Մենք Այս Յաղթանակը Կը Նուիրենք Ձեզի, Ասիկա Դաշնակցութեան Յաղթանակը Չէ, Այլ Մեր Ժողովուրդին Յաղթանակն Է

Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

FotorCreatedՇեշտելով, Որ Լիբանանի Մէջ Որեւէ Յաղթանակ
Յաղթանակ Է Սփիւռքի Ամէնէն Հեռաւոր
Գաղութին Համար, Ուժ Ու Պահեստի
Զէնք Է Արցախին Ու Հայաստանին Համար

«Մենք Այս Յաղթանակը Կը Նուիրենք Ձեզի,
Ասիկա Դաշնակցութեան Յաղթանակը Չէ,
Այլ Մեր Ժողովուրդին Յաղթանակն Է»
Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

Լիբանանահայութեան հայատրոփ սրտին` Պուրճ Համուտի մէջ բազմահազար հայորդիներ համախմբուած էին տօնելու իրենց ազատ կամքին դրսեւորման շնորհիւ կերտուած յաղթանակը` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու յաջողութիւնը: Համախմբուած էին վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ բարձրաձայնելու, թէ ոչի՛նչ կրնայ յաղթել ժողովուրդի մը, որ գիտէ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն, հաւատարիմ մնալ իր քաղաքացիական պարտականութեան եւ ճշմարիտ թարգմանը հանդիսանալ իր կուսակցութեան իղձերուն: Լիբանանահայութիւնը համախմբուած էր կրկին հաստատելու, որ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն տուած իր քուէն անբիծ է ու չվաճառուող, որովհետեւ Դաշնակցութենէն ունեցած իր ակնկալութիւնները եւս նիւթականէն շատ աւելի անդին են ու վեր:

Ժողովրդական ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին կողմէ, տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 20 մայիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փոլիկարպոս» կառատան մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ըսաւ, թէ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն Լիբանանահայութիւնը ապացուցեց, որ կարգապահ է եւ մասնակից երկրի քաղաքական առօրեային եւ կը պահէ իր քաղաքական հզօրութիւնն ու կշիռը: Լիբանանահայերը հաստատեցին, որ անշահախնդիր են եւ առանց ակնկալութիւններու կատարեցին ու կը շարունակեն կատարել իրենց վստահուած պարտականութիւնները, իրենց քուէներով անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց վստահութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նկատմամբ: Րաֆֆի Տեմիրճեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հաւատացէ՛ք, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ձեր կողքին է: Հաւատացէ՛ք, որ բոլոր ժամանակներուն Դաշնակցութիւնը եղած է ու պիտի մնայ միացնող ուժ, շարքերը հաւաքագրող կուսակցութիւն, կարելիութիւնները մէկտեղող կառոյց, որովհետեւ միասին աւելի ուժեղ ենք, միասին աւելի ամուր ենք»:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ժրաջան աշխատանքին եւ ընդհանուր մթնոլորտին մասին պատմող:

Օրուան հանդիսավարն էր Հուրի Էմմիեան-Փափազեան: Ան ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ, իր խօսքը ուղղելով յաղթանակ կերտած լիբանանահայութեան, ըսաւ, որ կարելի չէ չյաղթել, երբ Դաշնակցութիւնը իր կողքին ունի աննման ժողովուրդ մը, որ գիտէ իր կամքի արտայայտութիւնը հանդիսացող արժէքաւոր քուէն տալ 125 տարի շարունակ իր կողքին կանգնած կուսակցութեան, որ գիտէ մերժել իր կամքի ոտնահարումի ու ազատութեան խլման որեւէ ձեւ եւ ինքնուրոյն դիմագիծի աղաւաղման որեւէ միտում: «Մենք այս յաղթանակը կը նուիրենք ձեզի, ասիկա Դաշնակցութեան յաղթանակը չէ, այլ մեր ժողովուրդին յաղթանակն է», հաստատեց Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ 78 թեկնածուներէն երկուքը չընտրուեցան, սակայն տուեալ շրջանին մէջ ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը` Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող, ինչ որ եւս կը նկատուի լիբանանահայութեան յաղթանակը:

Ան ըսաւ, որ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցելով լիբանանահայը կատարեց քաղաքացիական իր պարտականութիւնը, այն քաղաքացիին, որ տարիներ ամբողջ մերժեց զէնք վերցնել` չքանդելու համար Լիբանանը, մերժեց սրել լարուածութիւնը, դուրսէն եկող փոթորիկները եւ միշտ, արեան գնով հաւատարիմ մնաց Հայաստանէն ետք Լիբանան հայրենիքին: Բագրատունի շեշտեց, որ այս ընտրութիւններուն մասնակցելով` լիբանանահայութիւնը իր մօտիկին ու հեռուին, դաշնակիցին ու հակառակորդին, անխտիր բոլորին ցոյց տուաւ, որ ինք` իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը, իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ անպայման, որովհետեւ հարցը քուէի կամ թեկնածուի չի վերաբերիր սոսկ, այլ հարցը համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է` շեշտելով, որ ոչ ոքի պիտի արտօնուի հայութեան իրաւունքները խլել իրմէ: «Մենք փաստեցինք, որ այս երկրին մէջ մեր ուժը որոշիչ, վճռական ուժ է», հաստատեց Բագրատունի` շեշտելով, որ առանց լիբանանահայութեան քուէին, Պէյրութի ընտրութիւնները ձախողած էին, Պէյրութի քաղաքականութիւնը կորսնցուցած էր քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարակշռութիւնը, Լիբանանի եւ Պէյրութի ազգային համերաշխութիւնը խանգարուած պիտի ըլլար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելու առնչութեամբ ուղղուող այն հարցումներուն, թէ ի՛նչ է շահը անոնցմէ, երբ անդին Արցախի մէջ մեր զինուորները կը զոհուին: «Լիբանանի մէջ որեւէ յաղթանակ, յաղթանակ է սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղութին համար, Լիբանանի մէջ որեւէ նուաճում ուժ է, պահեստի զէնք է Արցախի ու Հայաստանի համար: Այնպէս, ինչպէս մենք Արցախով ու Հայաստանով կը հպարտանանք ու կը զօրանանք, նոյն ձեւով համայն հայութիւնը հպարտ ու հզօր է մեզմով: Մենք պարտաւոր ենք այդ հպարտութիւնը տալ մեր ժողովուրդին, մենք պարտաւոր ենք միասնաբար իբրեւ մէկ բռունցք Հայաստանի ու համայն հայութեան ըսել` մենք ձեր կողքին ենք, մենք ձեզի համար նեցուկ ենք` արեամբ, կեանքով, քուէով եւ ուժով», հաստատեց Բագրատունի:

Ապա ան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան յաղթանակին նկատմամբ կասկած ու նախանձ ունեցողներուն, որոնք գինիին կ’ուզեն ջուր խառնել: Նմաններուն խորհուրդ տուաւ սպասելու եւ տեսնելու, որովհետեւ բոլորը պիտի գիտակցին, որ նման ժողովուրդ ունեցող կուսակցութիւնը չի՛ սխալիր, դաշնակցականները կրնան սխալիլ, բայց ոչ Դաշնակցութիւնը: «Հայութենէն դուրս մենք ոչ ոքի հաշիւ տալու պարտաւորութիւնը ունինք, մենք ձեզմէ բացի,

սիրելի՛ ժողովուրդ, ոչ մէկ տէր կը ճանչնանք, դո՛ւք էք մեր տէրը, մե՛նք ենք ձեր ծառաները, դո՛ւք էք մեր ժողովուրդը, մենք կ’աշխատինք, կը տքնինք ձեզի համար», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` շեշտելով, որ միասնաբար մենք պիտի կարենանք մերժել լիբանանահայութիւնը ստրկացնելու, չէզոքացնելու եւ անոր քուէն գնելու ամէն տեսակի փորձ: Անոր համաձայն, թէեւ գտնուեցան իրենց քուէն ծախող սակաւաթիւ անձեր, սակայն ժողովուրդը քուէն չծախեց, որովհետեւ անոր քուէն սրտէն կու գայ, հոգիէն կու գայ, արդարութեան հաւատացող կամքէն կու գայ, ազատատենչութենէն կու գայ:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ վեց տարիներուն տարբեր քաղաքապետական խորհուրդներու մէջ գործած Դաշնակցութեան առաջադրած անդամներուն, որոնցմէ շատեր այսօր պաշտօնի վրայ չեն, սակայն կը շարունակեն մնալ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ: Պուրճ Համուտի հայութեան անունով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, որ 17 տարի անընդմէջ անշահախնդիր կերպով ծառայեց Պուրճ Համուտին` միշտ ամուր մնալով պատուանդանին վրայ:

Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած եւ ընտրուած թեկնածուները Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդին ներկայացուցիչներն են, անոնցմէ մեծ ակնկալութիւններ կան, եւ անոնք համարատու եւ հաշուետու են միայն լիբանանահայութեան ու Դաշնակցութեան, պէտք է ըլլան ծառաները անոր, ականջալուր ժողովուրդի կարիքներուն:

«Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնները պիտի ըլլան ձեր բոլորին տուները: Մենք հսկայական մարտահրաւէրներ ունինք մեր դիմաց, Պուրճ Համուտը պիտի մնայ Պուրճ Համուտ, պիտի մնայ հայկական Պուրճ Համուտ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` դիտել տալով, որ շրջանին մէջ ոչ հայու տուն, խանութ, կալուած վաճառելու երեւոյթը կանգ պիտի առնէ: «Այնճարը պիտի մնայ Հայաստանէն դուրս սփիւռքի հայկական միակ գիւղը, Այնճարի մէջ հողի վաճառքը պիտի դադրի, այնճարցիները պատասխանատու պիտի ըլլան ձեր առջեւ», յայտնեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երեսփոխան Բագրատունի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մեր քաղաքապետական խորհուրդները, քաղաքապետութիւններու անդամները պիտի մնան ծառաները մեր ժողովուրդին, պիտի ըլլան անշահախնդիր, ժողովուրդի շահերուն պաշտպան, պիտի չունենան ու չհետապնդեն անձնական շահեր:

«Մենք կը համբուրենք իւրաքանչիւր հայու ձեռք, որ քուէն բռնած մեր ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր կը քուէարկէ: Վարձքը կատար ձեր բոլորին, երկար ապրիք, հայ ապրիք, քաջ ապրիք, Պուրճ Համուտի ու Այնճարի մէջ ապրիք, հայօրէն ապրիք», իր խօսքը աւարտեց Յակոբ Բագրատունի:

Ազգային յեղափոխական երգերով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Շաքէ Պաղտասարեան, Մանուկ Մինասեան, Գարմէն Աճէմեան, Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Լիզա Սվաճեան, Արարատ Ահարոնեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Սերոբ Յակոբեան, որոնց ընկերակցեցան Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր երգիչները միասնաբար մեկնաբանեցին «Մեր հին ընկերը Դաշնակցութիւնն է» երգը, ապա եզրափակեցին հանդիսութիւնը «Արիւնոտ դրօշ» երգով, որուն ընթացքին տեղի ունեցած հրավառութիւնը ստեղծեց գեղեցիկ ու խանդավառ մթնոլորտ մը եւ Պուրճ Համուտի երկնակամարին տակ հայօրէն գոյատեւելու լուսաշող ապագան նկարեց:

aztagdaily.com

21/05/2016

Տպել Տպել