Ակնարկ. 94-ի Պայմանագիրը` Առանցք

FotorCreatedՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Պլումպըրկ»-ին տուած հարցազրոյցին հետեւեալ բաժինը խորիմաստ բովանդակութիւն կը բանաձեւէ եւ լոյս կը սփռէ բանակցային գործընթացի վերսկսման հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ:

«Ոչ թէ պէտք է զինադադար հաստատել, այլ վերականգնել զինադադարը, որուն մասին համաձայնագիր կնքած էինք 1994 թուականին ու նաեւ այդ համաձայնագիրը ամրապնդած էինք նոր համաձայնագիրով 1995 թուականին: Եւ ինչպէս կը տեսնէք, մինչեւ հիմա այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին, թէեւ խախտումները կը շարունակուին»:

Փորձենք այստեղ արտայայտուած միտքերուն պարզաբանումը ընել:

Հայկական կողմը համոզուած է, որ 1994-ին կնքուած պայմանագիրը չեղեալ յայտարարուած չէ: Աւելի պարզ ըսելաձեւով կայծակնային քառօրեայ պատերազմը, նախապէս կնքուած համաձայնագիրը չեղեալ նկատել չէ, այլ խախտում. խախտումներու շարունակականութիւնը նկատի ունենալով այս պարագան պէտք է ընկալել իբրեւ լայնածաւալ խախտում: Թէեւ այս հաստատումէն քիչ առաջ նախագահը կ՛ակնարկէր ոչ թէ հրադադարի խախտման, այլ ռազմական գործողութիւնները կը բնութագրէր իբրեւ քառօրեայ պատերազմ` ըստ էութեան:

Ըստ էութեան համատարած համոզում է, որ կատարուածը սահմանափակ ժամկէտով կայծակնային յարձակողական պատերազմ է, որ սանձազերծուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ պատահական չէ, որ համաշխարհային հեղինակութիւն նկատուող լրատուամիջոցին տրուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սարգսեան կատարուածը կը նկատէ խախտում պահպանուող պայմանաւորուածութիւններուն:

Արձանագրուածը անշուշտ կատարուած ռազմական գործողութիւններու քաղաքական մեկնաբանութիւնն է եւ ոչ թէ ռազմական բնութագիրի ձեւակերպումը: Իսկ քաղաքական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունի հայկական կողմին կառչած մնալը 1994-ի համաձայնագիրին:

Հրադադարի համաձայնագիրին տակ ստորագրած են Երեւանը, Ազրպէյճանն ու Ստեփանակերտը: Բանակցային գործընթացին վերաբերող հրապարակուած երկու փաստաթուղթ կայ, որոնց տակ կ՛երեւայ եռակողմ ստորագրութիւն: Առաջինին մէջ, որ հիմնական պայմանագիրն է` ընդառաջելով Պիշքեքի խորհրդաժողովի արձանագրութեան եւ ուղղուած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Պ. Ս. Կրաչովին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ա. Վ. Քոզիրեւին, Վ. Ն. Քազիմիրովին, կողմերը կը համաձայնին. ապահովել կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցումը 12 մայիս 1994-ին 00 ժամ 01 վայրկեանէն: Կրակի դադրեցման մասին համապատասխան հրամաններ կը տրուին եւ կը հասցուին զինուորական ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն, որոնք պատասխանատու են անոնց կատարման համար ոչ ուշ, քան 10 մայիսի 1994-ին ժամը 15:00-ին: 11 մայիսին մինչեւ ժամը 20:00 կողմերը կը փոխանակեն կրակի դադրեցման մասին իրենց հրամանագիրները` հաւանական փոխադարձ լրացումներու եւ հետագային համանման փաստաթուղթերու հիմնական դրոյթներու նոյնականացման նպատակով:

Երկրորդը, իբրեւ յաւելուած թիւ 39 հրադադարը պահպանելու յայտարարութիւն 26-27 յուլիս 1994-ին, դարձեալ ուղղուած Ռուսիոյ օրուան պաշտպանութեան նախարարին եւ արտաքին գործոց նախարարին, ուր իրենց ամուր վճռականութիւնը կ՛արտայայտեն հետագային եւս շարունակելու կրակի դադրեցման ուղղութեամբ իրենց պարտաւորութիւններու կատարումը` մասնաւորապէս, նկատի ունենալով ատով իսկ պահպանել Մեծ քաղաքական համաձայնագիրի ստորագրման եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ միջազգային դէտերու տեղաբաշխման համար պայմանները:

Փաստաթուղթերը ունին նաեւ այլ բաժիններ. կը կեդրոնանանք այս երկու հատուածներուն վրայ` կարեւոր նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի կողքին պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութիւնն ու ստորագրութիւնը:

Կ՛ենթադրուի, որ ճիշդ այս կէտն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ նախագահը եւ ընդգծելով, որ պայմանաւորուածութիւնը պահպանուած է, ըսել կ՛ուզէ նաեւ, որ Ստեփանակերտը իբրեւ անկախ կողմ ընդունելու միջազգային պայմանաւորուածութիւնն է, որ կը պահպանուի: Այժմ հրադադարի վերահաստատումը բանաւոր է եւ չի կրնար նաեւ փոխարինել գրաւորը, որովհետեւ գրաւորը եռակողմանի է, մինչ բանաւորը` երկկողմանի:

Այլեւս ակնյայտ է, որ կայծակնային այս պատերազմին եւ այլ սադրանքներու նպատակներէն մէկը նոյն այս համաձայնագիրի վիժեցումն է: Անոր մէկ ապացոյցն ալ ՄԱԿ-ին մէջ 27 ապրիլ 2016-ին ազրպէյճանցիներուն ներկայացուցած դիմումն էր վերոնշեալ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու վերաբերեալ: Անշուշտ լուծելու համար հիմնական խնդիրը` ձերբազատուելու Ստեփանակերտի ստորագրութենէն, ինչ որ փաստացի կը նշանակէ ճանչնալ վերջինը իբրեւ հակամարտութեան կողմ եւ աւելին` կարգավիճակի ճանաչում:

Բանակցային գործընթացի վերսկսման համար պաշտօնական Երեւանը այսուհետեւ նախապայմանային նախադրեալներ կը տեսնէ.

Ա. համանախագահները վստահութեան որոշակի միջոցառումներ կազմակերպեն: Բ. անհրաժեշտ է, որ անոնք յանձնառութիւն ստանձնեն, որ այդ վստահութեան միջոցառումները, հետաքննութեան մեքանիզմները տեսնելէ ետք անոնք հասցէական յայտարարութիւններ ընեն, թէ ո՛վ խախտեց հրադադարի պայմանագիրը:

Եւ երրորդ` հայկական կողմը երաշխիքներ պէտք է ունենայ, որ այլեւս այսպիսի խախտումներ պիտի չըլլան:

Բայց մնանք հրադադարի պայմանագիրը ի զօրու նկատելու պաշտօնական մօտեցումին փոխանցած ուղերձին վրայ եւ վերահաստատենք, որ 1994-ի երկրորդ եռակողմ փաստաթուղթը կը խօսի հրադադարի պայմանագիրին հիման վրայ ձեւաւորուելիք Մեծ քաղաքական համաձայնագիրին կնքման առաջադրանքին մասին: Այդ փաստաթուղթը եւս կը կրէր Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը: Մեծ քաղաքական համաձայնագիրը, եթէ պիտի ձեւաւորուի, անպայման պէտք է կրէ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել