Շնորհաւոր 125ամեակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն…

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ջանիկ Քէչեանի խօսքը՝ Հ.Յ.Դ. 125-ամաեկի տօնակատարութեան, 4 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։

kayqՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնարկութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին, պէտք է նայինք, անպայմանօրէն, դէպի ետ եւ դէպի ապագան։

Պէտք է գնահատենք կատարուած ընդհանուր գործը եւ մտածել առարկայական ակնոցով ու քննական միտքով, եւ միշտ նայելով որքանո՛վ մօտեցանք մեր նպատակներուն։

Սուրը, բահը, գրիչը, կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ ու մարմնացան ռազմական, մարտական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն ու գործերուն մէջ։ «Յարատեւ կռիւ»ի գաղափարախօսը ինք եղաւ տիպար օրինակ եւ հետեւորդներուն ու գաղափարակիցներուն, եւ կեանքը տուաւ դաշնակցական պատասխանատուութեամբ իրեն վստահուած գործին։
Դաշնակցութեան ծնունդը հրապարակ իջաւ ազատագրական պայքարի մանիֆեստով մը, որ կոչ կ՚ընէր բոլոր հայերուն որ ժողովուրդը պայքարի համար պատրաստ ըլլայ։

Իր իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար կը փորձէր ցոյց տալ ազատութեան ճանապարհին անհրաժեշտութիւնը, եւ մասնաւորապէս՝ կարելիութիւնը։

Ես կը կարծեմ որ արդէն անձի մը համար դժուար է, բայց ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ ամենէն դժուար բաները որ կարելի է փոխել մտածելակերպն ու իմացական աշխարհներն են։

Ինչպէ՞ս բացատրել հարիւրաւոր տարիներ դժուարութիւններու մէջ ապրած ժողովուրդի մը որ կեանքի հոլովոյթը հիմնուած է առարկայական ու ենթակայական ազդակներուն գոյակցութեան վրայ, ու անհրաժեշտ է զանոնք ուսումնասիրել, վերլուծել ու վերածել դժուարութիւնները դիմագրաւելու միջոցներու եւ կայսերապաշտութեան դէմ պայքարելու… Ինպէ՞ս պիտի հասկնար թէ ի՛նք եւս իրաւունքը ունի ազատ ու անկախ կեանք մը ունենալու եւ ապրելու արժանավայել ձեւովխ հաւասար միւս բոլոր քաղաքացիներուն նման։

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար զինել ու ապստամբութեան պատրաստել հսկայական կայսրութեան մը ներքեւ ու ինքզինք «երկրորդ դասակարգ»ի ժողովուրդ մը դասած, եթէ չ՚ըլլային դաշնակցութեան գաղափարները…

Եւ ունեցանք մեր ծրագիրը, մեր կանոնները եւ կառոյցը, եւ գործեցինք այս ձեւով մինչեւ այսօր։
Անշուշտ որ Դաշնակցութեան նման 125 տարուայ կազմակերպութեան մը քաղաքականութիւնը չի կրնար իր գոյութեան ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած չ՚ըլլալ։

Երկու Համաշխարհային Պատերազմ վերապրած, միջազգային քաղաքական աշխարհի բազմաթիւ վերիվայրումները տեսած ու մասնակցած, պահելով իր գաղափարախօսութեան հիմնական տարրերը, իր քաղաքականութիւնը կեդրոնացուցած է հայ ժողովուրդի առօրեայ շահերը պաշտպանելու նպատակով, յարմարելով ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն։

Սակայն Դաշնակցութեան նպատակին պէտք չէ հասկնալ միմիայն ազգային նայուածքով, այլ զանոնք անպայման պէտք է դիտել, սերտօրէն կապուած, համամարդկային եւ ընկերային տեսանկիւնէ նաեւ։

Արեւելահայաստանի ու Ռուսաստանի մէջ ապրող երիտասարդութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ Կովկասին վերաբերող հարցերուն դիմաց։ Քրիստափորը, Ռոստոմը եւ Զաւարեանը կը կրէին այդ դարու վերջերուն տիրող մթնոլորտի ազդեցութիւնը։

Եւ այդ ձեւով, 1907 թուականի Վիեննայի Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին, մեր ազգային իրաւունքները եւ ընկերվարական արժէքներուն գաղափարախօսութիւնը գտան իրենց միացումը… Եւ այս միացումը հզօր հիմերը դրաւ մեր կազմակերպութեան գոյատեւման համար, որ մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնան։

Այս գաղափարներուն պէտք է աւելցնենք կազմակերպական ապակեդրոնացումի եւ գաղափարական կեդրոնացումի սկզբունքները, որ տարբեր երկիրներու մէջ, յաճախ բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ, ստեղծեցին համահայկական հզօր կառոյց մը, ստեղծեցին դաշնակցական որոշումներ եւ գործ, դաշնակցական ընկերներ։

Եւ այս համահունջ կեցուածքով, կրցանք կերտել անխորտակելի շղթայ մը։

Եւ այս համոզումներով ունեցանք ընկերներ Նիկոլ Դումանի պէս, եւ ունեցանք Խանասորի Արշաւանքը։

Եւ ունեցանք ընկերներ Բաբգէն Սիւնիի պէս, որ Պանք Օթոմանը գրաւեցին։

Եւ ունեցանք Ընդհանուր Ժողով մը, որուն մասնակցեցան ընկերներ բոլոր աշխարհէն, որմէ բխաւ հիմնական, ծրագրային, յստակ եւ փայլուն նպատակ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը։

Եւ ունեցանք Անդրանիկներ, Արամ Մանուկեաններ, Վրացեաններ, Տէվէճեաններ, որոնք կերտեցին Առաջին Հանրապետութիւնը 1918 թուականին։

Եւ ունեցանք ընկերներ Ահարոնեանի պէս, որ որդեգրեցին Սեւրի յաղթանակը, որ կը մնայ մինչեւ այսօր իբրեւ երաշխիք մը մեր միացեալ պահանջներուն համար։

Եւ ունեցանք ընկերներ Թեհլիրեանի պէս, Արամ Երկանեանի պէս, Արշաւիր Շիրակեանի պէս, Միսաք Թորլաքեանի պէս, Լիզպոնի հերոսներուն պէս, որ մեզ մօտեցուցին դէպի արդարութեան ճամբան։

Եւ ունեցանք հեռատես ղեկավարներ, Մարուխեաններու պէս, Զէյթլեաններու պէս, Վահան Յովհաննէսեաններու պէս…

Եւ ունինք հարիւրաւոր, հազարաւոր կամաւոր ընկերներ, ինչպէս կ՚ըսէ երգը՝ «գաղափարի խենթ մարդիկներ»… որ կը բաւարարուին համեստութեամբ աշխատանքի յաջողութիւններով։ Որ կը բաւարարուին զարգացնելով եւ վերանորոգելով աշխատանքը եւ միտքը նոր սերունդներով, եւ տեսնելով որ նաեւ երիտասարդութեան մէջ կը շարունակուի «յարատեւ կռիւ»ի պատգամը։

Մարդկային անհատական տկարութիւններու եւ պակասներու սրբագրիչը հաւաքական ղեկավարութիւնն է, ուր մէկը կը չէզոքացնէ միւսին թերութիւնը, ուր անհատը կը հարստանայ եւ կ՚ուժեղանայ ամբողջով, եւ իր կարգին կը հարստացնէ ու կ՚ուժեղացնէ ամբողջը…
Այս բոլոր յատկանիշները կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղտնիքը։

Անկարելի է նաեւ հասկնալ Դաշնակցութեան ուժը եւ արժէքը եթէ նկատի չ՚առնենք իր ազդեցութիւնը համակիր ժողովուրդին վրայ, բարերարներու օգնութեամբ, եւ մասնաւորապէս՝ իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու ճամբով։ Հ.Օ.Մ.ը, Համազգայինը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յստակ ծրագիրներով եւ նպատակներով կ՚ամբողջացնեն հսկայական գործունէութիւն մը, որ ունի իբրեւ արդիւնք ժողովուրդին մասնակցութիւնը բերել համազգային խնդիրներուն լուծման գործին։

Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ այն շրջագիծը, այն միջավայրը ուր կարելի է դարձած լաւագոյնս հաշտեցնել արդիականութիւնը թէ՛ որպէս մտածում, թէ՛ որպէս գործի տեղ, տրամաբանութիւնը հաւատքին հետ, անցեալը ապագայի մեր տեսլականի հետ, այսպիսով դառնալով կամուրջ մը հայ մտքին ու հոգիին պատմութեան ու ներկային ու ապագային ձգտումին միջեւ։

Այդպէս ալ կը շարունակէ մնալ վարակիչ ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան եղաւ ու մնաց մտքի ազգային արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ ճշդապահանջը ու իտէալապաշտ մարդոց հաւաքականութիւն մը։ Եւ վստահ եղէք որ միշտ պիտի շարունակէ ապրիլ, տագնապիլ ու գործել ազգային ամբողջկան յանձնառութեամբ, շարունակելով իր անջնջելի դրօշմը դնել հայ կեանքին վրայ։ Թիֆլիս, Վրաստանի մայրաքաղաքը, 19րդ դարու վերջաւորութեան ունէր զանազան Համալսարաններ, որոնց կարգին Բուսաբանութեան, Գրականութեան, Գիւղատնտեսութեան եւ Ընկերաբանութեան համալսարանները։

Քրիստափոր Միքայէլեանը աւարտեց այդ քաղաքի ուսուցչական վարժարանը, եւ այդ կոչումը զինքը մղեց դաստիարակելու, ղեկավարելու եւ երիտասարդներու խումբեր համախմբելու։

Սիմոն Զաւարեանը նոյնպէս իր ուսումը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ, ու եղաւ դասատու եւ յեղափոխական խումբերու կազմակերպիչ։
Ինչպէս տեղեակ էք, Դաշնակցութեան հիմնադիրներու երրորդութիւնը կ՚ամբողջացնէ Ստեփան Զօրեանը (Ռոստոմ), եւ երեքը մեր կազմակերպութեան ամուր հիմքերը հաստատեցին ու հայ ժողովուրդի յոյսի ճանապարհը գծեցին։

Անոնք իրենց մէջ ունէին ստեղծագործներու եռանդը, իրականութիւնը դէպի լաւագոյն ապագայ մը հասնելու ի նպաստ մղիչներու ոգեւորութիւնը։
Ճիշդ է, բոլորս տեղեակ ենք։ Հայաստանի ներկայ իրականութիւնը մեր առջեւ կը դնէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։

Մարտահրաւէրներէն ոմանք տնտեսական եւ ընկերային իրականութեան հետ կապուած են, որ արտագաղթի պատճառ կը դառնայ երկրի քաղաքացիներուն համար, եւ մտահոգութիւն կը ստեղծէ թէ՛ Հայրենիքին եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։

Մարտահրաւէրներէն ոմանք ուղղակիօրէն կապուած են Արցախի Հանրապետութեան կենսունակութեան եւ ապահովութեան հետ։

Կան մարտահրաւէրներ որ ժողովրդավարութեան կ՚առաջնորդեն որակի բարելաւումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիութեան մասնակցութիւնը։ Այդ առումով կը մղուի յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որուն առանցքը Խորհրդարանի միջոցաւ ժողովուրդին առաւել կարեւորելն է, ձեւ մը որ, ի միջի այլոց, արդէն գործադրուեցաւ 1918 թուականին եւ, ակնյայտօրէն, ժամանակի ընթացքին մեր պահած դիրքորոշումն է։

Առաւել, հարկ է նշել Սուրիահայութեան ներկայ իրականութեան հարցը, մեր այդ հայրենակիցներու կեանքի ու հնադարեան մշակութային գանձերու կորուստի վտանգը։

Նոյն առումով՝ Ջաւախքահայութեան կացութիւնը, որ մեր մտահոգութիւններուն մէջ մեծ տեղ կը գտնէ։

Նաեւ ճիշդ է թէ այստեղ ալ՝ Հարաւային Ամերիկայի համայնքները, հիմնական մարտահրաւէրներ ունին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընդհանուր առմամբ անոնց զարգացման հետ եւ իւրաքանչիւր հաստատութեան հարցերու կապակցութեամբ։

Հայկական վարժարաններուն կողմէ տարած աշխատանքին զուգահեռ, հսկայ մարտահրաւէր մըն է հայեցի դաստիարակութեան որակի բարելաւումը, որպէս հայկական ինքնութեան էական մասնիկ։

Համոզուած եմ որ ո՛չ Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրները միայն տեղւոյն վրայ բնակող քաղաքացիներուն միջոցաւ լուծում կրնան գտնել, ո՛չ ալ զանազան համայնքներուն խնդիրները լուծում կրնան գտնել միայն տեղական միջոցերով։

«Սփիւռքներու» ներկայութիւնը (թոյլ տուէք այս կոչումը օգտագործեմ, տրուած ըլլալով անոնց ընկերա-մշակութային տարբերութիւնները) այդքան կարեւոր է Հայաստանի կեանքի մէջ, ինչպէս որ հայոց պետականութեան ներդրումը կրնայ հիմնական ըլլալ համայնքներուն համար։
Երբ կ՚այցելենք Հայրենիքը՝ կը պարենք, կ՚երգեն եւ խորապէս կը յուզուինք, սակայն այդ չէ մեզ հարկաւոր վերջնական արդիւնքը։
Հաստատութիւնները ժողովուրդին առաւել մասնակցութեան կարիքը ունին։

Ճամբորդութենէ մը ետք ծնունդ առած մտածումներու եւ զգացումներու հետեւողականութիւնը, պէտք էր անպայման ցոլացուէր մեր համայնքի նկատմամբ առաւել զարգացում հասցնելու նպատակին օժանդակելու։

Համոզուած եմ թէ, նոյնպէս, ճիշդ է որ շատերը ինքնապաշտպանական դիրք կ՚որդեգրեն, իրենց չի մասնակցելու իրականութեան որպէս պատճառաբանութիւն արտայայտելով որ «քաղաքականութեան մէջ չեմ գործեր», ու այդ ձեւով ըստ երեւոյթին «կ՚արդարացնեն» իրենց կեցուածքը, եւ իրականութեան առջեւ կը մնալով միայն որպէս դիտորդ։

Սակայն՝ կրնա՞նք զերծ մնալ ընկերութեան խնդիրներէն։

Չի մասնակցիլ, որեւէ դաշտի կամ ամպիոնի մէջ, անպայմանօրէն միշտ պատճառ կ՚ըլլայ որ ուրիշները իմ տեղս որոշում առնեն։
Հասկնալի է թէ քաղաքական կարծիքները երբեմն ճեղք մը կը ստեղծեն կամ անհանգստութիւն կը պատճառեն։

Ասիկա կը պատահի ամէն տեղ, որովհետեւ գոյութիւն ունին աշխարհի հանդէպ տարբեր տեսակէտներ, եւ այդ պատճառով ալ՝ հասկնալի է։
Առաւել, համոզուած եմ թէ աշխարհը կարիքը ունի այդ զանազան տեսակէտներուն։ Պէտք չէ վախնանք այդ տարբեր կարծիքներուն կամ դիրքորոշումներուն առջեւ, այլ պէտք է վախնանք անտարբերութեան առջեւ։

Քաղաքականութիւնը նաեւ կը ճշդէ ուղին, կը մշակէ հաւաքական ձեւով մշակուած հարազատ նպատակներ, կը ստեղծէ դէպի հասարակ շահեր ու հեռանկարով մտածուած ընկերային տեսակէտներ եւ միջավայրեր։

Յառաջացած հեռանկարներ ստեղծելու ցանկութիւն կ՚ունենայ, ընկերութիւնը մղելով դէպի լաւագոյն հանգրուան մը։
Բոլորին ներդրումը եւ մասնակցութիւնը ոչ միայն կապ ունին անձնական զարգացման հետ, այլ կը բարելաւէ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ որպէս համայնքի մասնիկներ։

Համոզուած եմ թէ ի յայտ դրուած հանգստութիւնն ու անգործնականութիւնը մեզ կը մղէ մասնակցելու որպէս անհատ եւ որպէս ընկերութիւն։
Երբեմն ինքզինքիս հարց կու տամ՝ ի՞նչ պատմութիւն կը փափաքիմ որ ներկայացուի մեր ժամանակին հանդէպ։

Մասնակցութեան դրական հետեւանքներէն յստակ օրինակ մը եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման մասնակցութիւնը, որ սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի օրինակելի յայտարարութեամբ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի տարածքին եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներով։

Այս տարի արտաքին արձագանգը եղաւ շատ մեծ՝ քաղաքական, ընկերային, եկեղեցական եւ մշակութային միջոցառումներով, որոնք քանակի եւ որակի առումով տեղի ունեցան հետզհետէ։

Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ ազգային միասնականութեան պատճառներէն մէկը։

Ժողովուրդի մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բացայայտ եղաւ Գորտոպայի, Մոնթէվիտէոյի, Սան Փաւլոյի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Նոյն առումով եղաւ մեր շրջանի համայնքներու հաստատութիւններուն ղեկավարներուն միասնական կերպով յառաջ տարուած աշխատանքը։
Այս տեսակէտով, եւ նախորդ գաղափարին որպէս հետեւում, Սփիւռքներն ու Հայաստանը նոյնպէս միասնական կերպով գործակցած են, ինչ որ իր դրական արձագանգը ունեցաւ ամէնուրէք։

Մեր առաջարկն է ըլլալ դերակատար, մասնակցիլ, յանձնառութիւն ստանձնել եւ այդ բոլորը վերածել գործի։
Նոյնպէս հարց կու տանք՝ ի՞նչ ձեւով կարելի է յառաջ երթալ, ի՞նչ կրնանք ընել բարելաւում յաջողեցնելու համար։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջարկած էր 5 կէտերու հիմնական համաձայնութիւն մը, որ Հարաւային Ամերիկայի համայնքներու ապագայ գոյակցութեան հիմքերը կրնայ հաստատել։

Այս կէտերն են.-

1- Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ու հատուցման նկատմամբ գործունէութիւն.
2- Ժխտողականութեան որեւէ ձեւի դէմ պայքար.
3- Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչում որպէս հայ ժողովուրդի երաշխիք եւ իր ազգային պահանջքներու գործադրման միջոց.
4- Հայոց Եկեղեցւոյ արժեւորում հայոց մշակոյթի պահպանման համար.
5- Հայեցի դաստիարակութիւն որպէս ինքնութեան զարգացման հիմնական առանցք։
Թէեւ առաջին անգամը չէ որ նման փորձ մը կը յառաջացնենք, սակայն համոզուած ենք եւ կը պնդենք թէ այս նիւթերուն նկատմամբ հարկ է հաստատ եւ համայնքային առումով քայլեր որդեգրենք։

Մեզ առաջնորդող սերունդները, միւսներուն նման, ըստ իրենց պայմաններուն, մտածեցին եւ գործեցին փորձելով ըստ իրենց կարծիքի լաւագոյն որոշումները որդեգրել։

Երբեմն իրականութիւնը ջախջախիչ երեւոյթ ունի, դժուար լուծում ունեցող հարցերով, ըստ իրենց քանակին եւ տարածքին։
Սակայն կը մտածեմ՝ ե՞րբ գործած ենք բարենպաստ պայմաններու մէջ, ո՞ւր կը գտնուէինք որպէս ազգ եւ ո՞ւր կը գտնուինք ներկայիս։
Հարիւր տարի առաջ, հայութեան մեծամասնութիւնը գրեթէ կորսնցուցած էր իր հայեցի պատկանելիութիւնը։ Կորսնցուցած էր իր ազգային ծրագիրը եւ վստահութիւն չ՚ուներ իր ուժերուն հանդէպ, բնակչութիւնը վերածուած էր երկրորդ մակարդակի քաղաքացիներու, օտար կայսրութեան մը մէջ։
Հարկ էր առաւել եւս դժուար ճանապարհ մը հետեւիլ, որն էր ազգային գոյատեւման ապահովութիւնը։

Պէտք կա՞յ որ նշեմ մեր առջեւ եղած կարիքները, դժուարութիւնները։ Չեմ կարծեր որ պէտք ըլլայ։

Այսօր Դաշնակցութեան միջոցաւ կը մղենք գաղափարականը եւ կը գործենք ժողովուրդին կողքին, հաստատելով թէ իրադարձութիւնները կարելի է փոփոխութեան ենթարկել, եւ որ հնարաւոր է ընկերային ներառումով պետութիւն հաստատել, ինչպէս նաեւ Հայաստանը նկատել որպէս երկիր մը ուր իրենց զաւակներու եւ թոռներու ապագան կարելի է ապահովել։ Ուր լրիւ աշխատանքը եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը անզիջող նպատակներ են, որոնք նոյն ժամանակ մեր նպատակներն են։

Ժամանակի բերումով կարողացած ենք բազմաթիւ յաջողութիւններ ու կատարողութիւններ, որոնք այսօր բոլորին յաջողութիւններն են, եւ արդիւնք են ընկերային խիստ մշակման։

Կը յիշեմ Ղարաբաղի ի նպաստ քայլարշաւները, ժողովուրդի յանձնառութիւնը եւ հոն՝ Արցախի ազատագրման ժամանակ, մեր ներկայութիւնը Թաթուլ Կրպէեանի, Արթուր Մկրտիչեանի, Վարդան Բաշխեանի եւ այլ ազատամարտիկներու միջոցաւ։

Ներկայ եղանք երկրաշարժի հետեւանքով վերաշինութեան աշխատանքներուն ընթացքին, անկախութեան մշակման եւ Հանրապետութեան զարգացման ժամանակ, մասնակցութեան զանազան միջոցներով՝ քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային։
Կարողացանք դիմագրաւել մեր գործունէութիւնը դադրեցնել պահանջող տարրերուն ապարդիւն ջանքերը՝ Հայաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ, որոնց կարգին մեր շրջանը։ Ո՛չ միայն կարողացանք դիմագրաւել այդ, այլ կարողացանք զարգանալ անգամ մը եւս եւ յայտնօրէն տարածել մեր անխոնջ աշխատանքը։

Շարունակ ձեւով կը պայքարինք Թուրքիոյ պետութեան եւ ազերիական լոպպինկին դէմ, ըլլալով Հայ Դատի աշխատանքներուն դերակատարները եւ, բոլորիս ջանքերով՝ յաջողեցանք Փրոթոքոլներուն ՈՉ-ը եւ ժխտողականութեան յառաջացման այլ փորձ մերժել։
Հարաւային Ամերիկայի մէջ մեր դատի յաջողութիւնները երկար տարիներու շարունակ աշխատանքի արդիւնք են, սկսելով Ուրուկուայի եւ Արժանթինի ճանաչումները (այս վերջինը օրինակելի վերահաստատումով երեք իշխանութիւններուն միջոցաւ), որոնք երկիրներ են որ ցոյց կու տան հետեւելիք ճանապարհը, իրենց օրէնքներով եւ յայտարարութիւններով, կրթական դաստիարակման դաշտին մէջ հրաշալի աջակցութեամբ, որպէսզի նոր սերունդները շարունակեն խտրականութեան դէմ պայքարը, ի նպաստ յիշողականութեան եւ արդարութեան, որպէս մեր ընկերութեան հիմնական առանցքներ։

Մերքոսուր-ի Խորհրդարանի ճանաչումները, Սան Փաւլոյի կառավարութեան ճանաչումը, ինչպէս եւ Չիլէի ու, մօտերս՝ Փարակուայի ճանաչումները, Հայ Դատի ի նպաստ մեր աշխատանքի անկասելի հերթականութիւն են, որու հանդէպ այսօր այլ կազմակերպութիւններ եւս մեզ կ՚ընկերակցին, ինչ որ կը հզօրացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան առջեւ մեր կարողականութիւնը, ինչպէսեւ նաեւ հատուցման աշխատանքին հանդէպ։
Արդիւնքները կ՚ամրապնդեն համոզմունքները եւ, թէեւ գաղափարը միշտ զաւակ է տուեալ ժամանակի մը, գոյութիւն ունի էութիւն մը որ մնայուն է ժամանակի բերումով, կ՚անցնի սերունդէ սերունդ եւ կը մնայ որպէս մեր բնութեան անլուծելի մասնիկ։ Նոյն ձեւով ինչպէս երբ մէկը առաջին անգամ ըլլալով կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ու իր առջեւ «կը յայտնաբերուի» որքա՛ն հարազատ է երկրին եւ որքանո՛վ այդ բոլորը մաս կը կազմէ իր ինքնութեան։

Պատմական եւ արդիական այդ էութիւնը, այդ հաւատարմութիւնը, այդ համոզմունքները, մաս կը կազմեն Դաշնակցական ինքնութեան։
Եւ ատիկա կը ցոլացուի գաղափարականի եւ յանձնառութեան տասնամեակներով, մեր «Արմենիա» թերթի եւ «Կոմիտաս» Ռատիոժամի միջոցաւ։
Նոյնպէս կը ցոլացուի մեր Խրիմեան Վարժարանի մէջ, որ տասնամեակներով դասաւանդած է հայկական ինքնութեան զարգացումը, բազմաթիւ սերունդներ յառաջացնելով, որոնք ընկերութեան եւ համայնքի հանդէպ յանձնառու քաղաքացիներ են։

Կը ցոլացուի Հ.Օ.Մ.ի միջոցաւ մարդասիրական եւ մշակութային աշխատանքով, տասնամեակներ շարունակ, որուն ամենայայտի գործունէութիւններն են, ի միջի այլոց՝ Ծերանոցները, «Նայիրի», «Շիրակ» եւ «Սասուն» պարախումբերը, մանկական երաժշտական թատրոնը, բարեսիրական աշխատանքը։

Կը ցոլացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեամբ, որ տասնամեակներու ընթացքին կը ստեղծէ ընկերային, մարզական եւ սկաուտական միջավայրեր, բոլոր համայնքին համար, արձագանգ գտնելով բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ, եւ ամբողջ շրջանին մէջ ղեկավար դաս սնուցելով։
Նոյնպէս Համազգայինի նկատմամբ, հայոց լեզուի դասընթացքներով, մշակութային ձեռնարկներով, եւ Ուրուկուայի «Շիրազ» ու Պրազիլի «Կիլիկիա» պարախումբերով։

Գիտակցութիւնը կը տեսնենք նաեւ Պատանեկան եւ Արմենիա Երիտասարդական Միութիւններու շարքերուն մէջ, որոնք իրենց իմաստութեամբ, մասնակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կը վերանորոգեն մեր գաղափարները եւ աշխատանքի ձեւերը, բարելաւելու միտումով։
Հաւատարմութիւնը կը ցոլանայ մեր համակիրներուն ընդմէջէն, որոնք մեզ կը քննադատեն եւ նոյն ժամանակ կ՚աջակցին որպէսզի յառաջ երթանք։
Նոյնպէս այդ ընկերներով որ իրենց նուիրումով եւ շարունակ ջանքերով, շատ անգամ անյայտ եւ գիտակից ըլլալով մեր ժամանակաւոր ըլլալու պարագային, կը գործենք ի նպաստ լաւագոյն ընկերութեան մը, ջանալով յաջողցնել Հայ Դատի մեր նպատակները, որոնց կարգին հետեւեալները.-
– Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը եւ Արցախի միջազգային ճանաչումը.
– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը.
– Ջաւախքահայութեան բարելաւման ի նպաստ մեր աջակցութիւնը։

Մեր ամբողջ աշխատանքներուն մէջ կիրքը անպակաս է, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով, ու համոզուած ենք թէ ձախողութիւնը ի յայտ կու գայ այդ ատեն երբ չենք փորձեր հասնիլ մեր նպատակին։

Առօրեայ մեր համեստ մասնակցութեամբ, եւ գիտակից ըլլալով թէ մեր ճակատագիրը հարազատօրէն պարտաւորուած է եւ կապուած է հայ ազգի զարգացման հետ, ջանք կը թափենք հաստատելով կամուրջներ, լաւագոյն ապագայի մը հեռանկարով եւ պատուելով մեր երդումը.- «Կ՚երդնում պատւոյս եւ Հայրենիքիս վրայ, միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն, եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»։

Շնորհաւոր 125ամեակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն…

Ապագայիդ համար՝ կենաց։

Տպել Տպել