Բանախօսութիւն արտասանուած Հ.Յ.Դ. 125 ամեակի տօնակատարութեան` Քեսապ

125-ԱՄԵԱԿ, ՄԷԿ ԴԱՐ ԵՒ ՔԱՌՈՐԴ

FotorCreated125 տարիներ առաջ հայութիւնը իր թրքահայ ու ռուսահայ հատուածներով կ՛եռար:

Օսմանեան եւ Ցարական կարմիր ու սեաւ կայսրութիւններու լուծին տակ կքած, 600 եւ աւելի տարիներէ ի վեր կորսնցուցած էր իր պետականութիւնը, իր թիւն ու համրանքը. պարտադրուած լուր տարագիրի կեանք ապրելու ի Սփիւռս աշխարհի: Հայութիւնը, զարթնած երգ կ՛որոնէր այդ իրավիճակէն դուրս գալու:

Արժանապատիւ, քաղաքակիրթ ազգի մը երիտասարդութիւնը, մշակներ թէ բանուորներ, ռանչպարներ եւ մտաւորականներ, գով-գովի եկած ճամբայ եւ միջոց կը փնտռէին, ամօթի լացի ու արիւնի մուռը սրբելու հայ ժողովուրդի ճակատէն:

Բորբոքած էր հայութեան քաջարութեան ու արժանապատուութեան բնազդը:

Այլուր կազմուած էին կուսակցութիւններ:

Մինչ Կարինի, Վասպուրականի մէջ, թէ Թիֆլիսի, Ս. Փեթերսպուրկի կամ Մոսքուայի մէջ տարագիր հայութեան ռամիկ թէ մտաւորական խաւի երիտասարդներ, քով-քովի գալով, խայտաբղէտ գաղափարներով լիցքաւորուած կազմած էին յեղափոխական խմբակներ, իրենց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ունենալով մէկ ու սուրբ միացեալ նպատակ` ազատագրուած տեսնել իրենց ազգի զաւակները օսմանեան լուծի զուլումէն:

Յիշենք անոնցմէ երկու գլխաւորներ` միութիւն ի փրկութիւն, «Երիտասարդ Հայաստան»:

Ու մեսեաներու նման ասպարէզ եկան դաշնակցութեան ոչ միայն հիմնադիր երրորդութիւնը, Քրիստափոր Միքայէլեանը, Ռոստոմ Զորեանը, Սիմոն Զաւարեանը այլեւ փաղանգ մը ուրիշ նուիրեալներ` Արղութեանը, Դաստակեանը, Դաւիթեանը, եւ երկու տասնեակ մը, բիւրեղեայ միտք ու մտահորիզոն ունեցող գաղափարական մտաւորականներ, որոնք յաջողեցան քով-քովի բեռելով այդ խմբակները, Ծնունդ տուին, Հայոց Պատմութեան մթագնած հորիզոնին վրայ բարձրացած պայծառ արեւուն` Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան:

Այո, այդ ծնունդը վարձկան փիլիսոփայի մը մտացածին երկունքի մը արդիւնքը չէր:

Այդ ծնունդը եղած էր Հայ ժողովուրդին սրտէն ու հոգիէն:

Այդ ծնունդը աստուածային հրաշափառ արշալոյս մըն էր:

Ու այդ արշալոյսին յաջորդեց գործը:

Դաշնակցան գործը:

Դաշնակցութեան գործը:

Հայ ժողովուրդի ու Հայաստասնի ազատագրութեան սրբազան գործը:

Այս տողերուն մէջ ինչպէս սեղմել ամբողջ պատմութեան մը «գործի պատմութիւնը»:

Փարաւոր եւ լուսաւոր պատմութիւն մը:

* * *

Թաւալեցան տարիները:

Զինատար խումբեր դէպի Հայաստան:

Պանդխտութենէ վերադարձած Սերոբները իրենց գոտիներուն մէջ փոխան դեղին ոսկիի, գունաւոր փամբուշտներ շարած, ձեռքին Մոսին հրացան բռնած, կը փութային դէպի Սասուն, Վասպուրական, Կարին ու Մուշ, Ախլաթ, Խնուս, Պիթլիս: Կը փութային դէպի Խանասոր, Պանք-Օթոման, Խանի-Նեւրուզի արշաւանքներ, Սասնայ Ապստամբութիւններ:

«Փոթորիկ» ու հայ-թաթարական կռիւներ:

Բռնկած էր Հայոց աշխարհը, արդարութեան ձայնով ու ծուխով:

Որմէկը թուել:

Հազարներ փութացին, մատաղ ըլլալու Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Որ մէկը մոռնալ այդ խոնարհ հերոսներէն, այդ նուիրեալներէն, որոնց շիրիմն իսկ անհետ է:

Իմացեալ մահի անմահութիւնը գրկելու գացին անոնք, «Ախ Հայրենիք» երգելով:

Ու սարսրեցաւ թուրքը:

Ծրագրեց զարհուրելին:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Մեծ Եղեռնը:

Հերոսամարտեր, կամաւորական շարժում:

Եւ ահա, Մայիսեան առաւօտուն, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի ազատամարտերով, վեց դարերու խաւարի վրայ դրօշ եռագոյն:

Ու հայոց առաջին հանրապետութիւն:

Հողահաւաք, հայահաւաք:

Սուգի հայրենիք, որբի հայրենիք բայց նոր հայրենիք:

Ափսոս, ասուպի արշաւի մը նման կարճ տեւեց այդ ազատութիւնը, նոր ընձիւղուող հանրապետութիւնը:

Ու Հայաստան մնալով բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական Սալի միջեւ, խորհրդայնացաւ:

Դաշնակցութիւնը, ակամայ վտարանդի դարձաւ:

Ու եօթանասուն տարի սպասեց:

Սպասում յոյսի, սպասում լոյսի:

Հայաստանը շրջափակուեցաւ «երկաթէ վարագոյրով», իսկ հայութիւնը «լրութեան պատով»:

Պէտք էր քանդել զանոնք:

Եւ ինչպէս ըսաւ Պարոյր Սեւակ.

«Երբ չի մնում ելք ու ճար

Խենդերն են գտնում հնար»:

Եւ տեղի ունեցաւ բռնաւորներու ձեռքով բարձրացած պատերու քանդում, վասն Պելկրատի, Լիզպոնի, Լոս Անճելոսի թէ Օթաուայի տղոց, (որոնցմէ մին գիւղիս զաւակներէն):

Ամէնուրեք Հայ Դատի յանձնախումբեր եւ գրասենեակներու ճանաչում Հայոց Ցեղասպանութեան:

* * *

Եւ վերջապէս պայծառ ու լուսաւոր առաւօտ մը, դարձեալ լոյս ծագեցաւ հայոց փոքրիկ աշխարհին, ու Հայաստանը թօթափելով Սովետական լուծը վերանկախացաւ:

Վերանկախացաւ, աղքատացած:

Հայ ժողովուրդի երկունքը միշտ ալ դժուար ու արիւնալի եղած է:

Օրհասը միշտ հասած է յաղթանակին:

Եւ նորանկախ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը մտան Արցախեան ազատամարտին մէջ:

Եւ ինչպէս միշտ, հոն ուր կայ գոյապայքար, հոն կայ 125ամեայ Դաշնակցութիւն:

Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ առաջինը որ զինեալ ու աճող ներկայութիւն ունեցաւ հոն:

Եւ հոն նուիրաբերեց, անոր Բագինին վրայ մատաղեց իր ամենաընտիրները` Արթիւր Մկրտիչեանը, Շահէն Մեղրեան, Պետօ Ղեւոնդեան, Կարօտ, Դիւշման, Մհեր Ջուլհաճեան, Վիգէն Զաքարեան եւ բիւրաւորներ:

Արցախը կ՛ազատագրուէր: Վկայ Շուշիի Գումարտակը: Վկայ եռաբլուրի նահատակները:

Դաշնակցութեան նահատակները անոր գաղափարի նահատակ վկաներն են:

Այսօր, մենք կանգնած 125ամեայ գաղափարական նահատակներու կտակած ժառանգի մը դիմաց, առանց իրաւունք ունենալու զայն մսխելու, անոր տէր կանգնելու հրամայականով, անոր վրայ կուտակելու նորը, դէմ յանդիման կանգնած ենք նորանոր մարտահրաւէրներու:

ա.- Ամրապնդում եւ երիտասարդականացում դաշնակցութեան շարքերուն որպէսզի

1.- Ամրապնդենք մեր զոյգ հանրապետութիւնները, սահմաններով, տնտեսութեամբ եւ ընկերային արդարութեամբ:

2.- Ամրապնդում Սփիւռքեան կառոյցներու:

Հայրենիքն ու Սփիւռքը միայն հզօրանալով զիրար կրնան հզօրացնել:

3.- Միջազգային, ամբողջական ճանաչում Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր անժամանցելի իրաւունքներուն:

4.- Յատուցում հայ ժողովուրդի անգնահատելի իրաւունքներուն:

ա.- Որպէս հողային տարածք:

բ.- Որպէս պատմամշակութային եւ ցեղային կորուստներ:

5.- Եւ ապա հողահաւաք եւ հայահաւաք:

* * *

Այս ամփոփ թւումը հորիզոնին վրայ յստակ պատկեր մըն է որ կը սփռէ, թէ ինչ մարտահրաւէրներ կը սպասեն հայ ժողովուրդին եւ անոր ժողովրդածին 125ամեայ կազմակերպութեան որ կը կոչուի Հ.Յ.Դ.:

* * *

Մեր թշնամիները, թուրքն ու ազերին քաջածանօթ են այս ամէնուն:

Մենք ալ քաջածանօթ ենք անոր ազգային ուխտին որ ոչինչ է քան բնաջնջել բոլոր այն հաւաքականութիւնները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ անոր ծաւալապաշտ ախորժակներուն:

Անոնցմէ են բնաջնջնել հայ ժողովուրդը:

Բնաջնջել Հայաստան հայրենիքը:

Բնաջնջել Սուրիա հայրենիքը, որոնց փաստը միամիտ իսկ ըլլալով վերահասու եղած ենք 100 տարիներ առաջ Հայոց Մեծ Եղեռնին, եւ այսօր վերահասու ենք Սուրիական մեր Հայրենիքի հողին վրայ կատարուող դաւադրութեան, ողբերգութեան…

Նոյն ոսոխն է: Հին օսմանցի թէ նոր օսմանցի: Հին թուրանական թէ նոր թուրանական գաղափարներու տէր ոսոխը:

Հին գաղափարներ, նոյն արիւնարբու գաղափարները, նոր մեթոտներով:

Եւ այսօր, 125ամեայ ժառանգը, պատմութիւնը, նահատակները, զմեզ, դաշնակցութիւնը եւ անոր համակրողները սաղ հայազգը կը դնեն պատմական վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:

Եւ այդ ամէնէն դիմադրելու, յաղթահարելու համար, 125ամեայ պատմութեան նահատակները մեզի կտակած են ըլլալ միասնակամ, արի, գիտակից, պատրաստ որպէս գաղափարական ու իմացական իմա մտաւոր պատրաստութիւնը:

Մեր գիւղը, գործնական փորձը ապրեցաւ երբ Սուրիոյ եւ Քեսապ հայրենիքներու հողը պղծուեցան անարգ թշնամիին հորդաններուն կողմէ:

Ու հիմա, որ վերածնուած Քեսապի` Սուրիական Հայրենիքի հողին վրայ կանգնած կը տօնենք 125ամեակի հանդիսութիւնը, նորոգ կամքով, նորոգ ոգիով, ամուր գաղափարով, ազնիւ նուիրումով եկեք տէր կանգնինք 125ամեայ կտակին, նահատակներու կտակին:

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

7 Դեկտեմբեր 2015
Քեսապ

Տպել Տպել