«Ազդակ»ի Խմբագրական. Խորհրդարանական Համակարգ` Նաեւ Առաջին Հանրապետութեան Շրջանին

(Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

FotorCreatedՀայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով բնականաբար թէ՛ տարաբնոյթ թեմաներու, թէ՛ այլազան ոլորտներու եւ թէ՛ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին ըսելիք ունենալու հարկադրանքին առջեւ կը գտնէ ինքզինք հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ:

Տարաոլորտ երեւոյթներու մասին անշուշտ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին խօսելու, բարձրաձայնելու, քննարկելու եւ հրապարակային առաջարկներ ներկայացնելու: Փորձը` ամէնէն հրատապ թեմաներուն վրայ կեդրոնանալու, կ՛առաջնորդէ հետեւեալ մտածումներուն.-

Ներհայաստանեան քաղաքական եւ որոշակիօրէն նաեւ հասարակական դաշտերը կլանուած են այսօր Սահմանադրութեան բարեփոխումներու օրինագիծի քննարկումներով: Կը նկատուի, որ այս հիմնախնդիրին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մթնոլորտը քաղաքական որոշ շրջանակներու համար կը յատկանշուի իշխանութիւններու մնալու կամ մեկնելու ճակատագրորոշ պահ ստեղծելու մօտեցումով: Այս պատճառով է նաեւ, որ երբեմն առանց քննարկումներու, առանց բարեփոխուող յօդուածներուն յղում կատարելու, յաճախ շրջանցելով իրաւադրոյթները եւ խուսափելով փաստարկներուն դիմաց հիմնաւորուած հակափաստարկներ ներկայացնելէ, ՈՉ-ականները զուտ իշխանութիւններու վերարտադրողականութեան կամ իշխանափոխութիւն իրականացնելու պահի ստեղծման հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կ՛ուզեն դիտարկել եւ քննարկել խորքին մէջ ըստ էութեան համակարգային փոփոխութիւն ապահովող նոր սահմանադրութեան հարցը:

Եւ որովհետեւ խորհուրդը կը վերաբերի անկախութեան, ուրեմն նաեւ` ինքնիշխանութեան, փորձենք կեդրոնանալ սահմանադրութեան այն իրաւադրոյթին վրայ, որ վերպետական կազմակերպութեան հետ անդամակցութեան համար որեւէ համաձայնագիրի կնքում կը պայմանաւորէ հանրաքուէով: ՈՉ-ի շարժման հետեւորդները այս դրոյթին մէջ արագօրէն տեսան տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող միտում եւ առ այդ հիմնովին մերժելի դարձուցին բարեփոխումի նման կէտ: Այս տրամաբանութիւնը համոզուած էր եւ կը փորձէր համոզել, որ նոր սահմանադրութիւնը այսպիսով դուռ կը բանայ անկախ հանրապետութենէն դէպի որեւէ քաղաքական նոր միաւորի ներընդգրկում, կամ տուեալ երկրի կցման հնարաւորութիւն:

Բարեփոխումը սակայն, գիշերային դիւանագիտութեան կանխարգիլման սահմանադրական արգելք կը բերէ: Այլ խօսքով, նոյն ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ բուռն քննադատուած Եւրոպական Միութեան հետ բանակցիլ եւ մէկ օրուան մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու ընթացակարգը կը կասեցուի այս ձեւով: Բարեփոխուած սահմանադրութեան ընդունումով, նախ անշուշտ ըստ էութեան արարողակարգային գործառոյթներ ստանձնող նախագահը լիազօրութիւն չ՛ունենար նման որոշում կայացնելու, երկրորդ` որեւէ Ազգային ժողով եւ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար, թէկուզ հաւաքական եղանակով, ինքնուրոյն որոշել նման միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցիլ: Այս տեսակ որոշումներու տէրը ժողովուրդն է, որ իր կամքը կ՛արտայայտէ ուղղակի, հանրաքուէով:

Ուրեմն, նման յօդուած առաւել եւս կը հաստատէ ինքնիշխանութիւնը, ինքնորոշումը, եւ Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը: Այստեղ տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայացումը նոյնիսկ տեսականօրէն գրեթէ անտեսանելի է:

Թերեւս ոչ անպայման անմիջականօրէն քաղաքական, այնուամենայնիւ գաղափարական խորհուրդ մը հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ նաեւ կիսանախագահականէն խորհրդարանական համակարգի անցումին մէջ: Շուտով, համայն հայութիւնը պիտի նախապատրաստուի նշելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Իսկ Առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդարանական էր, վարչապետին վստահուած լիազօրութիւններով, առանց նախագահի պաշտօնին:

Մեզմէ շուրջ հարիւր տարի առաջ ստեղծուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը նոյնպէս ժողովրդավար բնոյթ ունէր: Կարելի է յիշել ինչպէս 80 երեսփոխան ունեցող խորհրդարանին մէջ ընդամէնը 8 աթոռ ունեցող ընդդիմութիւնը լրջօրէն կը ճնշէր ոչ միայն խորհրդարանի, այլեւ կառավարութեան վրայ: Եւ այս երեւոյթը պայմանաւորուած էր կառավարող ուժին իսկ նախաձեռնութեամբ կառավարման վարչապետական համակարգի որդեգրմամբ: Երեւոյթը մէկ անգամ եւս կը փաստէր, որ պետութեան մէջ ներքաղաքական ու ներհասարակական մթնոլորտը պետք է պայմանաւորուած ըլլայ ոչ թէ իշխանութեան բարեացակամութեամբ, այլ գոյութիւն ունեցող համակարգի առանձնայատկութեամբ:

Այսօրուան հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդն է Առաջին Հանրապետութեան: Նաեւ` կառավարման համակարգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել