Արդար է, որ լիբանանահայ հնոցը ստանա հայրենիքի գնահատականը

«Աղբալեան» Եւ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէներուն Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

downloadՊահը զգացական է անշուշտ: Անիկա կը վերաբերի մեզմէ շատերուն ծանօթ ընկերներու, ոմանց պարագային` երէց ընկերներու, ուրիշներու համար` սերնդակիցներու եւ մեծ թիւի մը համար` յուշերու ճամբով մտերիմ դարձած հրաշալի տղոց, հերոսներու:

Զգացականութիւնը, սակայն, յուզական աշխարհը որքան ալ մարդկայնօրէն հասկնալի ըլլայ, նման առիթներու պէտք է յաղթահարուի, մանաւանդ երբ գործը ունի յեղափոխական նկարագիր, երբ գաղափարը կը կրէ Դաշնակցութեան կնիքը, երբ հանգամանքները կը պարտադրեն ըլլալ զուսպ, եւ անձի փառաբանանքէն անդին` կեդրոնանալ աքթին, գործին եւ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստած մթնոլորտին վրայ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կազմակերպուած ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան նահատակուած հերոսները յիշատակելու, անշուշտ կարեւոր ուղերձներ կը պարփակէ իր մէջ:

Եւ այս առիթով առաջին մտածումը կ՛երթայ գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն ցուցաբերուած արհեստավարժութեան բարձր մակարդակին: Արդարեւ, ո՞ւր էր գաղտնիքը այն երեւոյթին, որ յաջողեցաւ կայծակնային արագութեամբ ղեկավարել ինքնապաշտպանական մեքենայ մը, կեդրոնական շտապով, իւրաքանչիւր ակումբի մէջ կազմուող ջոկատներով, քսանչորսամեայ պահակութեան տարիներու վրայ երկարող ռեժիմով, ջուրի, հացի մատակարարումէն մինչեւ լիբանանեան թէ պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու պատասխանատուներու հետ բանակցելու, յարաբերելու բաժանմունքներով ու տակաւին շտապ օգնութեան կազմակերպումէն մինչեւ կենցաղային տարրական անհրաժեշտութիւններու ծառայողական բաժիններու հաստատումով, մինչեւ կենցաղային ու ընտանեկան վէճերու հարթում, մինչեւ հայահոծ թաղերու դէմ այս կամ այն ուժին փորձած ոտնձգութիւններու չէզոքացում,

այլ խօսքով, բոլոր ինքնապաշտպանութեան մարտերու ոչ միայն կազմակերպումը, այլ նաեւ` պետութենէ մը ակնկալուած արտակարգ իրավիճակներու գերատեսչական գործի ընդհանուր համակարգի մը փայլուն կատարողականութիւնը:

Հայ ժամանակակից պատմաբանը դեռ երկար պիտի փորձէ պեղել այս գաղտնիքին ծալքերը: Զինուորական ոլորտի մասնագէտնե՞ր էին անոնք, վարչակառավարման ճիւղերու հետեւած կառավարչական հմտութիւններ ունեցողնե՞ր, յարձակումներ չէզոքացնող յատուկ ուժե՞ր, ու տակաւին, Նապաայի գործողութիւնը իրականացնող անկարգելաւորնե՞ր, որոնք կը գործէին արագ, լուռ, առանց վարանելու, որոնց հարուածը հատու էր, որոնք գիտէին, զատորոշել զինեալը անզէն բնակիչէն, որոնք պատժիչ հակահարուած տալ գիտէին, եւ որոնց մանաւանդ կանգ առնել չէր տար նահատակուելու վտանգը:

Այս հերոսները պաշտօնական բանակի մը զօրավարները, հրամանատարները, սպայական վարժարանի մը ուսանողները կամ գնդապետներն ու դասակի անդամները չէին, անոնք քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան զինուորագրեալներն էին. անոնք հայահոծ թաղամասերու մէջ հայկական դպրոց յաճախած աշակերտներ էին, որոնք հաւաքագրուեցան Դաշնակցութեան դրօշին տակ ջնջելով ամէն սահման` միութենական, կուսակցական եւ կամ այս կամ այն պատկանելիութեան անդամակցութիւններու միջեւ: Անոնք պարզապէս հայ երիտասարդներ էին, որոնք սիրայօժար, կամաւոր կը խմբուէին Դաշնակցութեան կեդրոնատեղիներուն մէջ` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան գործին:

Եւ ճիշդ է, որ առաջին հերթին ամէնէն աչքառու, գործին ձգած տպաւորութեամբ իսկ, զինուորական բաժինն է, որ առինքնող ու հմայիչ ազդեցութիւններով կ՛երեւայ իր ամբողջութեանը մէջ. այսուհանդերձ, անոր զուգակցող եւ անկէ առաջ զայն ղեկավարող քաղաքական բաժինը սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան եւ սփիւռքահայ քաղաքական մտածողութեան ամէնէն յատկանշական էջերէն կարելի է նկատել:

Ամբողջ Լիբանանը համայնքներու բախումին, ընդհարումներուն կէտին վրայ յայտնուած էր, եւ իր բացարձակին մէջ միակ համայնքը, իր կուսակցութիւններով, ունեցած էր այն գիտակից ու առողջ որոշումը կայացնելու բացառիկ հմտութիւնը` չներքաշուելու այլոց պատերազմներուն մէջ, մնալու միասնական եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու` հակադիր ուժերու միջեւ պահելու ոչ միայն համայնքային, այլ նաեւ աշխարհագրականօրէն ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող միջավայրին չէզոքութիւնը:

Բայց այս չէզոքութիւնը որեւէ ձեւով կրաւորականութիւն չէր նշանակեր: Ասիկա քաղաքական այն ինքնուրոյն կեցուածքն էր, որ օրին սուղ արժեց հայութեան, սակայն ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ գէթ տեսականօրէն օրինակ ծառայեց միւս բոլոր համայնքներուն, ամբողջ Լիբանանին նոյնիսկ:

Այս երեւոյթներու ծալքերուն մանրամասն պեղումը, գիտական ուսումնասիրութիւններն ու ճիշդ եւ առարկայական գնահատականներ տալը հաւանաբար օգտակար են` իմանալու համար միջինարեւելեան այս իւրայատուկ միջավայրի կարողականութեան մասին, աւելի ճիշդ գաղափար մը կազմելու այդ հսկայական ներուժի մասին:

Այո՛, միայն ընդհանուր գաղափար մը, որովհետեւ այս ներուժի պատրաստութեան պայմաններու եւ հանգամանքներու իրազեկումը սովորական ուսումնասիրութիւններու սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր, ոչ ալ յուշագրական թէ մամուլի փոխանցած տեղեկութիւններով եւ նոյնիսկ վերլուծական յօդուածներու ընթերցումով կ՛եզրակացուի:

Ներուժի կայացումը շատ աւելին է, քան` թաղային ինքնապաշտպանութեան գործը: Այդ ներուժը հայահոծ թաղերու պաշտպանութենէն անդին` գաղափարի սպասարկուն էր, պայծառ գաղափարախօսութեան մը ճամբայ հարթողը եւ գաղութը համազգային իղձերու եւ քաղաքական առաջադրանքներու ծառայեցնող ուժը:

Նպատակաուղղուած որոշումներու հիման վրայ նոյն ժամանակահատուածին կը վերաբերէր նաեւ յեղափոխական աւանդներուն վերադարձ կատարող որոշումը: Եւ պատահական չէ, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը առաջին քառասնամեակի նշումէն անմիջապէս ետք կը նախապատրաստուի նշելու երկրորդին քառասնամեակը:

Խօսքը Կարսի սփիւռքեան հնոցին մասին է շեշտակիօրէն, ուր դարբնուեցան թուրքին հետ ուժական լեզուով խօսողները: Պայքարի նոր եղանակ ստեղծողները: Եւ որեւէ վիճակագրական ուսումնասիրութիւն պիտի նկատէ, որ ձերբակալուողները, քաղաքական բանտարկեալները, ինկած վիրաւորները թէ նահատակները ուրկէ՛ կու գային, ի՛նչ տեսակի դաստիարակութիւն կրած էին, անոնցմէ որո՞նք մասնակցած էին լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն, եւ որո՞նք տակաւին կեանքի ամէնէն ծաղկուն ժամանակահատուածին նախընտրած էին քալել հայութեան ազատագրութեան վտանգաւոր ճանապարհէն:

Եւ դարձեալ մեծ խորհուրդ էր, անպեղելի գաղտնիք, թէ այն ի՛նչ արհեստավարժութեան բարձր մակարդակ էր, որ դեսպաններ զգետնելու արհեստավարժ գործողութիւններու շարք հրամցուց աշխարհին` թիրախ ունենալով միայն թուրք պետութեան ներկայացուցիչները, զանոնք յստակօրէն տարանջատելով անզէնէն եւ քաղաքացիէն: Նրբանկատ ի՜նչ տեսակի գործողութիւններ էին անոնք, որոնց մեծ մասին հետքերը մնացին անյայտ, ձեռագիրներն ու պահանջները յստակ, թշնամիին հարուած հասցնելու ոճը` ծանօթ:

Այո՛, իրաւամբ դժուար է կուտակուած այս ներուժին, գործի ղեկավարման, կարգապահութեան եւ գաղտնապահութեան եւ գործէն ակնկալուած տարբեր միջոցառումներ որդեգրելու ուժական այս արուեստին գաղտնիքները պեղելը: Յստակ է սակայն միջավայրը, անոր իւրայատկութիւնները եւ այդ միջավայրի մէջ կազմաւորուած հերոսներուն անմնացորդ ծառայելու վճռակամութիւնը:

Եւ յետոյ մտածել, թէկուզ` գաղափարական միայն այս կեդրոնին օրինակները նկատի ունենալով, որ Վիտոշի Բազէի նմանողութեամբ Սերժ Թովմասեանը համազգային նպատակներ հետապնդող ինչ տեսակ աշխատանքի համար, փորձարկման պահուն իր ընկերները փրկելու համար պիտի պառկէր անժամանակ պայթող ռումբին վրայ:

Կամ պատանեկանէն ԼԵՄ-ի շարքեր անցման հանգրուանին մէջ գտնուող Պարոյր Տուտագլեանը պիտի վճռէր փութալ Սիսի շրջանի առաջնագիծ` այնտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու ժողովուրդի պաշտպանութեան գործին եւ իյնալու հակառակորդ արձակազէնի փամփուշտէն:

Մինչ, աւելի ուշ, այդ օրերուն «Աղբալեան»-ի շրջանին մէջ գործող Զալքայի ակումբին դէմ կատարուած յարձակումին դիմադրելու ընթացքին հերոսաբար պիտի իյնար Ռաֆֆի Պաստրմաճեանը:

Ու տակաւին մենք մեզի հարց տալու, թէ ի՞նչն էր, կամ ո՞ր դաստիարակութիւնը, որ պիտի մղէր 19-ամեայ Կարօ Գափլանեանը անտարբեր ու կրաւորական չմնալու հայ կնոջ դէմ յարձակած խուլիկաններուն ի տես:

Նահատակները կ՛իյնային, երբ տակաւին հնչած չէր արցախեան գոյամարտին գործնապէս եւ ֆիզիքապէս մասնակից դառնալու ժամը: Եւ հիմա դարձեալ մտածենք, որ երբ այդ ժամը հնչեց, դարձեալ ո՞ր միջավայրէն էին օգնութեան փութացողները, ո՞ր տղաքն էին հերթի սպասողները` Արցախ մեկնելու: Ու տակաւին, սփիւռքեան նահատակներու անունները ո՞ր թաղերու պատկանելիութիւնը կը կրէին:

Այս հարցումներու պատասխաններու որոնման ընթացքը վերստին կը կեդրոնանայ միեւնոյն հնոցի իւրայատկութիւններուն վրայ:

Ի վերջոյ նոյն նպատակին կը ծառայեն «Աղբալեան»-ի մէջ փորձարկման պահուն արկածով պայթած ռումբին թէ արցախեան շփման գիծերու վրայ կամ Մարտունիի մէջ պայթող ականներուն զոհ գացած նահատակներուն կատարած աշխատանքները: Նոյն նպատակին համար վտանգի գօտի մեկնած էին Սիսի շրջանի մէջ արձակազէնի թէ Հայաստանի սահմանագօտիներուն վրայ դիպուկահարի զոհ գացած մարտիկները. Զալքայի մէջ կը նահատակուէր այդ օրերուն Տաւուշի դիրքերը պաշտպանելու առիթը չունեցող, բայց ժողովրդային տունը իբրեւ ամրոց պաշտպանող հայ զինեալը. եւ տակաւին, նոյն մղումը ունէին հայ ընտանիքի կեանք փրկելու համար Անթիլիասի մէջ թէ Շուշիի ազատագրութեան ճիշդ նախօրեակին Լիսագորի մէջ նոյն միութեան դաստիարակութիւնը ստացած եւ նահատակուող հասակակիցները:

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է գուրգուրալ Կարսի սփիւռքեան հնոցի իւրայատկութիւններուն, հանգամանքներուն եւ անոր կուտակած գաղափարական եւ ուժական ներուժին վրայ: Այս հնոցին նօսրացումը հարուած է մեր համազգային Դատին: Այս հնոցին չէզոքացումը միայն հակառակորդի շահերէն կը բխի:

Լիբանանահայ հնոցը պատրաստած է հայկական թաղերը պաշտպանողներն ու նահատակուողները, այս միջավայրէն ծնունդ առած են թուրքին հետ ուժի լեզուով խօսողները, քաղաքական բանտարկեալները, ազատութեան բագինին զոհաբերուողները, Արցախ մեկնողները եւ այնտեղ նահատակուածները: Այս հնոցը համահայկական արժեհամակարգին մէջ բացարձակ արժէք է, որուն կը նային եւ որմէ կը ներշնչուին բոլորը:

Այս հնոցը սփիւռքահայութեան ժամանակակից պատմութեան նոր ելակէտ, նոր զսպանակում, նոր եղանակ ապահոված ըլլալու փաստով իր յատուկ գնահատականը կը ստանայ անպայման: Այսօր անկախ է մեր հանրապետութիւնը, մարտունակ է մեր բանակը: Պաշտպանուած են մեր սահմանները: Եւ արդար է, որ մեր Հնոցը յայտնուի մեր հայրենիքի պաշտպանական համակարգի ուշադրութեան կեդրոնին` իբրեւ նպատակաուղղելի կարողականութիւն:

Այս հնոցի եւ անոր ապահոված հրաշալի արտադրողականութեան առաւել եւս կատարելագործման համար զոհուեցան լիբանանահայ հերոսները:

Յարգա՛նք իրենց յիշատակին:

Տպել Տպել