Գէշ Բան Չէ Գրելէ Կամ Խօսելէ Առաջ… Կարդալը

FotorCreatedՔանի մը օր առաջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հեռատեսիլի «Երկիր Միդիա» կայանէն իր հարցազրոյցին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նոր, համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութեան մը կազմութեան հարցին եւ յայտարարեց, թէ այս մասին սկզբունքային խօսակցութիւն եղած է վերջերս:(Սոյն հարցզրոյցը կրնաք կարդալ կողքի էջին վրայ):

Բնականաբար, նման լուրջ խնդիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար, անհրաժեշտ են բանակցութիւններ, որոնք տակաւին չեն իսկ սկսած:

Մամուլին մէջ (յատկապէս հայաստանեան), վերջին ամիսներուն, անդադար կ՛արծարծուէր ՀՅ Դաշնակցութեան՝ համախոհական կառավարութեան մը միանալու հարցը, միշտ ստանալով նոյն պատասխանը՝ «Նման խօսակցութիւն չկայ»: Լրագրողներ տեղի անտեղի, երբեմն սուր, երբեմն գաղտագողի, կը փորձէին դաշնակցական այս կամ այն պատասխանատու անձնաւորութենէն «խոստովանութիւն» մը կորզել: Այս հարցադրումներուն ենթաթեքստը, ներքին աստառը, բնականաբար քննադատական է. այսինքն՝ վարչակարգը մեղաւոր է, հետեւաբար անոր հետ գործակցողները՝ նոյնպէս, եւ ուրեմն՝ «մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»: Այսքան պարզունակ ու մակերեսային:

Իր հարցազրոյցին ընթացքին, Հ. Մարգարեան նաեւ յայտարարեց. «Անցած 7 տարիների ընթացքում անընդհատ խօսակցութիւններ են եղել, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է կոալիցիա վերադառնայ: Այս խօսակցութիւնները միշտ եղել են եւ մենք միշտ ասել ենք, որ նման բան չկայ: Եւ իսկապէս չկար: Իսկ երբ արդէն կայ, մենք շտապեցինք մի օր շուտ տեղեակ պահել ժողովրդին, որպէսզի ժողովուրդը հասկանայ, որ մենք իսկապէս իր նկատմամբ բաց ենք եւ հարցեր թաքցնելու, վարագոյրի ետեւում խաղեր տանելու քաղաքական ուժ չենք»:

Բայց քանի որ կայ «խեւը խրատն ինչ ընէ, սեւը սապոնն ինչ ընէ» ժողովրդային իմաստութիւնը, դժուար չէ կռահելը (առանց սուրճի գաւաթի նայելու…), որ շուտով պիտի փրթի վայնասունը, «էլ հին ու նոր», «էլ գող փիսօ», «էլ քաչալ շուն», Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին, որ տեսա՞ք, դաշնակցականները «նորէն» կը զինակցին այս յանցաւոր վարչակարգին:

Նման հաւանական հեղեղ մը հրահրողներուն անգամ մը եւս կ՛ըսենք (այս անգամ՝ կանխաւ). ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբեք չի վախնար քննադատութենէ. բայց կը զզուի խծբծանքէ: Երբ քննադատութիւնը հիմք չունի, կը դադրի իբրեւ այդպիսին ըլլալէ ու կը վերածուի «լաչառ» կնիկներու բամբասանքի, խծբծանքի:

Յարգալիր ենք մեզ քննադատողներուն նկատմամբ եւ ինչո՛ւ չէ: Այս յարգանքը մեր մօտ կ՛աւելնայ մանաւանդ այն ատեն, երբ հիմնաւորումները մտածուած են, խորք ունին ու յատկապէս երբ տեղեկութիւններու հարուստ շտեմարանի վրայ հիմնուած են:

Խնդիրը այն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քննադատողները շատ քիչ բան գիտեն անոր պատմութեան, գաղափարաբանութեան, նոյն այդ գաղափարաբանութեան ապրած զարգացումներուն, բայց մանաւանդ այս մասին ստեղծուած հարուստ գրականութեան մասին. յուշագրական թէ վերլուծական: Շատ քիչ բան գիտեն նաեւ այն մշակութային հարստութեան ու արժէքային համակարգին մասին, որոնց ներշնչումի աղբիւրը եղած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Աշուղներու հիւսած երգերէն (Ֆարհատ, Միջազ ու շատ ուրիշներ) մինչեւ… գաղափարապաշտ համայնավար Եղիշէ Չարենց («Մահուան Տեսիլ»):

Վնասակար չէ կարգ մը գործեր թուել, որպէսզի ՀՅ Դաշնակցութեան ընդդիմախօսները, նախ քան իրենց քննադատական սլաքներուն դիմելը, կարդան:

Այսպէս (ոչ անպայման կարեւորութեան կարգով), Միքայէլ Վարանդեանէն՝ «ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւն» (երկու հատոր) եւ «Հայկական Շարժման Նախապատմութիւն» (ի շարս ուրիշ գործերու). Ռուբէնէն՝ «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» (7 հատոր, ներառեալ «Հայաստան Միջցամաքային Ուղիներու Վրայ»), Յովհաննէս Քաջազնունիէն՝ «Ազգ Եւ Հայրենիք», «Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի» (անմիջապէս յետոյ Ս. Վրացեանի «Խարխափումներ»ը կարդալու պայմանով), Սիմոն Վրացեանէն «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «Կեանքի Ուղիներով» (յուշագրութիւն 6 հատորով), Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը», Վահան Փափազեանի (Կոմս, չշփոթել Լ. Տ. Պետրոսեանի օրերուն արտաքին գործոց նախարարին հետ) յուշագրական երկու հատորները: Ապա, նոյն Ս. Վրացեանի խմբագրած «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1850» գործը, որ հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակէ ՀՅԴի հիմնադրութեան, բայց մանաւանդ գաղափարաբանութեան ու ծրագրային նպատակներուն մասին (վերջին բաժինը՝ Վահան Նաւասարդեանի գրիչով), Քրիստափոր Միքայէլեանէն «Յեղափոխականի Մտքեր»ը, Զարեւանդի «Միացեալ, Անկախ Թուրանիա» երկը, Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն Էր Նահատակներուն» յուշագրութիւնը, ապա՝ Արմէն Գարոյի, Միսաք Թորլաքեանի, Սողոմոն Թեհլիրեանի ու Արամ Երկանեանի յուշագրական գործերը:

Տակաւին կան «Ռոստոմ», «Սիմոն Զաւարեան», «Սարգիս Զէյթլեան» հատորները, որոնք կը համախմբեն նոյն գործիչներու նամակները, յօդուածներն ու խմբագրականները: Ու բազում ուրիշ գործեր, որոնց միայն նշումը բազմաթիւ էջեր պիտի խլէ ու ֆիզիքապէս՝ մեծ գրադարան մը կրնան լեցնել: Տակաւին չենք խօսիր աւելի քան տասնեակ մը հրատարակուած արխիւային նիւթերու մասին, ըլլայ Ս. Վրացեանի խմբագրած «Հին Թղթեր»ը, ըլլայ Հրաչ Տասնապետեանի ու ապա Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» շարքը:

Այնպէս որ, լրագրողը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ իր նիւթին: Իսկ քաջատեղեակ ըլլալու համար ալ՝ պէտք է կարդալ: Ներկայ արհեստագիտութիւնը դիւրութիւններ կ՛ընծայէ նաեւ iPad կամ համակարգիչ գործածողներուն ու այս գիրքերուն մէկ մասը կարելի է գտնել համացանցի վրայ: Կարելի է այցելել arfd.am կայքը, ուր կարելի է գտնել «ՀՅԴ առցանց գրադարան» յղումը. անոր վրայ սեղմեցէք մկնիկը եւ ընտրեցէք:

Այնպէս որ, երբեք գէշ բան չէ գրելէ առաջ կարդալը:

Յունուար 21 2016

[email protected]

asbarez.com

23/01/2016

Տպել Տպել