Ակնարկ. Շրջափակել Ահաբեկչութեան Գլխաւոր Արտադրամասը

Հայկական Կողմը Պէտք Է Յայտարարէ, Որ Այսուհետեւ Ի՛նք Կը Փակէ Սահմանը Թուրքիոյ Հետ

FotorCreatedՍահմանադրական փոփոխութիւններու կենսագործման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խօսքին հետեւեալ բաժինը պէտք է լուսարձակի տակ բերել, ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ մեկուսացման աշխարհաքաղաքական առաջադրանքի մասին վերլուծումի փորձ կը կատարուի.

«Մենք այս պայմաններում ապրում ենք արդէն 25 տարի: Այս պայմաններին մենք արդէն ընտելացել ենք եւ յարմարուել: Մեր առաջընթացի հնարաւորութիւնները մենք այս խնդիրների լուծման հետ չենք կապում եւ չենք կապելու:

«Մենք պէտք է համակերպուենք այն մտքին, որ Մարտակերտից եւ Մարտունուց դէպի արեւելք եւ Գիւմրուց ու Արմաւիրից արեւմուտք մենք որեւէ իսկական գործընկեր չունենք: Մինչեւ հիմա ապրել ենք առանց նրանց` ապահովելով զարգացման աւելի կամ պակաս կշռոյթ: Համարենք, որ այնտեղ անյատակ ու անանցանելի ճահիճ է»:

Ուրեմն. գէթ ողջամիտ ժամկէտի համար հայկական կողմը նախագահի նշած հարեւան երկիրներու մէջ գործընկերներ չի տեսներ. այնտեղ ճահիճ է եւ անանցանելի: Ճահիճի քաղաքական մեկնաբանութիւնը բացասական կայուն վիճակն է, որ որեւէ ալիքաւորում, այսինքն` դրական տեղաշարժ չի կրնար ապահովել, եւ որ աւելի՛ն` անկենդանութիւնն ու վարակը համատարածելի են եւ խորացող: Այս առումով ոչ մէկ դրական տեղաշարժի նշոյլ կ՛երեւայ եւ դարձեալ ներկայացուած հիմնաւորումներով` ակնկալելն ալ քաղաքականօրէն ճիշդ ուղղութիւն չի ներառեր:

Աւելի՛ն. այդ ճահիճը անյատակ է. այլ խօսքով` չկայ ոտք դնելու, յենելու եւ գլուխը ճահիճէն դուրս բարձրացնելու որեւէ առարկայական ենթահող. իսկ այս գաղափարին զուգորդուած երկրորդ միտքը` անանցանելիութիւնը կ՛ենթադրէ ճահիճը ճեղքել անցնելու որեւէ փորձի ապարդիւնութիւնը:

Այս իրավիճակի գնահատականով ալ կը բացատրուի հարեւաններուն մասին կատարուած բնութագրումին առաջին բաժինը: Քսանհինգ տարիէ ի վեր մեր երկիրը կ՛ապրի այս շրջապատով. այս շրջափակումով: Մեկնաբանելի է, թէ քսանհինգ տարիէ ի վեր հարեւանները նոյն ճահճացած, նոյն անյատակ վիճակին եւ նոյն անանցելիութեա՞ն մատնուած էին: Հաւանաբար այս բաժինը կը մնայ քննարկելի, որ այս համոզումը Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ իշխանութիւններուն համար ճիշդ այսօրուան եզրակացութեան համապատասխա՞ն է, թէ՞ ոչ ճահիճը որոշ ալիքաւորումներ ունէր, եւ թէ յատակը երբեմն տեսանելի էր եւ կամ մերթ անցանելիութիւնը նկատի կ՛առնուէր:

Քսանհինգ տարի ճահիճներով շրջափակուածութեան պայմաններուն մէջ մեր երկիրը յաջողած էր վերապրիլ, ապրիլ ու յարատեւել: Առաւել կամ նուազ չափերով այս պայմաններուն մէջ գործընթացները պիտի շարունակուին: Շրջափակումներու իրականութիւններուն դիմաց Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ զարգացման ուղին:

Հիմա փորձենք խնդիրը դիտարկել աշխարհաքաղաքական նորագոյն զարգացումներուն իրադարձութիւններուն ներքեւ: Խօսքը կը վերաբերի Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը պահող պետութեան, որ նախապայմանային քաղաքականութիւնը կը շարունակէ հայկական կողմին նկատմամբ: Եւրոպայի վերջին սահմանը փակողը ըստ էութեան այսօր ամբողջ Եւրոպային կը սպառնայ. իր բոլոր սահմաններուն, ընդ որում նաեւ անօրինականները, բաց աշխատիլը ամբողջ աշխարհին, սկսելով Եւրոպայէն առաջնային վտանգի վերածուած է:

Այդ պաշտօնական եւ անպաշտօն, ջրային եւ ցամաքային սահմաններն են, զորս հատելով Անգարայի կողմէ կը գործուղուին փախստականները, անոնց հետ նաեւ ահաբեկիչները Եւրոպայի համար: Թուրքիան այսօր ինք միջազգային ընտանիքին կողմէ մեկուսացուելու եւ շրջափակուելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Աշխարհին սպառնացող ահաբեկչական այս արտադրավայրին նկատմամբ համատարած վերաբերումի անյետաձգելիութիւնը կ՛ընդգծուի. այս հանգրուանին այդ ընդգծումները քարոզչաքաղաքական հարթութեան վրայ են. չէ բացառուած, որ սկսի ձեւաւորուիլ անոնց իրաւականութիւնը, մեկնած աշխարհային տարողութիւն ստացած վտանգներու դիմակայման միջոցառումներ որդեգրելու համաձայնեցուած վարքագիծերէ:

Ճիշդ է, որ տեղաշարժի հաւանականութիւնը զերոյական է. այսուհանդերձ տեսականօրէն թէկուզ շատ փոքր համեմատութեամբ, չէ բացառուած, որ Թուրքիան յանկարծակի սահմանի բացման քայլի դիմէ` հետագայ մեկուսացման միտումները նկատելով: Այդ չնչին հաւանականութեան մաս կը կազմէ նաեւ փրոթոքոլներու վերստին օրակարգ բերումն ու անոնց վաւերացումը:

Թէ՛ աշխարհաքաղաքական պայմաններու եւ թէ՛ յատկապէս ռուս-թրքական յարաբերութիւններու սրուած ներկայ իրավիճակի թայմինկը կը յուշեն, որ հայկական կողմը անհրաժեշտութեան առջեւ է առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ մշակելու իր արտաքին քաղաքականութեան վարքագիծը վերանայման ենթարկելու. այլ խօսքով` այսօրուան Անգարայի ներկայացուցած համաշխարհային վտանգի մատնանշումով իր սահմանադուռերը Թուրքիոյ հետ ամրօրէն կղպելու եւ անոր իբրեւ նախաքայլ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններէն հայկական ստորագրութիւնը չեղեալ յայտարարելու:

Շ.Գ.

aztagdaily.com

Տպել Տպել