերաբերեալ նախադասութիւնը բոլորովին ջնջել եւ ի վերջոյ ուզեցին բանաձեւին մէջ նոր կէտ մը աւելցնել, ըսելով թէ Հայաստան պէտք է իր արխիւները բանայ փորձագէտներու առջեւ եւ երկու երկիրներու միջեւ կեանքի կոչուած միջպետական յանձնաժողովն է որ պէտք է քննարկէ այդ արխիւները։ Այլ խօսքով անոնք կ՚ըսէին թէ պէտք չէ քաղաքականացնել հարցը։ Յամենայն դէպս, բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան եւ բոլոր մասնակիցները Թուրքերուն կողմէ բերուած այս պատճառաբանութիւնները անհեթեթ նկատեցին։ Յատկանշական էր գերմանացի ներկայացուցիչին խօսքը, որ ըսաւ թէ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր։ Ան զայրոյթով աւելցուց, թէ ցեղաս-պանութեան վերաբերեալ բոլոր արխիւները բացուած են եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններն ալ կատարուած են…։ Իսկ Շուէտի պատուիրակը առաջարկեց կէտ մը աւելցնել բանաձեւին մէջ որուն համաձայն հարկ է ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը փոխադրել Եւրոպայի Ընկերվարականներու կուսակցութենէն (PES) ներս։ Այս կէտը աւելցուեցաւ եւ քուէարկութենէն ետք բանաձեւը բացի Թուրքերէն միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ։

«ՆՅ» – Այս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ դառնալով ի՞նչ պարտաւորութիւններ կը ստանձնէք։

Ա.Ք. – Նախ ըսեմ, թէ Եւրոպայի Երիտ. ընկերվարականներուն (YES) կրնան անդամ դառնալ այն երկիրնե-րը, որոնք Եւրոպական Միութեան կամ Եւրոպական Խորհուրդի անդամ են։ Ինչ կը վերաբերի պարտաւորութիւններուն, բնականաբար պէտք է անդամակցութեան համար վճարում կատարել եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել ընկերվարականներու երիտասարդական թեւերու բոլոր ժողովներուն։

«ՆՅ» – Այս երիտասարդական կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը իր ապրած միջավայրին մէջ քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ բնականաբար ի վերջոյ ընտրութիւններու մասնակցելով տեղական իշխանութիւնը գրաւելու եւ ժողովուրդը կառավարելու տենչանք մը կը փայփայէ…։ Ան կ՚աշխատի օրինակ՝ լրատուական մարզի կամ խօսքի ազատութեան, ժողովուրդի բարօրութեան, օրէնքները բարեփոխելու, հաւասար իրաւունքներ ապահովելու ուղղութեամբ։ Բայց Սփիւռքի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութեան մը երիտասարդական թեւը այդ ուղղութեամբ ի՞նչ հեռանկարներ կրնայ ունենալ։

Ա.Ք. – Այս կազմակերպութեան անդամ երիտասարդները իրարու միացնողը ընկերվար արժէքներն են։ Անցեալ Մայիս ամսուն սկիզբը (8-9) Հայաստանի մէջ հիւրընկալեցինք «IUSI» Երիտ. Ընկերվարականներու Միջազգային Կազմակերպութեան (աշխարհի ամենէն մեծ երիտասարդական կազմակերպութիւնն է եւ որուն անդամ են մօտ 130 երկիրներէ 150ի շուրջ միութիւններ) խորհուրդի ժողովը, ինչ որ կ՚ապացուցանէ թէ մեր աշխատանքի ծիրը ընդարձակ է եւ Հայ Դատի սահմաններէն անդին կ՚անցնի։ Մենք կը քննարկենք նաեւ համամարդկային տարողութեամբ հարցեր։ Այս նոյն ժողովին արծարծուեցան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ընկերվարական արժէքներուն եւ ընդհանրապէս միջազգային թեմաներուն առընչուող խնդիրներ։ Ժողովին մասնակցեցան աշխարհի 60 երկիրներէ 160 պատգամաւորներ։ Մենք պատուիրակներու համար կազմակերպած էինք այցելութիւններ՝ Ծիծեռնակաբերդ, ցեղասպանութեան թանգարան եւ այլ տեսարժան վայրեր։ Չմոռնամ ըսել, թէ ժողովի աւարտին ընդունուեցաւ բանաձեւ մը, ուր շեշտը կը դրուէր հատուցման պահանջին վրայ, տրուած ըլլալով որ այդ կազմակերպութիւնը նախապէս արդէն ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2004ին, իսկ 2007ին դատապարտած՝ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։

«ՆՅ» – Ֆրանսայի մէջ Երիտասարդականը կը գործէ ՀՅԴ Նոր Սերունդ անունով։ Կրնայի՞ք որոշ բացատրութիւններ տալ միութեան ծրագիրներու եւ նպատակներուն մասին։

Ա.Ք. – Նոր Սերունդը Ֆրանսայի տարածքին կը գործէ վեց մասնաճիւղերով՝ Փարիզեան շրջանի (երեք մասնաճիւղ), Լիոնի, Վալանսի եւ Մարսիլիոյ մէջ։ Միութիւնս ունի քանի մը յանձնախումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚իրագործէ իրեն վստահուած աշխատանքը, ինչպէս՝ ձայնասփիւռի յանձնախումբը, որ Կիրակի օրերը կը սփռէ «Նոր Սերունդի տեսակէտը» անունով յայտագիրը (ԱՅԲ Էֆ-Էմ»էն, կամ թէ մէկ այլ յանձնախումբ մը որ կը զբաղի միութեան տարեկան ճամբարը կազմակերպելու գործով։ Նոր Սերունդը ունի «Երկիր» ծրագիրը որ տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ղարաբաղի մէջ։ Այս կապակցութեամբ ըսեմ, թէ սկզբնական շրջանին տղաքը կը զբաղէին վերանորոգչական աշխատանքով, իսկ անցնող երկու տարիներուն արդէն աւելի մարդասիրական բնոյթի ծրագիրներ կը մշակեն, որոնցմէ յատկանշականը ամառնային ճամբարներու կազմակերպումն է, ուր 200է աւելի երախաներ կը մասնակցին եւ որոնք երկու շաբթուան ընթացքին կը հետեւին դասընթացքներու, խաղերու եւլն.։ Ցարդ Արցախի զանազան շրջաններու մէջ հիմնուած են նաեւ երիտասարդական կեդրոններ։
Խօսելով «Հայաստան» պարբերաթերթի մասին, կայ յատուկ յանձնախումբ մը որ կը զբաղի անոր հրա-տարակութեան վերականգնման աշխատանքներով։ Նշենք որ «Հայաստան» պարբերաթերթը հիմնուած է 1939ին նախքան Նոր Սերունդի հիմնադրութիւնը։
Բողոքի ցնցիչ գործողութիւններ («action choc») անուան տակ Նոր Սերունդը կը կատարէ բողոքի հանրային ցոյցեր՝ տպաւորելու համար հանրային կարծիքը։

«ՆՅ» – Գալով Երիտասարդականի գործունէութեան, բացի քաղաքական մարզէն, արդեօք միութիւնը նոյնքա՛ն գործօն դերակատարութիւն ունի՞ կրթական եւ մշակութային գետնի վրայ։

Ա.Ք. – Իր հիմնադրման առաջին օրէն Նոր Սերունդը գլխաւոր երկու նպատակ կը հետապնդէ.- Առաջինը՝ հետեւողական աշխատանք տանիլ ի նպաստ Հայ Դատին եւ երկրորդը տէր կանգնիլ հայ մշակոյթին եւ նուիրուիլ հայապահպանման գործին…։

«ՆՅ» – Այսօր այդ երկու ուղեգիծերն ալ նոյն ձեւով կը պահպանուի՞ն։

Ա.Ք. – Դժբախտաբար ներկայիս գերակշիռը քաղաքական կողմն է, բայց կը յուսանք որ մօտ ապագային Նոր Սերունդը աւելի աշխոյժ պիտի ըլլայ նաեւ մշակութային բնագաւառին մէջ։

«ՆՅ» – Դուք բնականաբար կը հետեւիք Դաշնակցութեան մշակած քաղաքական ուղեգիծին, ուր ընդգրկուած են ընկերվարական արժէքները, ընկերային հաւասարութիւնները։ Արդեօք այսօր Հ. Յ. Դաշ-նակցութիւնը կը հետապնդէ՞ իր որդեգրած նպատակները։

Ա.Ք. – Այդպէս է։ Օրինակի համար վերջերս Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան գիներու բարձրացման դէմ ծայր առած պայքարին յառաջապահը ՀՅԴ Երիտասարդական կազմակերպութիւնն էր։ Նոյնն էր պարագան նաեւ երկու տարի առաջ փոխադրամիջոցներու գիներու բարձրացման դէմ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին, ուր ՀՅԴ Երիտասարդականը առաջին գիծի վրայ կը գտնուէր։

«ՆՅ» – Ատիկա կը վերաբերի այդ պայքարներու առաջին հանգրուանին։ Իսկ անկէ ետք արդեօք աշխա-տանքը կը շարունակուի՞։

Ա.Ք. – Մենք հետեւողական աշխատանք կը տանինք։

«ՆՅ» – Վերադառնալով Բաղրամեան պողոտայի ցոյցերուն, անկեղծօրէն ՀՅԴ Երիտասարդականի մասնակցութիւնը ակնառու չէր եւ լրատու միջոցներու փոխանցած տեղեկութիւնները այդ մասին չէին խօսեր։

Ա.Ք. – Կ՚ենթադրեմ թէ այս պարագային լրատու կայքէջերու կամ գործակալութիւններու լուսարձակները կեդրոնացած էին ցոյցերուն նախաձեռնած խումբի պարագլուխներուն յայտարարութիւններուն վրայ։

«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կը պատրաստուին Ֆրանսայի Նոր Սերունդի երիտասարդները։

Ա.Ք. – Մենք յաճախ կը կազմակերպենք դաստիարակչական բնոյթի դասախօսութիւններ, երկօրեայ կամ եռօրեայ սեմինարներ, ճամբարներ, որոնց ընթացքին երիտասարդներուն զանազան նիւթերու քննարկման առիթ կը տրուի։ Անոնք այդ ընթացքին գիտելիքներ կ՚ամբարեն եւ կը տեղեկանան։

«ՆՅ» – Նոր Սերունդը քանի՞ անդամ ունի։

Ա.Ք. – 150էն 200ի շուրջ է Ֆրանսայի միութեան անդամներու թիւը, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ ՀՅԴ երի-տասարդականին կ՚անդամակցին մօտ 10 հազար հոգի։

«Նոր Յառաջ» երկօրեայի Յուլիս 30ի թիւին (814) քաղուածքը

Տպել Տպել