Յայտարարութիւն

FotorCreated22Բուռն կերպով կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած թշնամական, ռազմական գործողութիւններու ծաւալումը, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծումները եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու դաւադիր ծրագիրները։

Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայոց Բանակին եւ պայքարունակ մեր ժողովուրդին։ Հակառակ սուրիահայութեան վիճակուած ծանր պայմաններուն, մեր հնարաւոր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնենք հայրենի հողին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան։

Հալէպ 5 Ապրիլ 2016

Ս․Դ․Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հ․Յ․ Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

Տպել Տպել