ՀՅ Դաշնակցութեան Դաշինքը

karoՀայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան առաջարկին ընդառաջելով՝ համախոհական կառավարութիւն կազմելու Դաշնակցութեան սկզբունքային որոշումը հրապարակուած է պաշտօնապէս եւ ՀՀ նախագահին հետ բանակցութիւններու գործընթացը արդէն իսկ սկիզբ առած: Այս կէտին վրայ գոյութիւն ունին շարք մը հարցականներ եւ սակայն յստակ է մէկ բան: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին յաջորդող այս փուլը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ պիտի դնէ Հանրապետութեան նախագահն ու ցարդ ընդդիմութեան դիրքերէն գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր կը գտնուի քաղաքական մշակոյթի տարբեր եւ յաճախ իրերամերժ կերպարներով առաջնորդուող երկու քաղաքական ուժերու հանդիպման կէտը: Արդեօք հասա՞ծ է այն պահը, երբ քաղաքական բեմի կորագիծերը ի վերջոյ պիտի կարենան մատչիլ նոյն կենսական առաջնահերթութեան: Արդեօք եկա՞ծ է վայրկէանը քաղաքական դաշտէն ներս արմատական տեղաշարժի, որուն սպասեց մեր ժողովուրդը մեր նոր պետականութեան կեանքի քսանհինգ տարիներու ողջ տեւողութեան:

Մեկնակէտը այս գործընթացին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Նոյեմբեր 8, 2012ին հրապարակուած յայտարարութիւնն է՝ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին հանգամանօրէն օրակարգ բերելով Դաշնակցութեան պահանջներու փաթեթը: Վերջինս կը բաղկանայ եօթը թուագրուած եւ մէկ անթուակիր առաջադրութիւններէ, որոնք միասնաբար նշուած են որպէս Դաշնակցութեան գործի հիմնական առաջնահերթութիւնը: Յիշեալ առաջադրութիւնները կը վերաբերին երկրի պետական եւ հասարակական կեանքէն ներս իրագործուելիք համակարգային փոփոխութիւններուն, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին եւ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն: Իրենց բնոյթով՝ անոնք շատ աւելին են քան կուսակցութեան մը ընտրական պլատֆորմը: Անոնք կը սահմանեն Դաշնակցութեան քաղաքական դաւանանքն ու վարքագիծը՝ Հայաստան երկրի այսօրուան մարտահրաւէրներու դիմակայման գործին մէջ: Աւելի՛ն. անոնք, ըստ էութեան, յղուած են ոչ միայն գործադիր իշխանութեան, այլեւ ընդդիմադիր դաշտի ուժերուն: Անոնք այն իսկ կէտերն են, որոնցմով կը սկսի մեր խօսակցութիւնը հայ անկախ պետականութեան լինելութեան մեծ խնդրին մասին եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք իրական դերակատարներն են ըլլալու մեր երկրի վաղուան քաղաքական բեմահարթակին:

Պէտք է անմիջապէս հաստատել, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրեց այս մարզին մէջ: Նուաճեց կարեւոր հանգրուաններ համամասնական ընտրակարգի եւ առհասարակ խորհրդարանական համակարգի օրինականացման գծով: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն այս բանին կենդանի ապացոյցն է: Եւ սակայն սկսուած գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ: Նոր սահմանադրութիւնը դեռ չէ զարնուած իրական կեանքի փորձաքարին եւ մեծ գործը մեր առջեւն է դեռ:

Դաշնակցութեան խօսակիցները պէտք է գիտնան, որ Դաշնակցութիւնը պարագայական գործընկեր մը չէ: Անոնք պէտք է յիշեն, որ այս պետականութեան օրով Դաշնակցութիւնը արդէն երկու անգամ եղած է համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութիւններու մէջ՝ իր ուսերուն վերցնելով կարեւոր պատասխանատուութիւններ, թէկուզ փոքրամասնական դիրքերէ: Պէտք է նաեւ յիշեն, որ ան չէ վարանած խզելու իր դաշինքը՝ միշտ առաջնորդուելով մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերէն: Ճիշդ է. նոր սահմանադրութեան փաստական կիրառումը կը սկսի նախ Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւններով եւ ապա նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտով (2018ին): Իրականութեան մէջ, սակայն, նոր սահմանադրութեան էական գործադրութիւնը սկիզբ պիտի առնէ այն օրն իսկ, երբ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ համախոհական կառավարութեան… Քանի որ այն, ին պիտի փոխուի վճռականօրէն, առաջին հերթին, երկրի քաղաքական մշակոյթն է եւ համախոհական կառավարութեան կազմութիւնը՝ իր ուղղութեամբ եւ խորքով, պիտի անպայման մարմնաւորէ այս կենսական չափանիշը: Այլ կերպ կարելի չէ պատկերացնել մեր առջեւ գտնուող յաջորդ հանգրուանը: Կարելի չէ՛, քանի որ Դաշնակցութեան դաշինքը, ինչպէս միշտ, նախ եւ առաջ եւ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին հետ է:

Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ արմատական տեղաշարժերու ատակ է Հայաստանի պետական մեքենան: Մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը կը գտնուին մեծ երկընտրանքներու առջեւ: Փոքր քայլերու քաղաքականութիւնը վաղուց սպառած է ինքզինք: Մեծ, համարձակ, ապագայասեւեռ նախաձեռնութիւններու պատմական ժամանակն է: Նոր գետին պեղելու, դիզուած պարտամուրհակները միանգամընդմիշտ մարելու, մեր ժողովուրդին մաքուր հաւատք ներշնչելու, մեր մատղաշ սերունդին ապագան իմաստաւորելու, մեր հաւաքական գոյութեան խարիսխը ամրակայելու եւ մեր անկախ պետականութիւնը դէպի նոր մեծութիւն ճամբայ հանելու անյետաձգելի ժամանակն է, բարեկամնե՛ր: Այո, հասա՛ծ է այդ ժամանակը:

Յունուար 21, 2016

Ուաշինկթըն

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել