Հաղորդագրութիւն

FotorCreatedԵրէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի վարիչ մարմինը ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը:

Ժողովականները քննարկեցին երկրին զգայուն իրավիճակը եւ շեշտեցին, որ այս հանգրուանին լիբանանահայութիւնը հեռու պէտք է պահել ամէն տեսակի ներքին լարուածութիւններէ եւ չտարուիլ որեւէ ժխտական հոսանքով, որ կրնայ զգայնութիւններ ստեղծել գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ որոշեցին հետամուտ ըլլալ պահպանելու լիբանանահայութեան համերաշխութիւնը:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Տպել Տպել