Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

FotorCreatedԵրէկ, 27 օգոստոսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու գաղութը յուզող հարցեր:

Հանդիպումը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն, յատկապէս` քաղաքացիական բողոքի ելոյթներուն: Շեշտուեցաւ լիբանանցիին ընկերային-տնտեսական եւ կենցաղային դժուար պայմանները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ժողովրդային արդար պահանջներու հետապնդումը իրենց բնականոն հունին մէջ պահելու կարեւորութիւնը` առանց քաղաքականացման եւ արկածախնդրական քայլերու դիմելու:

Երկրի քաղաքական կացութեան անդրադառնալով` կուսակցութիւնները անհրաժեշտ գտան պետական կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:

Հանդիպումը նաեւ անդրադարձաւ գաղութի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք միասնական ջանքերով դիմագրաւելու միջոցներուն:

Աւարտին, մասնակիցները որոշեցին հերթական դրութեամբ շարունակել իրենց հանդիպումները:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՍԴՀԿ Լիբանանաի Շրջանի Վարիչ Մարմին

aztagdaily.com

Տպել Տպել