Բագրատունի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ապահովական Պատասխանատուներու Հետ

logoՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցնող օրերուն հանդիպումներ ունեցաւ երկրի ապահովական սպասարկութեանց պետերուն հետ, որոնց հետ քննարկումի նիւթ դարձուց Լիբանանի անդորրութեան պահպանման առնչուող հարցեր:

Բագրատունի յաջորդաբար տեսակցեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Էտմոն Ֆատելի, Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան պետ զօր. Ժորժ Քարաայի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Վերջին հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ տեղափոխուածներու կեցութեան թուղթերու եւ ընդհանրապէս գաղթականներու հետ առնչուող հարցեր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել