«Ազդակ»ի Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

FotorCreatedՇուշիի ազատագրութեան խորհուրդը եթէ ռազմական առումով կը խորհրդանշէ Արցախի անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման հիմնական եւ անշրջանցելի մեկնակէտ, ապա երեւոյթը ինքնին ամէն բանէ առաջ ազգի միաւորում եւ գործնապէս փաստած միասնականութիւն կ՛ենթադրէ: Շուշիի ազատագրութեան նախօրէին խրամատներու մէջ նոյնացումը Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն թէ սփիւռքէն Շուշի հասած, միասին պատերազմած եւ միասին նահատակուած հայ երիտասարդութեան ազնուագոյն փաղանգներուն իր մէջ կ՛ամփոփէ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան` մեր ներկայի եւ վաղուան պայքարներու գաղափարական հիմնաքարի բոլոր բաղադրիչները: Շուշիի ազատագրումով ամրագրուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ կայացաւ ամբողջ ազատամարտին արդիւնաւէտ պսակումը:

Շուշիի ազատագրումը ընթացաւ շատ արագ: Խորքին մէջ ռազմագիտութեան մէջ ընդունուած կայծակնային (բլից-կրիգ) պատերազմական գործողութեան ամէնէն վառ փաստացի օրինակը Շուշին էր, որ օրերու ընթացքին ազատագրեց քաղաքը: Տարբեր էին պայմանները. չկային «Սմերչ»-ներ, «ԹՕՍ»-եր, ԱԹՍ-եր (անօդաչու թռչող սարքեր), հրասայլային համակարգեր, ինքնագործ սարքեր եւ հետախուզական ջերմային հեռադիտակներ եւ ընդհանրապէս` գերարդիական սպառազինութեան վերջին նորարարութիւններ:

Ընդհանուր բնութագրումը Շուշիի ազատագրման գործողութեան կու տար հետեւեալ պատկերը. հայկական կողմին համար կամաւորական ջոկատներ, վաշտեր, մարտունակութեան բարձր ոգի եւ գործողութեամբ քաղաքը ազատագրելու անտեղիտալի եւ աննահանջ համոզուածութեամբ վճռակամութիւն: Դիմացը` առաջին հարուածներուն իսկ դիմադրելու ոգիի բացակայութիւն, ձախողութիւններ եւ մանաւանդ` խուճապ:

Տարբեր հանգամանքներու նկատառումը հաւանաբար կ՛օգնէ ընկալելու համար ռազմական այս բացառիկ գործողութեան յաջողութեան պատճառները: Շուշին գրաւած ազրպէյճանական զօրքերուն անակնկալի գալը կը բացատրուի Շուշիի անառիկութեան համոզուածութեամբ չկարենալ պատկերացնելը հայկական ուժերու Շոշ գիւղէն ուղղակի Շուշիի պարիսպներուն վրայ յայտնուիլը կամ Լիսագորի կողմէն` լեռներէն յառաջանալով Շուշին պաշարման տակ առնելու հայկական մարտավարութեան առարկայացումը: Դէպի Շուշի անցքը փակելով եւ Շուշիէն ազրպէյճանական ուժերուն փախուստի ճամբայ ձգելով հայկական ուժերը արագօրէն ոչ միայն ազատագրեցին Շուշին, այլ նաեւ հասան Ջանհասան Քէօսալարի դիրքերը:

Ռազմական կայծակնային գործողութիւնը յաջողած էր: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի սանձազերծած ապրիլեան քառօրեային` Շուշիի կայծակնայինը անհամեմատելի սպառազինութեամբ եւ շատ աւելի կարճատեւ գործողութեամբ յաջողած էր ազատագրել ոչ միայն քաղաքը, այլ` ամբողջ շրջանը:

Կայծակնային Շուշին, սակայն, միայն քաղաքի կամ շրջանի ազատագրման անմիջական խնդիրը չլուծեց: Շուշին կոտրեց հակառակորդին կամքը, զայն դարձուց աւելի խուճապահար, աւելի անմարտունակ, աւելի արագ դիրք լքող ու քայքայուող բանակի: Շուշին պսակեց Արցախ աշխարհի ազատագրումը:

Ազրպէյճանցիները Շուշիի գործողութենէն 24 տարի ետք փորձեցին իրականացնել կայծակնային պատերազմական գործողութիւն: Շուշիի ազատագրման մարտերուն, շրջափակելով Շուշին, հայկական ուժերը կանխարգիլեցին ազրպէյճանական որեւէ զինուորական օժանդակութիւն, միաժամանակ սակայն փախուստի ճամբայ ձգցին ազրպէյճանցի զինուորներուն: Այս դասը դժուար թէ կարենար իւրացնել արցախեան բանակի նահատակ զինուորներուն թէ Թալիշի տարեց բնակչութեան հետ ազրպէյճանական վարմունք ունեցած Պաքուն:

Ռազմական կայծակնային գործողութեան յաջողագոյն օրինակը Շուշին է: Եւ ոչ թէ սպառազինուած, անօդաչուներով, ինքնագործ սարքերով, ջերմային տեսանելիութեան արհեստագիտութեամբ, «ԹՕՍ»-երով եւ «Սմերչ»-ներով յատկանշուած յարձակողապաշտութեան ապրիլեան քառօրեայ վիժած գործողութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել