«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ամրապնդել Երկու Հանրապետութիւններու Անվտանգութեան Համակարգերը

(Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով)

FotorCreatedԸնթացիկ մայիս մէկը հիմնականօրէն մեր մտածումները կը կեդրոնացնէ հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակի հիմնական փոփոխութեան ի խնդիր որդեգրուած նոր սահմանադրութեան հիմնադրոյթներուն, սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները մատնանշող նախագահի ելոյթի հիմնական բաժիններուն եւ այդ ճամբուն վրայ ՀՅԴ-ՀՀԿ համաձայնագիրով յայտարարուած առաջադրանքներուն վրայ:

Երեք փաստաթուղթերուն մէջ ալ իբրեւ արդար հասարակարգ ձեւաւորելու առաջնային նպատակը կարմիր թելի պէս կ՛երեւան հակամենաշնորհային համակարգի կայացումը եւ մրցակցային դաշտի ձեւաւորումը` իբրեւ խթան տնտեսութեան զարգացման:

ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համաձայնագիրը յատուկ բաժին ունի ընկերային-տնտեսական բնագաւառին յատկացուած: Այս փաստաթուղթին 1.2.4. համարանիշով բանաձեւուած կէտը հետեւեալն է. Գործադրել հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն եւ գործնականին մէջ երաշխաւորել ազատ ձեռներէցութիւնը, տնտեսական գործունէութիւնն ու մրցակցութիւնը:

Այս բանաձեւումը ինքնին մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման նոր մեկնարկ ապահովելու նախապայմանային դրոյթն է: Սերտօրէն փոխկապակցուած են այնտեղ ձեւակերպուած առաջադրանքները: Հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը ինքնին արդէն ազատ ձեռներէցութեան գործնական երաշխաւորումն է, որ իր հերթին կը սատարէ տնտեսական գործունէութեան եւ մրցակցային դաշտի կայացումին:

Այնքան ատեն որ կը յամենան մենաշնորհները, չ՛ապահովուիր զարգացումը: Եւ այս կէտը խորքին մէջ ամէնէն այժմէական հնչեղութեամբ կը կապուի մայիսմէկեան խորհուրդին: Մայիս մէկը աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր ըլլալով, խորքին մէջ արդարութեան, հաւասար առիթի եւ ընկերվարական գաղափարաբանութեան մէջ ամրօրէն տեղ գրաւած մարդու իրաւունքներու յարգումի անսակարկելի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ:

Նոյն փաստաթուղթին 1.2.7. յօդուածը ճիշդ այդ սկզբունքներուն կը վերաբերի: Աշխատանքային պայմաններու բարելաւման, ընկերային ապահովութեան եւ առողջութեան պահպանման ոլորտներու քաղաքականութեան հիմքին մէջ դնել անձի արժանապատիւ գոյութիւնը, աղքատութեան նուազեցումը, քորփորաթիւ ընկերային պատասխանատուութիւնը, պետական պարտադիր եւ կամաւոր ապահովագրական համակարգերու զուգահեռ գործունէութիւնը:

Մարդ-քաղաքացիակեդրոն է մեր նոր սահմանադրութիւնը` քաղաքացիի եւ մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումի իրաւաչափութիւններու ճշդումով: Անոր կենսագործման ուղիի մատնանշումի փաստով այս փաստաթուղթը կարեւոր ընդգծումներ կ՛ընէ այդ արժէքներու ի կատար ածման կարեւորութիւնը շեշտելով:

Այս բոլորը մայիսմէկեան խորհուրդի կենսագործման համար պետութենէ մը ակնկալուած հիմնադրոյթներ են: Անոնք աւելի քան անհրաժեշտ այժմէականութեամբ կը հնչեն, որովհետեւ մեր երկրին մէջ համակարգային փոփոխութեան արագացումի մասին հրամայական յուշում կատարեց Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ (եւ շարունակուող) կայծակնային պատերազմը:

Փաստաթղթային այս կէտերը մեր երկրին անվտանգութեան հետ առնչութիւն ունին: Որովհետեւ դարձեալ նոյն փաստաթուղթին յղում կատարելով թիւ 3 համարանիշին տակ կարդանք. «Զարգացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան համակարգերը»: Եւ պատահական չէ, որ անվտանգութեան առաջադրանքին անմիջապէս կը նախորդէ ընկերային-տնտեսական բնագաւառը, որ լռելեայն կ՛ընկալուի իբրեւ անվտանգութեան առաջադրանքի անմիջական հիմնաւորումը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել