Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

azdak1Երէկ երեսուն տարի առաջ անարգօրէն առեւանգուած եւ նահատակուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակի հանդիսութիւնն էր: Բեմէն նահատակ ընկերոջ խօսքն ու շունչը կը պատգամէին հանդիսատեսին. «Թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը, ազգային միութեան եւ համազգային իտէալներու կենսագործման ի խնդիր հաւաքական մեր պայքարը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 30-ամեակին առիթով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան, որուն ընթացքին հնչեց նահատակ ընկերոջ կենդանի ձայնը` Մայիս 28-ի առիթով մը արտասանած իր պատգամէն հատուածով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ Սարգիս Զէյթլեանի տիպարը երիտասարդութեան համար պէտք է դառնայ խորհրդանիշ, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ կուսակցութեան սրբազան շունչն ու ոգին: Սարգիս Զէյթլեան իր մտաւորական, կրթական, կազմակերպական, գաղափարական եւ յարաբերական գործերով իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է փոփոխութիւն յառաջացնելու, հասարակութիւնը զարգացնելու եւ հաւաքականութեան ապահով միջավայր ստեղծելու, Հայ դատի նուիրական գործին ծառայելու: Րաֆֆի Տեմիրճեան աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ Սարգիս Զէյթլեան համատեղ մարմնաւորած է բահը, բրիչը, սուրն ու գրիչը, որոնց հաւաքական ըմբռնողութեան մէջ կը կայանայ Դաշնակցութեան արժէքն ու գործին վարկը:

Ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին խօսող տեսերիզ մը: Ապա` «Ով որ քաջ է» երգը մեկնաբանեց Գէորգ Պէպէճեան, իսկ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը` Կարօ Քէլէշեան, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի:ազդակ

Յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Վաչէ Բրուտեան: Ան ըսաւ, թէ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական պայքարներու միջավայրին մէջ Դաշնակցութեան համար կը ստեղծուէին գաղափարական վերանորոգման, հայութեան պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման մարզին մէջ անհրաժեշտութիւններ, որոնք կարելի եղաւ իրականացնել Հրայր Մարուխեանով, Բաբգէն Փափազեանով, Հրաչ Տասնապետեանով ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանով, որ Դաշնակցութեան միտքն ու խօսքը բացատրելու, վերլուծելու, այդ միտքով հայկական հաւաքական կարծիք եւ ազգային հաւաքական կամք ստեղծելու դժուարին ու պատասխանատու ուղին ընտրած էր: Վաչէ Բրուտեան յայտնեց, որ Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացած է կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, որուն համար տեսլականն ու նպատակը յստակ եղած են: Զէյթլեան ղեկավարած է գաղափարով: Հաւատացած է, որ գաղափարական կենարար ուժով պէտք է հայ ժողովուրդին մօտ համազգային մտածողութիւնը եւ ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդել: Վաչէ Բրուտեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Սարգիս Զէյթլեան բծախնդիր մօտեցում ունէր հայ լեզուին նկատմամբ: Ան հանդիսացած է դաշնակցական մամուլի իւրայատուկ ու կեդրոնական դէմքը: Ան կը գուրգուրար, երբ կ՛առաջնորդէր, կը գուրգուրար, երբ կը ղեկավարէր, երբ մղում կու տար ու կը քաջալերէր, կը գուրգուրար, երբ նոյնիսկ կը յանդիմանէր. այս է Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցական մտաւորականի մեծագոյն արժանիքը» (Վաչէ Բրուտեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կտոր մը ներկայացուցին Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակով եւ Շանթ Նոխուտեան` դաշնակով:sar-5_10-23-15 (1)

Յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքը եղած է ազգային կազմաւորման եւ ապա` ազգային նպատակներու իրականացման ի խնդիր ամէնօրեայ նուիրաբերումի 55 տարիներու ժամանակամիջոց մը, որ աւարտած է իր կամքէն անկախ` դաւադիր մարդոց ձեռքով: Ան հաստատեց, որ Սարգիս Զէյթլեան եղած է այն մտաւորականներէն, որոնք հետեւած են պարտականութեան պարտադրած ուղիին, քան անհատական նախասիրութիւններուն: Ապա ըսաւ, թէ Սարգիս Զէյթլեանի համալիբանանեան գործունէութեան քառամեակը յատկանշուած է կազմակերպական աննախընթաց վերելքով եւ հայութեան իրաւունքներու նոյնքան աննախընթաց ձեռքբերումով: Զէյթլեանի պաշտօնավարութեան շրջանը եղած է բեկումնային այն կէտը, երբ լիբանանահայը իր աղերսողի վիճակէն անցում կատարած է դէպի պահանջողի դիրքեր:

Մկրտիչ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 20-րդ դարու գաղափարական կռիւին մէջ Սարգիս Զէյթլեան կը քարոզէր ըլլալ հոն, ուր գոհացում կը գտնեն հայութեան իղձերու իրականացման պահանջները: Անոր հրապարակագրական նպատակակէտը Հայ դատը եղած է` իր քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային բոլոր ստորոգելիներով: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Ի՜նչ փոյթ, եթէ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի թելը կտրուեցաւ բրտօրէն եւ անակնկալ, երբ իր յիշատակը աշխարհագրական մէկ կէտով չէ պայմանաւորուած, ան ամէնուրեք է»: (Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Յիշատակի հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Վէրքերով լի» երգը:

Յայտնենք, որ այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ զետեղուած էին Սարգիս Զէյթլեանի գործակից ընկերներուն վկայութիւնները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել