Յունահայութեան օրինակելի մասնակցութեամբ՝ Արցախի զօրակցութեան դրամահաւաքը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց – Հաւաքուեցաւ 61030 եւրօ

FotorCreatedՅունահայութեան օրինակելի մասնակցութեամբ՝ Արցախի զօրակցութեան դրամահաւաքը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց – Հաւաքուեցաւ 61030 եւրօ

Մեր գաղութը ազգային յանձնառութեան եւ հաւաքական զօրաշարժի բացառիկ օր մը նուաճեց երէկ՝ 22 Մայիս 2016ին։

Արցախի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքի ֆոնեթոնը երէկ հպարտութեամբ համակեց ոչ միայն

նուիրահաւաքի կազմակերպիչներն ու յունահայ ազգայիններուն հեռաձայնով դիմող կամաւորները, այլեւ նոյնինքն մեր գաղութի իւրաքանչիւր զաւակը, որ հակառակ Յունաստանը տագնապեցնող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին՝ անսակարկօրէն ընդառաջեց Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտի նուիրատուութեան կոչին։

Կիրակի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, մեր կամաւորները հեռաձայնային կապ հաստատեցին հայ հայրենակիցներու հետ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ շրջանի հայ համայնքներուն մէջ՝ Ատրպէյճանի թշնամական հարուածները դիմագրաւող Արցախի հայոց բանակին եւ քաջարի ժողովուրդին նիւթապէս օգնութեան հասնելու դիմումով։

Արցախին զօրակցութեան փութալու նախաձեռնութեամբ, Մայիսի սկզբնաւորութեան, նուիրահաւաքի կոչով հանդէս եկաւ Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտը, որ կը խմբէ Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնն ու Թաղականութիւնները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Կապոյտ Խաչը, Հայ Գթութեան Խաչը, Համազգայինը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը։

Շաբաթներու վրայ երկարած կամաւոր նուիրատուութիւնները օրը օրին հրապարակուեցան «Ազատ Օր»ի էջերէն։ Իսկ երէկուան ֆոնեթոնի ամբողջ տեւողութեան՝ աւելի քան 80 կամաւորներ, երկու շրջափուլով, հեռաձայնի վրայ տասը ժամ իրենց առաւելագոյն ճիգը թափեցին, որպէսզի կարենան կապ հաստատել ցանկագրուած իւրաքանչիւր յունահայու հետ՝ զայն հրաւիրելով Արցախի դրամահաւաքին մասնակցելու ազգային պարտականութեան։ Առաւել, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մեր հաստատութիւններէն եւս եղան հեռաձայնային կապեր այդ շրջաններու հայրենակիցներուն։

Ֆոնեթոնի աւարտին, երեկոյեան ժամը 8ին, աւելի քան 60 հազար եւրօ հաւաքուած էր՝ ազգային պարտքը կատարած ըլլալու ինքնաբաւութեամբ լեցնելով բոլորը՝ թէ՛ նուիրահաւաքի նախաձեռնողները, թէ՛ մանաւանդ նուիրատուները, որոնց կեցուածքը օրինակելի եւ ողջունելի է։

Ֆոնեթոնի ընթացքին, կամաւորներուն եւ հանգանակիչ մարմնոյ մօտ այցելեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանով՝ ընկերակցութեամբ Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի, որոնք բարձր գնահատեցին Արցախի ի նպաստ կատարուած աշխատանքը եւ շնորհաւորեցին կամաւորները։

Արցախի օժանդակութեան դրամահաւաքը անշուշտ չ՚աւարտիր ֆոնեթոնով։ Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտը կը շարունակէ գործել եւ նուիրատուները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել՝ Ա.- Հայ Կապոյտ Խաչի ALPHA BANK (IBAN) GR 02 0140 1140 1140 0200 2005 300 հաշիւին փոխանցում կատարելով։

Բ.- Կրնան դիմել «Ազատ Օր»ի գրասենեակին ու մեր եկեղեցիներուն եւ ակումբներուն՝ ուղղակի գումարը յանձնելով եւ ստացագիրը ստանալով։

Կը յիշեցնենք, որ «Ազատ Օր» պիտի շարունակէ հանրութեան ներկայացնել անուանացանկը նուիրատուներուն։ Իսկ Արցախի նուիրահաւաքին ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի ուղղակիօրէն Արցախի կառավարութեան՝ տրամադրուելու համար Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան բանակի կարիքներուն։

azator.gr

Տպել Տպել