Ակնարկ. Տեղեկատուական Շահարկումներու Փորձեր

FotorCreatedԱրցախի Հանրապետութեան նախագահին տուած մամլոյ ասուլիսը առաջինն էր, որ տեղի կ՛ունենար Մոսկուայի մէջ: Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ Բակօ Սահակեանի յայտարարածներուն մէջ կ՛առանձնանայ այն սկզբունքին վերընդգծումը, որուն համաձայն, որեւէ համաձայնութեան յանգում պայմանաւորուած է Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութեամբ բանակցային գործընթացին:

Այս մէկը նաեւ անուղղակիօրէն կը պատասխանէր վերջերս ալիքաւորում ստացած այն լրատուութիւններուն, կանխատեսումներուն եւ վերլուծումներուն, որոնք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան մէջ կ՛ուզէին տեսնել համաձայնական տարազի նոր նախագիծ, ռուսական խաղաղապահ ուժերու տեղակայում Արցախի մէջ, հիմնահարցի սառեցում եւ «տարածք կարգավիճակի դիմաց» բանաձեւի իրականացման նախադրեալներ: Այն ինչ որ գրուեցաւ եւ հետագայ մեկնաբանութիւններու առիթ տուաւ, հիմնուած էր զուտ ենթադրութիւններու վրայ, որոնց իբրեւ հիմնաւորում ներկայացուեցան զուգադիպող փաստեր: Այսինքն, որքան որ հաւանական է, թէ նման խօսակցութիւն եղած է, նոյնքան ալ հաւանական է, որ նման խնդիր չէ արծարծուած:

Այս կանխատեսումները քիչ մը աւելի տեսանելութեան ձեւ ստացան, երբ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց իր ակնկալութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահները ընդունին համանախագահներու նոր առաջարկները: Այստեղ այլեւս խնդիրը տեղեկատուական եւ կանխատեսական-վերլուծականէն աւելին էր` տրուած ըլլալով, որ նոր առաջարկներու գոյութեան մասին խօսողը Միացեալ Նահանգներու ներկայացնող պաշտօնական անձնաւորութիւն էր:

Վերադառնանք մամլոյ ասուլիսին. ասուլիսը կազմակերպուած էր ռուսական նշանաւոր «Ռեկնում» տեղեկատուական-վերլուծական կազմակերպութեան կողմէ: Առաջին անգամն էր, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը Մոսկուայի մէջ կը հրաւիրուէր ասուլիս տալու. «Ռեկնում»-ի ղեկավարութիւնը ի սկզբանէ կը ճշդէր, որ իրենց գործակալութիւնը չունի պաշտօնական, կառավարական առումով հանգամանք: «Ռեկնում»-ի հետեւողները սակայն ըստ ձեւի համաձայնելով այս պարզաբանումին, կրնան անպայման համաձայն չըլլալ ըսուածին էութեան:

Ասուլիսի նախաբանը եւ նման ճշդում կատարող «ռեկնում»-ի ներկայացուցիչը միեւնոյն ասուլիսին հարց ուղղեց Արցախի նախագահին, թէ Արցախի օդակայանի գործարկման պարագային Ստեփանակերտը պատրաստ կ՛ըլլա՞յ ներգրաւուելու հակաահաբեկչական միացեալ գործողութիւններուն մէջ:

Առաջին հայեացքով հակաահաբեկչական միացեալ գործողութիւններու բնոյթը չի յստակացուիր: Արեւմտեան միացեալ ճակատին մասի՞ն է խօսքը, թէ՞ ռուսական օդուժին կազմակերպած յարձակումներուն, այսուհանդերձ նկատի ունենալով ասուլիսին միջավայրը, կազմակերպող գործակալութիւնը եւ օրեր առաջ օդային տարածքները միասնաբար պաշտպանելու հայ-ռուսական համաձայնութիւնը, պարզ կը դառնայ ակնարկուած գործողութիւններուն բնոյթը:

Նկատի ունենալով հարցին այժմէականութիւնն ու հրատապութիւնը, լրատու գործակալութիւնները կեդրոնացած էին այս հարցին վրայ եւ յատուկ մեկնաբանութեամբ ընդգծած, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը տրամադիր է Ստեփանակերտի օդակայանը տրամադրել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յայտարարուած ռուսական պատերազմին: Ընդ որում, խորագրային տեսքով ներկայացուած էին լուրերը:

Նախագահ Սահակեանի պատասխանը անշուշտ աւելի կշռադատուած էր: Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման պարագային, Արցախը պատրաստ կ՛ըլլայ քննարկելու հակաահաբեկչական գործողութիւններուն մասնակից դառնալու կարելիութիւնները:

Հայկական լրատուադաշտը շտապողականութիւն ցոյց տալու պատճառ չունէր այս հարցին ուռճացուած ներկայացման, պարունակէն դուրս հանման եւ չըսուածը ըսուածի ձեւով խորագրային տարողութեամբ լուսաբանելու գուցէ հետաքրքրութիւն յառաջացնող, այսուհանդերձ ոչ անպայման շնորհակալ եւ օգտակար գործ կատարելով:

Շատ հասկնալի է, երբ նման հարցում կ՛ուղղուի, պաշտօնական հանգամանք ունեցող անձնաւորութիւնը չի կրնար անտարբեր, կրաւորական եւ բոլորվին բան չըսող ու այդ առումով այս անգամ այլ ուղղութեամբ անտեղի մեկնաբանութիւններու տեղի տուող պատասխան տալ:

Նրբերանգ մը եւս պէտք է նկատի ունենալ այս պարագային: Բակօ Սահակեանը յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած այս հարցին առնչութեամբ: Ինք պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումի մը: Ասուլիսը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է. կազմակերպողը տեսքով ոչ կառավարական կեդրոն է. հարցում ուղղողը եւ նիւթը արծարծողը այդ գործակալութեան ղեկավարն է, որ ի սկզբանէ ճշդած է, թէ «Ռեկնում»-ը չունի պաշտօնական հանգամանք: Ամէն պարագայի, որքան ալ որ «Ռեկնում» գործակալութիւնը շեշտէ իր «անկախ ըլլալը», անիկա ռուսական քարոզչադաշտին մէջ որոշակի կշիռ ունեցող լրատուամիջոց է եւ այդպիսով ալ կարելի է արժեւորել պաշտօնապէս ճանաչում չունեցող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ կազմակերպուած ասուլիսը: Ըսուածը հաստատող յաջորդ փաստն ալ այն ներկայացուցչական կազմն է, որ ներկայ էր ասուլիսին: Հակառակ անոր որ այս ներկայութիւնը եւս պաշտօնական հանգամանք չունէր:

Աւելցնենք այն, որ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի օրեր: Թէկուզ դարձեալ ոչ պաշտօնական մակարդակով:

Նման խնդիրներու պարագային հայկական լրատուամիջոցի առաջնային մղումը ոչ թէ զգայացունց լուր հաղորդելը պիտի ըլլայ, այլ նման նիւթեր առաջ քաշողներուն շարժառիթներուն հաշուարկումով (կամ գուցէ առանց շարժառիթներու) հայկական կողմին համար ձգելիք տեղեկատուական թէ այլ հաւանական հետեւանքները:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել