Ակնարկ. Էրտողանին Հետ Շրջագայող Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

FotorCreatedԹուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նախագահ Էրտողանի համար կէս չափով բացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու դուռը: Առաջադրանքը այս փոփոխութիւններուն գերնախագահական համակարգի հաստատումն է, կամ այլ խօսքով` էրտողանական վարքագիծի միաբեւեռացումը: Իշխող կուսակցութեան ապահոված խորհրդարանական աթոռներուն թիւը չ՛արտօներ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի որոշումը առնէ խորհրդարանը: Այստեղ պէտք է միանան իշխող կուսակցութենէն դուրս խորհրդարանական այլ քուէներ, որպէսզի գոյանայ անհրաժեշտ թիւը:

Բայց առաջադրուած նուազագոյն թիւի անցողիկութիւն ապահովելը կը թուի, որ հեռահար եւ անյաղթահարելի հարց չէ էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան համար: Ուրեմն, պիտի փոխուի սահմանադրութիւնը եւ Էրտողանի սուլթանացումը սկիզբ պիտի առնէ: Գործող սահմանադրութիւնը Թուրքիոյ պարագային վարչապետական է: Թուրքիոյ քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողները գիտեն, համոզուած են սակայն, որ ուժի բեւեռացումը տակաւին այսօր նախագահական առաջադրուած լիազօրութիւններ չապահոված Էրտողանի մօտ է: Վարչապետի գործակատարը կամ երէկուան վարչապետը` Տաւութօղլուն Էրտողանի կայացուցած որոշումները դիւանագիտական արուեստով իրականացնողն է պարզապէս: Ի վերջոյ կ՛ենթադրուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու կարգապահութիւնը այնքան ուշագրաւ կատարելութեամբ չեն յատկանշուիր, որ վարչապետին թելադրեն իր լիազօրութիւններու կրճատման համար այս թափով աշխատիլ®

Այս վարկածը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ մտաբերենք մօտիկ անցեալին միեւնոյն սահմանադրութեամբ գործող նախագահ Կիւլ-վարչապետ Էրտողան զուգապետութիւնը, երբ տառացիօրէն կը յարգուէր սահմանադրութեամբ ամրագրուած վարչապետական համակարգը:

Սահմանադրութիւնը չէ փոխուած. փոխուած է նախագահը, որուն հետ նաեւ` իրողական լիազօրութիւնները: Խնդիրը այս պարագային Էրտողանի հետ շրջագայող իրողական լիազօրութիւններն են, որոնք Թուրքիան կը հեռացնեն սահմանադրական իրաւականութենէ:

Իրողապէս նախագահական համակարգը նաեւ սահմանադրականացնելու աշխատանքին կը ձեռնարկուի այս ձեւով: Պաշտօնապէս յայտարարուածն ալ այդ է արդէն: Յետընտրական Թուրքիան, սակայն, նախագծուած բեմագրութիւններու հիման վրայ հեզասահ ճամբաներէ չէ, որ պիտի ընթանայ: Թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով խմորումները սառելու միտումներ ցոյց չեն տար: Էրտողանի սուլթանացման վարքագիծը անպայման կը բախի ճակատագրորոշ խոչընդոտներու: Ներթրքական հարթութեան վրայ արտաքին միջամտութիւններուն եւ ներշնչումներուն Անգարան պատասխանեց պատանդի կարգավիճակի համազօրութեամբ իր մօտ պահած գաղթականներուն առաջին զանգուածային խմբաքանակը Եւրոպա ուղարկելով եւ մարդասիրական համաեւրոպական ճգնաժամ ստեղծելով: Մինչ, ազգայնական ծայրայեղականութեան եւ ձախակողմեան քաղաքացիութեան միջեւ երկակի խաղ բեմագրելով Էրտողանը թէ՛ սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց ազգային փոքրամասնական շրջանակներու եւ քաղաքացիական շարժումներու մօտ եւ թէ՛ ծայրայեղ ազգայնականները զսպելու դեր ստանձնեց: Բոլորը ազդեցին ընտրական արդիւնքներուն վրայ: Նահանջը` ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պարագաներուն, աւելի քան պարզ է:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը նոյն օրը կայացան նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այստեղ ո՛չ սահմանադրութիւն փոխելու հարց կայ, ո՛չ ալ ժողովրդավար կարգեր նոյնիսկ երեւութապէս ցուցադրելու: Եղածը ընտրական ձեռնարկ մըն է ալիեւեան վարչակարգի վերարտադրութեան արարողութիւնը կազմակերպելու:

Դէպի միանձնեայ հանրապետութիւն ուղղուող Թուրքիոյ եւ բռնատիրական Ազրպէյճանի հարեւանութեամբ Երեւանը կ՛ընթանայ դէպի յաւելեալ ժողովրդավարութիւն, դէպի օրէնսդիր-գործադիր-դատական իրար հակակշռման դրութիւն, դէպի խորհրդարանական համակարգ: Այստեղ ահա, դէտերուն, Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերներուն թէ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին համար երկակի չափանիշներ կամ համահաւասարեցման խաղեր կիրարկելու տեղ չկայ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել