ՀՅԴ 125րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն

FotorCreatedՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Անցեալ Կիրակի, 17 Յունուարին, Փասատինայի երեք հազար աթոռ ունեցող «Սիվիք» հանդիսասրահը փոքր եղաւ ՀՅԴ 125րդ տարեդարձին ներկայ ըլլալու փափաքով ձեռնարկի վայր հասած բազմութեան:

Դէպի սրահ մուտքը նոյնիսկ քիչ մը ընդվզեցնող կրնար ըլլալ շատերու համար: Տեղին է այստեղ ներողութիւն խնդրել ներս մտնել չկրցող հարիւրաւոր հայորդիներէն: Սրահի տնօրէնութեան եւ քաղաքի հրշէջ ծառայութեան խիստ կարգադրութիւններուն պատճառաւ, կարելի չէր առկայ աթոռներու թիւէն նոյնիսկ մէկ հոգի աւելի ընդունիլ ներս:

Յամենայնդէպս, ներկայացուած յայտագիրը վստահաբար մոռցնել տուաւ մուտքին հետ կապուած տաղտուկը: Այսօրուան թղթակցութիւնը պիտի բաւարարուի պարզ թուարկումովը յայտագիրի գլխաւոր մասերուն: Յաւելեալ տեղեկագրութիւն կը ներկայացնենք յետագային:

Յայտագիրը սկսաւ Կարինէ Աւագեանի «Ախ Հայաստան» մեներգով, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄի դրօշակախումբի մուտքը սրահ՝ նուագախումբին ընկերակցութեամբ:

Հայաստանի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քայլերգները կատարուեցան Լարք երաժշտական միութեան աշակերտներուն, իսկ ՀՅԴի քայլերգ «Մշակ Բանուորը»՝ ՀԵԴ Պատանեկան Միութեան երգչախումբին կողմէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միկանուշ Աճէմեան, իսկ երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գեւ Իսքաճեան: Օրուան պատգամները փոխանցեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

ՀՅԴի մասին իրենց տեսագրուած վկայութիւնները փոխանցեցին համայնքիս հոգեւոր եւ ազգային գործիչներ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որուն «Հեռացած ընկերներ» երգին հետ ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ կազմակերպութեան շարքայիններէն վերջին շրջանին մահացած ընկերները ներկայացնող տեսաերիզ մը: Ներկայացուեցան նաեւ ՀՅԴի զինանշանը բացատրող երեք տեսաերիզներ:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, նաեւ Փայլա Գէորգեան՝ «Պատիւ ունեմ» երգով, Արմէն Մովսիսեան՝ «Յուսոյ Առագաստ» երգով, Անդրէն՝ «Արցախի Եարխուշտա»ով, Թաթա Սիմոնեան՝ «Սարգիս Կուկունեան» երգով, Քրիստափոր Արապեան՝ յեղափոխական երգերով, իսկ Ազգային Ալէք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտական երգչախումբը՝ շարք մը հայրենասիրական երգերով:

Յայտագիրը աւարտեցաւ «Փիլիպոս»ի աշակերտական երգչախումբին կատարողութեամբ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով, զոր յոտնկայս ունկնդրեց ժողովուրդը, որուն համար երեկոն ոգեշնչող իրադարձութիւն մը եղած էր։

asbarez.com

Տպել Տպել