Տիտանական Աշխատանք

FotorCreatedԽոստումը տրուա՛ծ է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմելով՝ անկարելին պիտի ընէ, որպէսզի բարելաւուի հայրենի ժողովուրդին վիճակը:

Նահանջելու տեղ չկայ, ժամանա՛կ ալ չկայ: Լարուած աշխատանքի լծուած են դաշնակցական նախարարները, որոնց հետ նաեւ՝ ամբողջ կուսակցութիւնը, իր հայրենական եւ սփիւռքեան կառոյցներով:

Հասկնալի է, որ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ ժողովուրդին մօտ ամրացած՝ ընդհանրապէս բոլո՛ր քաղաքական ուժերուն, դիմադիր թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հանդէպ անվստահութիւնը, հիասթափութիւնը…

Հասկնալի է, որ ընդհանրապէս խոստումները կը դիմաւորուին քմծիծաղով ու արհամարհանքով…apo-oreorin

Հասկնալի է, որ այս անվստահութեան մթնոլորտը արագ փոխել կարելի չէ:

Այսուհանդերձ, դաշնակցական գործիչներն ու կառոյցները պարտաւոր պիտի ըլլան, պիտի ըլլա՛նք, վստահութիւն ներշնչող քայլեր կատարելու իւրաքանչիւր անցնող օր, գործնական, իրագործելի եւ նպատակային ծրագիրներ ներկայացնելու հանրութեան, եւ ճանապարհներ գտնելու՝ ամբողջ ազգին հնարաւորութիւնները այդ ծրագիրներուն իրականացման ուղղելու համար:

Ո՛չ դաշնակցական նախարարները, ո՛չ ալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամբողջովին առանձինն կրնան նման տիտանական աշխատանք իրա-կանացնել: Կառավարութիւնը լրիւ կազմով պէտք է նոյն տրամաբանութեամբ աշխատի, իւրաքանչիւր նախարար պէտք է նոյն ոգիով փարի այս աշխատանքին: Այստեղ է, հաւանաբար, ամէնէ՛ն մեծ մարտահրաւէրը։

Վստահաբար, այնքան դիւրին պիտի չըլլայ համագործակցութիւնը իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք իրենց պաշտօնավարութեան ինքնուրոյն աւանդութիւնները, մօտեցումները, գործելակերպը ունին, որոնք իրենց շրջապատին հետ յարաբերելու վարժութիւններ ունին, բայց եւ այնպէս, ամէն ճիգ պէտք է թափուի, որ կարելի ըլլայ կողք կողքի, նոյն ուղղութեամբ շարժելու, նոյն նախանձախնդրութեամբ գործի յաջողութեան լծուելու մթնոլորտ ստեղծել:

Տիտանական աշխատանքի պատկերացումը յստա՛կ է: Մենք պիտի կատարենք այն, ինչ կը պահանջուի մեզմէ՝ Հայաստանի մեր ընկերներուն կողմէ, եւ աւելին՝ պիտի նախաձեռնենք մերը՝ մեր շրջանի հնարաւորութիւններուն համապատասխան:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել