Հ. Յ. Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ողջունէ Փարակուայի Ծերակոյտին որոշումը

FotorCreated«Հոկտեմբեր 29, 2015ին Փարակուայ վերածուեցաւ հարաւամերիկեան եօթերորդ երկրին որ Օրէնսդիր Իշխանութեան մակարդակով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հակառակ դիւանագիտական աշխոյժ լոպպիինկին որ թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը գործի դրած էր մայրաքաղաք Ասունսիոնի մէջ վերջին քանի մը տարիներուն եւ բազմացուցած իր ճիգերը մասնաւորբար Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակին:»

Այս բառերով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ յայտարարութեամբ մը ողջունեց Փարակուայի Ծերակոյտին որոշումը, որ Յառաջդիմական Ժողովրդավար Կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Տեզիրէ Մասիի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած էր եւ արժանացած Օրէնսդիր Մարմնի միաձայն հաւանութեան:

«Հարիւրերորդ Տարելիցին, Հայ Դատի Յանձնախումբը վեր կ’առնէ քաջութիւնը, ճիգն ու յանձնառութիւնը բոլոր անոնց որոնք այս որոշման ետին կանգնեցան եւ պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը գըրադասեցին ժխտողականութեան ճնշումներէն: Փարակուայ կամովին կը միանայ Ճշմարտութեան, Յիշողութեան եւ Արդարութեան կամար միջազգային պայքարին եւ կը դառնայ դրօշակիրներէն մէկը այդ պայքարին ներկայ եւ զօրավիգ Հարաւային Ամերիկային», կ’ըսուի Յայտարարութեան մէջ:

Այս որոշումով, կ’եզրափակէ Հայ Դատի Յանձնախումբը, Փարակուայ, Ուրուկուայի, Արժանթինի, Չիլէի, Պրազիլի, Պոլիվիայի եւ Վենեզուելայի քոյր հանրապետութիւններու կողքին «կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ պատմական արդարութեան վերահաստատման, մարդկութեան դէմ ոճիրու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխատեսումին, ինչպէս նաեւ ամէն ձեւի ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազնիւ դատին»:

Տպել Տպել