Պելճիքայէն պատուիրակութիւն՝ Հայաստան

FotorCreatedՈւարտ Քեննես (CD&V) եւ Քարիմ Ֆան Օֆըրմէյրէ (N-VA) Պելճիքայի հոլանտախօս Ֆլանտրիայի շրջանի խորհրդարանի (Flemish Parliament, Vlaams Parlement) անդամներ, նոյն շրջանէն երկու ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ կիրակի 13 մարտին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Հայկական Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան – հաստատութիւն:

Ֆան Օֆըրմէյրէ եւ Քեննես Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի դէպի Հայաստան ղեկավարած եօթանդամ պատուիրակութեան անդամներ են, որ բաղկացած է ուսուցիչներէ, ակադեմականներէ եւ քաղաքագէտներէ՝ Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն: Պատուիրակութեան բոլոր անդամները Հայաստան պիտի ժամանեն երկուշաբթի օր, եւ մինչեւ հինգշաբթի պիտի ունենան զանազան հանդիպումներ Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամներու, քաղաքագէտներու, հասարակական կազմակերպութիններու ներկայացուցիչներու եւ մանկավարժներու հետ:

Պատուիրակութեան կ’ընկերակցին նաեւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն երկու անդամներ:

Տպել Տպել