ՀՕՄը Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Պատերազմական Ոճիրները

0416ARSԱրցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած վայրագ յարձակման յաջորդող՝ նոյնինքն նախայարձակ կողմէն առաջարկուած զինադադարէն ետք, Ապրիլ 10ին կայացաւ պատերազմի դաշտին վրայ ինկած զինուորներու դիակներու փոխանակում, որ յայտնաբերեց սարսռեցուցիչ իրականութիւն մը:

Արդարեւ, Միջազգային Կարմիր Խաչի եւ արցախեան հարցի խաղաղ լուծման հետ առնչուող պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներուն հովանաւորութեամբ կատարուող այս սրտաբեկ արարողութեան ընթացքին յայտնի եղաւ, թէ փոխանակուած 18 հայ զինուորներուն դիակները անասելի խոշտանգումներու ենթարկուած էին ազերի ոճրապարտ բանակայիններուն կողմէ: Այս անմարդկային արարքները կ՛անարգեն քաղաքակիրթ մարդկայնութեան հիմնական օրէնքներն ու սկզբունքները՝ իրենց գազանային նկարագիրով:

Կանխելու համար նմանօրինակ աներեւակայելի ոճիրներ, տասնամեակներու ընթացքին միջազգային օրէնսգէտներ հաստատած են օրէնքներ ու կանոններ, որոնք իբրեւ դաշնագիր՝ պարտադիր կը մնան յաչս քաղաքակիրթ երկիրներու իշխանութիւններուն. ասոնցմէ են՝ ռազմաճակատի վիրաւոր եւ հիւանդ զինուորներուն վիճակը բարելաւելու առնչուող 1949ի օրինակարգը, գերիներու հանդէպ վերաբերմունքի մասին Ժընեւի համաձայնագիրը, միջազգային զինեալ բախումներու զոհերուն առնչուող Ժընեւի դաշնագիրը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու «Լիհի» օրէնքը՝ ռազմաճակատի զինուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս մարդասիրական հայկական կազմակերպութիւն, միաժամանակ որպէս տարիներէ ի վեր գործունեայ անդամ՝ ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին, ջատագով ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց տիեզերական յայտարարութեան ու սկզբունքներուն՝ չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես ազերի հորդաներուն կողմէ խաղաղ բնակչութեան եւ պատուոյ դաշտին վրայ ինկած զինուորներու դիակներուն վրայ գործադրուող անմարդկային արարքներուն:

Այսու, խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած պատերազմական ոճիրները եւ կը հրաւիրենք բոլո՛ր քաղաքակիրթ երկիրներու իշխանութիւնները հաշիւ պահանջելու նախայարձակ պետութենէն, որ քանի մը օրուան ընթացքին անպատկառօրէն, օր ցերեկով, յաջողած է իրականացնել մարդկային ամենատարրական օրէնքներու խախտումներու ամօթալի շարան մը:

Հասնելու համար Արցախի սահմանամերձ վնասուած գօտիներու տնաւեր բնակչութեան կարիքներուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը այժմ կը դիմէ մեր ժողովուրդին՝ սատար կանգնելու ՀՕՄի Արցախի օգնութեան դրամահաւաքին, տալով իրենց առաւելագոյնը՝ ի խնդիր վսեմօրէն խիզախ Արցախի աւերեալ շրջաններու շուտափոյթ վերակառուցման:

Նուիրատուութիւններու համար այցելել www.ars1910.org կայքը, կամ ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկել ARS CEB Office, 80 Bigelow Ave. #300, Watertown, MA 02472 հասցէին։ Միացեալ Նահանգներէն դուրս՝ կապ հաստատել ձեր շրջանի ՀՕՄի միաւորին հետ:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

asbarez.com

Տպել Տպել