Արաբական մամուլի տեսութիւն – Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգուա՞ծ են

Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն թուային պատկերը հետզհետէ կը նուազի, անոնց դէմ գործուած հալածանքներուն, սպառնալիքներուն եւ վտանգներուն հետեւեանքով։ Այս իմաստով «յեղափոխութիւններ» ապրած արաբական կարգ մը երկիրներուն մէջ արձանագրուած են լուրջ մտահոգութիւններ քրիստոնեաներու գոյութեան մասին։ Ստորեւ կու տանք արաբական մամուլի քաղուածքներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն այդ մտահոգութիւնները եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակը։

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած է պայթումի նման բանավէճ մը, որ ամբողջ շրջանին մէջ ինքնութեան տագնապի կրնայ վերածուիլ։ Այս բանավէճը սակայն, իսլամականներուն եւ աշխարհիկ կարգերուն հաւատացող խմբաւորումներուն միջեւ չէ արձանագրուած, այլ՝ որոշ խմբաւորումներու միջեւ, որոնք այս թիւերը կ՚օգտագործեն այլ նպատակներ հետապնդելու։ Այս կողմերուն նպատակն է շահագործել այդ թիւերը եւ հիմնականին մէջ կեդրոնանալ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն վրայ։ Եգիպտոսի Ղպտիներուն թուային վիճակը պատերազմական գաղտնիքի համահաւասար էր։

Շուրջ 26 տարիէ ի վեր (1986) առաջին անգամ ըլլալով է, որ Եգիպտոսի վիճակագրութեան կեդրոնական խորհուրդի պատասխանատուն, հրապարակեց Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը, որ յայտարարուեցաւ «Թահրիր» եգիպտական պատկերասփիւռի կայանէն։ Ան հաստատեց, որ 83 միլիոն 150 հազար հաշուող քաղաքացիներէն, ներկայիս Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը կը հասնի 5 միլիոն 130 հազար քաղաքացիի, նկատել տալով, որ ղպտիները, որոնք քիչ կը ծննդաբերեն եւ մեծ գումարներ կը վաստկին, ամէնէն աւելի կը գաղթեն Եգիպտոսէն։

Միւս կողմէ, իսլամականները ողջունեցին վիճակագրութիւնը եւ դիտել տուին, որ անիկա կը հաստատէ ամերիկեան «Պիօ» կեդրոնին կատարած վիճակագրութեան արդիւնքները, որոնք յայտարարուած էին անցեալ Հոկտեմբերին, ըստ որուն Եգիպտոսի մէջ ղպտիներուն թիւը բնակչութեան 4,5 առ հարիւրին հաւասար է։ Իսկ Վատիկանի կատարած վիճակագրութեան համաձայն այդ թիւը հաւասար է Եգիպտոսի բնակչութեան 6-8 առ հարիւրին։ Ըստ Վատիկանի, Եգիպտոսի մէջ ղպտիներուն թիւը անխախտ կը մնայ 60 տարիէ ի վեր, նկատի ունենալով իսլամներուն թիւը եւ անոնց բազմածին ըլլալու իրականութիւնը։

Եգիպտոսի ուղղափառ եկեղեցին, որ Եգիպտոսի մայր եկեղեցին կը նկատուի մերժեց այս վիճակագրութիւնը։ Եկեղեցին հաստատեց, թէ վիճակագրութեան այս արդիւնքները ճշգրիտ չեն եւ զարմացնող։ Ան Եգիպտոսի կեդրոնական խորհուրդի պատասխանատուէն պահանջեց քրիստոնեաներուն թիւը յայտարարել առանձին հաշուելով երկրին իւրաքանչիւր նահանգին մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն թիւը։

«Ախպար» օրաթերթը կ՚եզրակացնէ, թէ այս թիւին հրապարակումը եւ հրապարակումին ձեւը շատ մը նշանակութիւններ ունի։ Այդ թիւերը հրապարակուած են, երբ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի կ՚այցելէր Միացեալ Նահանգներ եւ հանդիպումներ կ՚ունենար իսլամական, քրիստոնէական եւ հրէական կազմակերպութիւններուն անդամներուն հետ, ընդգծելով, որ Եգիպտոսը քաղաքացիական է եւ ոչ կրօնական կամ աշխարհիկ կարգերու երկիր։

Միւս կողմէ սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կ՚ակնարկէր Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաները թիրախ դարձնելու փորձերուն։ Այս բոլորին առընթեր, Եգիպտոսի սահմանադրութեան մէջ իսլմականութեան հիմքերը (Շարիհա) նկատի ունենալու պահանջը հետզհետէ կ՚ամրապնդուի, յատկապէս իսլամ սալաֆականներուն կողմէ, որոնք կը հաստատեն, թէ իսլամական օրէնքին իմաստութիւնները եւ ոչ թէ սկզբունքները, երկրին սահմանադրութեան մէջ նկատի ունենալու պահանջը ժողովուրդին պահանջն է եւ կոչ կ՚ուղղեն այս իմաստով անսալու ժողովուրդին պահանջին։

Ելեկտրոնային «Իլաֆ» արաբական կայքէջին համաձայն, Եգիպտոսի մէջ ապրող քրիստոնեաները մտահոգ են, որ նախագահ Մուրսիի ժամանակաշրջանին իրենք կրնան անտեսումի եւ հալածանքի ենթարկուիլ։ Կարգ մը քրիստոնեաներ կը հաւատան, որ Իսլամ եղբայրներուն շարքերէն ընտրուած հանրապետութեան նախագահ մը, Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններուն վատագոյն արդիւնքն է։

Այս շրջագիծին մէջ, «Իլաֆ» կը գրէ, թէ անցնող 18 ամիսները Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն համար եղած են ամէնէն դժուար հանգրուանը։ Նոյն կայքէջը կը նշէ, թէ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի տապալման եւ Եգիպտոսը զինուորական վարչակարգով կառավարելու հանգրուանին արձանագրուած են շուրջ 12 համայնքային լուրջ միջադէպեր, որոնց շարքին նաեւ քրիստոնեայ քաղաքացիներու բնակարաններու եւ եկեղեցիներու հրկիզում։ «Մինչեւ օրս Մուրսի լաւ թէ վատ ոչինչ կատարած է», կ՚ըսէ Ապու Քարքասի Ս. Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանան։ Սակայն այս մէկը չի նշանակեր, թէ Եգիպտոսի քրիստոնեաները Մուրսիի նկատմամբ զգուշաւոր եւ մտահոգութեամբ լեցուն կեցուածքներ չունին, որովհետեւ նախքան հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը Մուրսի ղեկավար եղած է Իսլամ եղբայրներու, որ նախապատուութիւնը մնայուն կերպով կ՚ընծայէ եգիպտական ընկերութեան։

Եգիպտոսի մէջ շատեր մտահոգ են, որ Մուրսի իսլամական կրօնքը պիտի պարտադրէ իբրեւ օրէնք եւ պիտի սահմանափակէ քրիստոնեաներուն իրաւունքները, զանոնք երկրին մէջ երկրորդ կարգի քաղաքացիներու վերածելով։ Ուրիշներ մտահոգ են նաեւ, որ Մուրսիի ընտրութեամբ, Մուրսիի հետ կապ չունեցող ծայրայեղականները անկախ կերպով պիտի գործեն, իրենց գաղափարներն ու հաւատալիքները այլոց պարտադրելու նպատակով։

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Ֆայեզ Սարա, նոյն թեմային անդրադառնալով կը գրէ հետեւեալ խորագիրը կրող յօդուածը. «Արաբական աշխարհի արեւելեան հատուածին մէջ քրիստոնեաները իսկակա՞ն սպառնալիքի տակ են»։ Այս յօդուածով Սարա կը շեշտէ, որ փոքրամասնութիւններուն մտահոգութիւնը եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ մտահոգութիւնը հիմնական հարցի վերածուած է։

Հարց մը, որ աւելի եւս երեւան եկած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ անոր ունենալիք ապագայ հետեւանքներուն շրջագիծին մէջ, սակայն պէտք չէ նաեւ ժխտել, որ Միջին Արեւելքի մէջ այս հարցը չորս տասնամեակներէ ի վեր տիրական է եւ շրջանին քաղաքական ու ապահովական զարգացումներուն համաձայն ան ելեւէջներ կ՚արձանագրէ։ Արտակարգ այդ հանգրուաններէն կը նկատուին 1975-1990 Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, 1982-ին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ներխուժումը, 2003-ին Իրաքի դէմ միջազգային պատերազմէն ետք տիրող պայմանները, որոնք բոլորն ալ աւարտեցան փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս քրիստոնեաներուն նկատմամբ մտահոգութիւններ առթելով։

Նախկին իրերայաջորդ քաղաքականութիւնները ամրապնդած են փոքրամասնութիւններուն ոգին, որ առաւելութիւններ ընծայած էր ընկերութեան։ Այդ առաւելութիւնները կարգ մը վարչակարգերու կողմէ նկատուած էին քաղաքացիութեան զուգահեռ անհրաժեշտութիւն, որուն հիման վրայ կարելի էր հիմնել արդի պետութիւնը։ Բայց եւ այնպէս արաբական վարչակարգերը ձախողեցան զանոնք մարմնաւորել եւ շարունակեցին արդի պետութեան շրջագիծին սահմաններուն մէջ, նկատի ունենալով բաժանումները եւ այնպիսի տուեալներ, որոնք չեն օժանդակեր քաղաքացիական պետութեան հիմնումին։

Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ որդեգրուած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները փաստեցին, որ փոքրամասնութիւնները իսկապէս սպառնալիքի տակ կը գտնուին՝ կասկածներ եւ մտավախութիւններ պատճառող այդ քաղաքականութիւններուն ներքեւ։

Այդ քաղաքականութեան մաս կազմեց նաեւ փոքրամասնութիւններուն միջեւ դաշինք մը հաստատելու նախաձեռնութիւնը, որ կատարուեցաւ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան պիտակին տակ։ Սակայն երբ փոքրամասնութիւնները վնասուեցան եւ վտանգի տակ գտնուեցան այդ ղեկավարութիւնները քաղաքական եւ բարոյական ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ստանձնեցին։

Ընդհակառակն՝ փոքրամասնութիւններուն պաշտպան ձեւացնող ղեկավարութիւնները ոչինչ կատարեցին, եւ հզօր ուժեր են, որոնք մեղսակցեցան փոքրամասնութիւնները քանդելու եւ զանոնք հալածելու արարքներուն։ Լաւագոյն օրինակը կարելի է նկատել Իսրայէլը, որ քանդեց քրիստոնեայ պաղեստինցիներուն բնակարանները եւ գրաւեց անոնց ինչքերն ու կալուածները եւ ջլատելէ ետք գոյութեան բոլոր միջոցները զանոնք մղեց արտագաղթի, մնայուն կերպով հետապնդումներ, ձերբակալութիւններ եւ արգելափակումներ գործադրելով։

Նոյն օրինակին դէմ յանդիման գտնուեցան նաեւ Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք 2003-ի Իրաքի բռնագրաւումէն ետք բռնագաղթի ենթարկուեցան ամերիկեան բռնագրաւումին աչքերուն դիմաց։

Միւս կողմէ, սակայն եգիպտական «Շուրուք» կայքէջը կը գրէ, որ արեւմտեան զինուորական միջամտութեան դէմ ռուսական սպառնալիքները կը նկատուին ծանր «կատակներ», որոնք Ռուսիոյ ղեկավարութեան առիթ կու տան «ձուկը խեղդելու» քաղաքականութիւնը շարունակելու։ Ռուսիա այս դերակատարութեան աւելի եւս կառչած կը մնայ բացայայտելէ ետք, թէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուածը քաղաքակրթութիւններու տագնապ է, որուն մէջ յստակօրէն կ՚երեւի իսլամական արմատականութեան վտանգը, որ կը սպառնայ քրիստոնեաներուն, որոնք կը ցանկան, որ Ռուսիա իրենց համար շարունակէ ըլլալ «Հոգատար մօր» տիպարը։

Հաւանաբար այս կացութիւնը մարդ արարածին մտքին մէջ կ՚արծարծէ այն հարցումը, թէ ի՞նչու քաղաքակրթութիւններու տագնապին հետեւանքներն ու վտանգները միայն քրիստոնեաներուն վրայ պիտի արձանագրուին եւ ոչ թէ սուրիացիներու այլ հատուածներուն վրայ։ Ռուսական սպառնալիքին նտատակը յստակ է՝ համայնքային դրութեան հիման վրայ լուծում մը յայտարարել։

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջինհամաձայն, Հալէպի Աւերատարանական եկեղեցւոյ վերապետուելի Իպրահիմ Նսէյր Սուրիոյ ապրած տագնապին եւ դիմագրաւած սպառնալիքներուն անդրադառնալով կը հաստատէ, թէ պահանջուած է Սուրիոյ մէջ ստեղծել քաոս մը, որմէ պիտի օգտուի Իսրայէլը, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմ բռնկելէն ի վեր ոչ ոք կ՚անդրադառնայ եկեղեցիներուն, մզկիթներուն եւ Յիսուս Քրիստոսը վարկաբեկող իսրայէլեան բռնարարքներուն։

Վեր. Նսէյր մերժեց սուրիական վարչակարգին տապալումը, որովհետեւ անոր հետեւեանքը պիտի ըլլայ քաոսը։ Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ջնջեց մենատիրութիւնը, երբ բարեփոխեց Սուրիոյ սահմանադրութեան թիւ (8) յօդուածը եւ երկրին համար մշակեց նոր սահմանադրութիւն մը։ «Հետեւաբար այսօր կը պահանջուի բարեկարգումները գործադրել եւ Սուրիոյ համար նոր տեսլականներ ճշդել, սակայն երկխօսութեան ընդմէջէն, հեռու մնալով արիւնայեղութենէն», ըսաւ ան։

Վեր. Նսէյր հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ քրիստոնեաները կ՚ապրին մտահոգութեամբ եւ վախով լեցուն կեանք մը, նկատի ունենալով, որ մարդիկ ապօրինի կերպով զէնք կը կրեն եւ թիրախ կը դարձնեն իրենց կառոյցներն ու եկեղեցիները։ Ան ըսաւ, որ սուրիական ազատ բանակը յայտարարած է, թէ միայն ապահովական կեդրոններուն դէմ յարձակումներ պիտի գործէ, սակայն մենք կը նկատենք, որ ան թիրախ կը դարձնէ նաեւ եկեղեցիներ։ «Ի՞նչու ան զերծ չի կացուցեր ապահովական այն կեդրոնները, որոնք ուղղակի եկեղեցիներուն մօտ կը գտնուին», հարց տուաւ ան։

Վեր. Նսէյր հաստատեց, որ Սուրիոյ քրիստոնեաները լրջօրէն սկսած են արտագաղթի մասին մտածել, «հակառակ զանոնք այդ որոշումէն հեռու պահելու մեր բոլոր ջանքերուն։ Սակայն փամփուշտները սկսած են ոչ մէկ տարբերութիւն դնել զինեալներուն եւ իրենց բնակարաններուն մէջ գտնուող ապահով նստող քաղաքացիներուն միջեւ», նշեց վեր. Նսէյր։

Իրաքի քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակին մասին անդրադառնալով «Իլաֆ» կայքէջի յօդուածագիրներէն Ազիզ Հաժ կը գրէ, թէ Իրաքի մէջ փոքրամասնութիւնները մաքրագործելու պատերազմը սկսաւ անմիջապէս Իրաքի նախկին ֆաշական վարչակարգի փլուզումէն ետք։ Այդ մաքրագործումին նախաձեռնող եւ անոնց սկիզբ տուող կողմերը Մեհտիի բանակին մաս կազմող աւազակախումբերն էին, որոնց աւելի ուշ միացան Մոսուլի սիւննի ծայրայեղականները եւ ապա Քայիտայի անդամները։

Նախորդ իննը տարիներուն ընթացքին անոնք Իրաքի քրիստոնեաներուն եթէ ոչ կէսը, ապա մէկ երրորդը մղեցին բռնագաղթի, սպաննեցին քարտինալներ, քահանաներ եւ վերապատուելիներ եւ հրկիզեցին ու պայթեցուցին եկեղեցիներ։ Մալիքիի իշխանութեան տարիներուն քրիստոնեաները եւ անոնց աղօթատեղիներն ու սրբավայրերը պաշտպանելու բազմաթիւ խոստումներ տրուեցան, սակայն Պաղտատի Կանաչ շրջանին մէջ գտնուող ուժերը տակաւին սարսափ կը տարածեն եւ ահ ու թողի կը մատնեն քրիստոնեաները։

Այս շրջագիծէն կարելի չէ զանց առնել նաեւ Եգիպտոսի ղպտիները, հակառակ անոր որ անոնք կազմակերպուած ուժ են եւ որոշ թիւ մը կը ներկայացնեն։ Այս բոլորին կողքին, մեզի համար յստակ է նաեւ Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ իսլամական այլ երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ճակատագիրը։ Փաքիստանի մէջ օրինակ, քրիստոնեաներուն գոյութիւնը երբեք փափաքելի չէ։

Մալիքիի կառավարութիւնը բաւական մեծ ձախողութիւն արձանագրած է իր ժողովրդավարութեան մէջ, որ համայնքային եղած է ու արմատական։ Այդ կառավարութիւնը ոչ մէկ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է ազատութիւններն ու օրէնքի գերիշխանութիւնը յարգելու իմաստով։

«Նաշրա» կայքէջին վրայ տեղադրուած յօդուածի մը մէջ կը նշուի, թէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն անոր փոխանցած Առաքելական յորդորակը զուգահեռ կ՚ընթանայ այն հանգրուանին, երբ Արաբական աշխարհը յեղափոխութիւններ կ՚ապրի եւ ժողովրդավարութեան հաստատումին լուրջ պահանջներուն դէմ յանդիման կը գտնուի։

«Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները Արաբական գարնան եւ Պապին այցելութեան միջեւ» խորագիրը կրող այս յօդուածին մէջ կը կարդանք, թէ «շինիչ» կոչուող աս քաոսին մէջ քրիստոնեաները կ՚ապրին մտահոգ եւ վախով լեցուն հանգրուան մը, որուն իբրեւ հետեւանք մեծ թիւով քրիստոնեաներ բռնագաղթի ենթարկուած են եւ հարիւր հազարաւոր ուրիշներ արդէն իսկ արտագաղթած են, յատկապէս՝ Սուրիայէն եւ Իրաքէն։

Այս բոլորին կողքին տակաւին կան կոչեր, որոնք կը պահանջեն արտագաղթի ենթարկել քրիստոնեաները, կարծէք անոնց գոյութիւնը կը նեղացնէ արմատական շարժումները, որոնք անվարան մեղաւոր կը նկատեն քրիստոնեաները։

Յօդուածը կը հաստատէ, որ յեղափոխութիւններուն նպատակը տակաւին նոյնն է եւ շինիչ կոչուող քաոսը տակաւին շինիչ ըլլալու իր նպատակին չէ հասած։ «Ընդհակառակն՝ ան ապահով բնակիչներուն համար մտահոգութեան աղբիւր է, ինչպէս նաեւ առիթ, որ կը շահագործուի պատեհապաշտներուն կողմէ, իրենց չարիքը գործելու եւ զանազան նպատակներ հետապնդելու եւ իրականացնելու, ինչպէս օրինակ՝ նիւթական շահեր, իշխանութիւն, իսլամական կրօնի պարտադրում, բազմազանութեան մերժում եւ պետութիւններու բաժանում՝ համեմատաբար աւելի փոքր ներքին բախումներ դիմագրաւող պետութիւններու ։

«Յեղափոխութիւններ» ապրած պետութիւններուն մէջ քրիստոնեաներուն դիրքին ակնարկելով, յօդուածը կը հաստատէ, որ այն պետութւններուն մէջ, ուր իսլամ մեծամասնութիւն կայ, քրիստոնեաներուն ժողովրդագրական պատկերը իր դերակատարութիւնը ունեցած է, յատկապէս յեղափոխութեան հանգրուանին։ Որովհետեւ քրիստոնեաները ընդհանրապէս լուսացքայնացած են, որոշում տալու հանգամանքէն հեռու պահուած, իսկ եթէ պաշտօն ստանձնած են, ապա ան ձեւական է եւ ոչ էական, ինչպէս է պարագան Եգիպտոսի, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

«Թէեւ նախկին վարչակարգերը առանց ազատութիւններ շնորհելու, կայունութեան մթնոլորտ մը ապահոված էին գրեթէ բոլոր քաղաքացիներուն, որոնց շարքին նաեւ քրիստոնեաներուն, սակայն յեղափոխութիւնները մղեցին, որ քրիստոնեաները վարանին եւ անկեղծ չըլլան իրենց կեցուածքներուն մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս հեռու են զինեալ խմբաւորումներէ եւ կը փորձեն այլոց հետ խաղաղութեամբ գոյատեւել, բայց եւ այնպէս քաոսի ժամանակաշրջանը արտօնեց, որ արմատական եւ ծայրայեղական բնոյթի կարգ մը խմբաւորումներ խանգարեն քրիստոնեաներուն ապահովական կայունութիւնը։ Հետեւաբար հրկիզուեցան եկեղեցիներ, գողութեան ենթարկուեցան սրբավայրեր, սպաննուեցան քրիստոնեայ հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով քրիստոնեաներ դիմեցին արտագաղթի։

«Տիար» օրաթերթին մէջ եւս լոյս տեսած է այս թեմայով յօդուած մը, որ հարցականի տակ կ՚առնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վտանգուած ըլլալու հաւանականութիւնը։ Յօդուածագիրը կը հաստատէ, որ երկար ժամանակէ ի վեր իրերայաջորդ տարբեր սերունդներ կը հնձեն այլոց պատերազմներուն հետեւանքները եւ անոնց մնայուն մտահոգութիւնը կ՚արտացոլայ իրենց դէմքի արտայայտութիւններուն ընդմէջէն։

Այս է Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն պատկերը, յատկապէս ներկայիս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած յեղափոխութիւններուն եւ տագնապներու հանգրուանին ընթացքին։ «Արաբական յեղափոխութիւնները քրիստոնեաներուն սկսած են վախ պատճառել եւ զանոնք սպասողական վիճակի մատնել, տեսնելու համար, որ այդ յեղափոխութիւնները իրենց հաշուոյն արդիւնաւէտ պիտի ըլլան թէ ոչ։

«Անոնցմէ ոմանք կը շեշտեն, թէ միջինարեւելեան զանազան տագնապները քրիստոնեաներուն իրավիճակին պիտի չազդէ, իսկ ոմանք կը հակադրուին այդ կեցուածքներուն։ Այն երկիրները, որոնք տագնապներ կը դիմագրաւեն, կը բովանդակեն նաեւ քրիստոնեայ կեցուածքներու եւ տեսակէտներու երկփեղկում, որովհետեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ քաղաքացի իր ձեւով կը մենկաբանէ այդ տագնապը եւ իրենց վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը։

«Այս բոլորով հանդերձ, վերջին հանգրուանին քրիստոնեաներուն մօտ սկսած է վախ տարածուիլ՝ կրօնական հիմքերու վրայ անոնց դէմ գործուելիք արարքներու առումով։ Յատկապէս նկատի ունենալով Իրաքի, Եգիրտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող համայնքային սուր լարուածութիւնը եւ շրջանին ու յատկապէս Լիբանանին վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները։

«Եգիպտոսի յեղափոխութեան ընթացքին այդ մտավախութիւնները գերակշռող էին, մասնաւորաբար ղպտիներուն մօտ։ Աւելի ուշ Մոհամետ Մուրսիի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը իր կարգին մտահոգութիւններ պատճառեց, նկատի ունենալով Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութենէն ըլլալու անոր իրականութիւնը։ Հակառակ անոր որ Մուրսի բազիմցս խոստացաւ քրիսոնեաներուն հետ վարուիլ առանց խտրութեան եւ իբրեւ եգիպտացի քաղաքացիներ, քրիստոնեաները լուրջ մտահոգութիւններ ունին իրենց ունեցած որոշ ազատութիւնները սահմանափակելու առումով։

«Իսկ վերջերս իսլամ կրօնը վարկաբեկող ժապաւէնը, որ ղպտիներ արտադրած են, վեարծուած է մոխիրին տակ գտնուող կրակի, որ կը սպառնայ Եգիպտոսի քրիստոնեաները դէպի անդունդ առաջնորդել, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձած է, որ Եգիպտոսի ղպտիներուն մտահոգութիւնները աւելի լրջանան։

«Իսկ Իրաքի մէջ, քրիստոնեաները անկարելի է մասնատել իրաքեան ինքնութենէն եւ քաղաքակրթութենէն, եւ քրիստոնէութիւնը պետութեան կողմէ ճանչցուած է իբրեւ երկրորդ պաշտօնական կրօն։Քրիստոնեաները այսօր կը դիմագրաւեն բռնագաղթի ենթարկուելու ծրագիր մը, յատկապէս երբ ամերիկեան ուժերը սկսած են հեռանալ այդ շրջաններէն։ Անոնք Իրաքի մէջ ամէն տեսակի ճնշումներու կ՚ենթարկուին՝ լքելու համար իրենց տուները։ Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ համայնքային խտրութիւն կը գործադրուի, ինչպէս նաեւ ճիգեր կը թափուին զանոնք քաղաքացիական պատերազմներու մեղսակից դարձնելու, որպէսզի հետապնդեն եւ բռնագաղթի ենթարկեն զանոնք։

«Իսկ այժմ կայ հարց մը, որուն տեւողութիւնը այսքան երկար չէր գնահատուած, ինչպէս նաեւ չէր նախատեսուէր, որ այդքան մեծ թիւով զոհեր կը խլէ, գաղթականներ կը պատճառէ եւ օրական դրութեամբ արիւնալի դէպքեր կ՚արձանագրէ։ Սուրիա անորոշութեան մէջ թաթխուած է եւ անոր ճակատագիրը յստակ չէ, իսկ հոն ապրող քրիստոնեաները իրենց ճակատագիրին մասին լուրջ մտահոգութիւններ ունին։

Ուրեմն սուրիական վարչակա՞րգն էր, որ կը պաշտպանէր զանոնք։ Եթէ պատասխանը այո՛ է, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց, եթէ այդ վարչակարգը տապալի։ Իսկ եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա ի՞նչու մտահգուիլ անոնց ճակատագիրով, եթէ սուրիական յեղափոխութիւնը յաղթէ։

Թուրքիոյ ալեւիներու մասին

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին (09 Հոկտ. 2012) մէջ, դոկտ. Մուհամմատ Նուրըտտին կը գրէ, թէ Սուրիոյ դէպքերու լոյսին տակ, Թուրքիոյ Ալեքսանտրեթ (Հաթայ) շրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւններ կը պատահին։ Այս իմաստով, Թուրքիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ պետական ծրագիր մը սկսած է բացայայտուիլ, որ կը նպատակադրէ Ալեւիները վախցնել եւ զանոնք Արեքսանտրեթէն արտագաղթի մղել։ Թերթը կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը յաջողցնելու համար, թրքական իշխանութիւնները կ՚օգտագործեն սուրիացի գաղթականները, որոնք մեծամասնութեամբ կը պատկանին իսլամական Սիւննի համայնքին։ Իշխանութիւնները ձեռնարկած են այնպիսի քայլերու, որոնք ժխտական անդրադարձ ձգած են շրջանի Ալեւիներուն վրայ եւ պատճառ հանդիսացած են, որ անոնք ամփոփուին իրենց շրջաններուն մէջ կամ ալ տեղափոխուին այլ վայրեր։

Թերթը կը յայտնէ նաեւ, որ թրքական պետութիւնը ծրագրած է քաղաքացիութիւն շնորհել սուրիացի սիւննի գաղթականներուն, որպէսզի հաւասարակշռութիւն մը ստեղծէ Ալեքսանտրեթի Ալեւիներուն հետ, որոնք շրջանին մեծամասնութիւնը կը համարուին, մանաւանդ որ վերջին ամիսներուն Ալեւիներու կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու ընթացքին, անոնք Պաշշար Ասատի եւ սուրիոյ դրօշակնները բարձրացուցած են։ Ըստ թերթին, Էրտողանի կառավարութիւնը նախապէս թրքական քաղաքացիութիւն շնորհած է բազմաթիւ աֆղաններու, որոնք կայք հաստատած էին այս շրջանին մէջ, իսկ հիմա անիկա կը պատրաստուի նոյնը կատարելու սուրիացի գաղթականներուն համար։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
Պէյրութ, 9-10 Հոկտ. 2012

Տպել Տպել