Հայ Դատը կ՚որոշէ նեցուկ չկանգնիլ նախագահական թեկնածուներուն

Նոյեմբեր 6ին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու ընտրութեանց նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ ո՛չ նախագահ Պարաք Օպամա եւ ո՛չ ալ Մեսեչուսեցի նախկին նահանգապետ ու Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռամնի պիտի արժանանան ամերիկահայութեան աջակցութեան:

«Ո՛չ Պարաք Օպաման, որ բազմաթիւ առիթներով դրժած է հայութիւնը յուզող հարցերու վերաբերեալ իր տուած խոստումները, ոչ ալ Միթ Ռամնին, որ իբրեւ Մեսեչուսեցի նախկին նահանգապետ, հրապարակայնօրէն չէ բացայայտած ամերիկահայութեան համար կարեւոր նկատուող հարցերու մասին իր կարծիքները, չեն կրցած ապահովել ամերիկահայ քուէարկողներու աջակցութիւնը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, որ աւելցուցած է. «Հակառակ այն իրողութեան, որ Քոնկրեսի մէջ, նահանգային մակարդակի վրայ, լրատուամիջոցներու ու ընդհանրապէս ամերիկեան հասարակութեան մէջ արձանագրուած յառաջընթացին, ամերիկահայերու համար կարեւորագոյն խնդիրներու շուրջ Ամերիկայի գործադիր իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ պատանդ մնալ Պաքուի եւ Անգարայի թելադրանքներուն: Մինչ մենք կը շարունակենք մեր կապերը պահել երկու ընտրապայքարներու ներկայացուցիչներուն հետ, առայժմ որեւէ թեկնածուի նեցուկ կանգնելու նպատակ չունինք»: Հայ Դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ յանձնախումբը պատրաստ է Նոյեմբեր 6ին յաղթանակ արձանագրած թեկնածուին ներկայացնելու ամերիկահայութեան տեսակէտները եւ արժէքները, շարունակելով իշխանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան տարբեր մակարդակներու վրայ պաշտպանել հայութեան շահերը:

«Նախագահ Օպաման 2008ին իշխանութեան եկաւ վայելելով Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը, ամերիկահայերու քուէները: Ան նախընտրական փուլին բազմաթիւ առիթներով խոստումներ տուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար լուծում մը ապահովելու եւ ամերիկահայերը յուզող շարք մը այլ հարցերու առնչութեամբ: Իշխանութեան անցնելէ ետք, Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու վերաբերեալ Օպամայի խոստումը չկատարուեցաւ: Կառավարման առաջին 90 օրերուն, իր վարչակազմի միջոցով, ան Ապրիլի 24էն առաջ Երեւանին ընդունիլ տուաւ «ճանապարհային քարտէս»ն ու արձանագրութիւնները, որոնք հարթակ հանդիսացան իր խոստումը խախտելու համար: Իր խոստումները խախտելու ամէնաակնառու օրինակներէն են՝ Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման քննարկման ընթացքին իր վարչակազմին ցուցաբերած ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «պատմական բանավէճ»ի նիւթ որակելու յայտարարութիւնը:
Խոստումը խախտելու նախագահի առաջին ազդանշանը 2009ի Մարտին եկաւ, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ան չօգտագործեց Հայկական Ցեղասպանութիւն եզրը, մինչ ան Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէր նայիլ իր անցեալին, բաւարարուելով այն նշումով, որ իր «անձնական տեսակէտ»ը այս հարցով անփոփոխ կը մնայ:

Նախագահը նաեւ չէ կատարած իր խոստումները այլ ոլորտներու մէջ: Փոխանակ արտօնելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծում մը գտնուի, հիմնուած ամերիկեան ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ, ան ատրպէյճանամէտ պաշտօնեայ մը՝ Մեթիու Պրայզային նշանակեց Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Ան նաեւ փորձեց նուազեցնել Հայաստանին յատկացուող արտաքին օժանդակութիւնը: Նաեւ, հակառակ անոր, որ իբրեւ թեկնածու խոստացած էր Հայաստանի հետ առեւտուրին զարկ տալ, ան այդ գծով որեւէ գործնական քայլ չառաւ: Իր ղեկավարման չորս տարիներու ընթացքին, հայ համայնքին հետ ան գոնէ մէկ անգամ հանդիպում չունեցաւ, հակառակ ամերկիկահայերու հետ մօտէն աշխատելու իր խոստումին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռամնի հայկական հարցերու շուրջ հրապարակայնօրէն չէ արտայայտուած: Ան նաեւ չէ համագործակցած եւ ոչ ալ հանդիպում ունեցած է հայ համանքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ցարդ Օպաման եւ Ռամնին չեն պատասխանած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ իրենց յղուած եւ հայ համայնքին յուզող շարք մը հարցումներուն, որոնց նպատակն է թեկնածուներուն տեսակէտները բացայայտել: Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու դիմումները եւս անպատասխան մնացած են:

Տպել Տպել