Ակնարկ. Շրջուած Է Միակողմանիութեան Կարծրատիպը

ազդակՀայաստանեան գործարարական շրջանակներէ կատարուած երկրորդ մեծագումար նուիրատուութիւնը սուրիահայութեան կարիքներուն արդէն իսկ որոշ վարքագիծի մը նախանիշը կը հաստատէ: Պարզ է, որ հետեւողական աշխատանքի մը իբրեւ արդիւնք` հայրենի գործարարներ կը դիմեն նման նախաձեռնութիւններու կամ կ՛ընդառաջեն իրենց կատարուող դիմումներուն` հասնելու սուրիահայութեան ծով կարիքներուն: Այդ աշխատանքը նախ եւ առաջ ծանօթացման, ճանաչողական եւ իրազեկման բնոյթ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապները լուսաբանելու, կրթականէն մինչեւ սնունդի, բնակարանայինէն մինչեւ բժշկական եւ ընկերային տարբեր կենսական անհրաժեշտութիւններ:

Առաջին անգամը չէ, որ նկատառելի գումարներ կը հայթայթուին հայաստանեան գործարարներու կողմէ ժողովրդային կարիքներու համար: Բայց առաջին անգամն է, որ նման ծաւալով միեւնոյն շրջանակները դէպի սփիւռք կ՛ուղղեն իրենց նպատակային նուիրատուութիւնը: Եւ այստեղ կը կայանայ մասնակցութեան խորհուրդը: Երեւոյթը յետադարձ հայեացքով զուգահեռ կը գծէ տակաւին խորհրդային օրերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լուսարձակներէ հեռու, մեր հայրենիքի վարիչներուն կողմէ ուղարկուած օժանդակութիւններուն. վարչակարգային եւ գաղափարաբանական պատնէշները չէին կրցած արգելակել ճգնաժամի մէջ յայտնուած ռազմավարական նշանակութիւն ներկայացնող եւ ինքնապաշտպանուելու որոշում կայացուցած հայրենակիցներուն գործնապէս ձեռք երկարելու որոշումի իրականացումը:

Խնդիրը մէկ ամբողջութեան գիտակցութիւնն էր եւ այդ ամբողջութեան կարեւոր մէկ հատուածին օգնութեան փութալու պատրաստակամութիւնն ու գործնականացումը: Եւ անկախ օժանդակութեան առարկայական եւ գործնական արժէքէն, բարոյագաղափարական առումով հսկայական էր անոր խորհուրդն ու արժէքը, զօրակցելու առինքնող փաստ ցոյց տալու: Օժանդակութիւն մը, որ թէ՛ խորհրդային Հայաստանի եւ թէ՛ մօտիկ անցեալի սփիւռքի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի ներազգային միաւորման գաղափարախօսութիւնը ընդգծելու տեսակէտէն:

Հիմա, բնականաբար տարբեր են պայմանները. եւ առաջին օրէն պետական գերատեսչութիւնները ներգրաւուած են պատերազմական ծանր ճգնաժամի մէջ յայտնուած սուրիահայութեան կարիքները թեթեւցնելու աշխատանքներուն մէջ: Կենցաղային դիւրութիւններու ընձեռում, մինչեւ օրէնքի բացառման կարգով տնօրինումներ, հիւանդանոցային անվճար բուժում, բարձրագոյն ուսման տրամադրում, ամէնէն պարզացուած եղանակով քաղաքացիութեան շնորհում եւ նմանատիպ միջոցներ անվերջ կ՛որոշուին կառավարութեան նիստերուն: Մինչ, «Օգնիր եղբօրդ» անուան տակ գործող կազմակերպութիւնը Երեւան-Հալէպ իրականացուող թռիչքներու ժամանակահատուածին թէ այլապէս, ժողովուրդին հասցուց կենսակարիքներու ծաւալային խմբաքանակներ: Այս նշումները պարզապէս լուսարձակի տակ բերելու համար են Երեւանէն եղած մասնակցութեան փաստերը:

Համահայկական առաջադրանքներու առաջնագիծը զբաղեցնող կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հայաստանեան տարբեր շրջանակներուն եւ գաղութի պատկան հաստատութիւններուն միջեւ իրականացնել օժանդակութիւններու համակարգումի աշխատանքները: Գործարարական շրջանակներու այս երկրորդ օրինակը Երեւանէն կատարուող օժանդակութիւններու նոր ուղղութիւն մըն է: Անիկա կը շրջէ սփիւռքէն հայրենիքին կատարուող օժանդակութիւններու միակողմանիութեան կարծրատիպը: Շօշափելի գումարներ պատկան հաստատութիւններու եւ այս պարագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր ճամբով Բերիոյ թեմին յանձնելով, հայրենի գործարարները կու տան փաստը օժանդակութիւններու առումով ներհայաստանեանէն համահայկականի անցումին:

Եւ կարեւորը ա՛յս է փաստօրէն: Ինչպէս որ ճգնաժամի ամէնէն սուր պայմաններուն մէջ յայտնուած դասական կարեւոր գաղութի մը ֆիզիքական անվտանգութեան խնդիրը համահայկական մակարդակի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, այնպէս նաեւ անոր օժանդակութեան կազմակերպումը հայրենիքի մէջ թէ տեղւոյն վրայ համահայկական տարողութիւն կը պահանջէ:

Այո. շրջուած է կարծրատիպը: Սուրիահայութեան ֆինանսական օժանդակութիւն հասցնելու առաջադրանքը յայտնուած է հայաստանեան գործարարական շրջանակներու ուշադրութեան կիզակէտին: Իսկ այս իրականութիւնը կ՛առարկայանայ գործնապէս, գումարային նկատառելի ծաւալներով:

Գումարներէն անդին, սուրիահայութիւնը կը զգայ Երեւանի շունչը, իր խնդիրներու լուծման հայրենի մասնակցութիւնը. ամփոփ բանաձեւումով` գործնական զօրակցութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել