«Ազատ օր» ի Խմ­բագ­րա­կան -­ Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ու­ղիով

(­Մա­յիս 28ի առ­թիւ)

FotorCreatedԱ­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 98ա­մեա­կը կը տօ­նենք քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ծանր ու մտա­հո­գիչ պայ­ման­նե­րու մէջ։

Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան նկատ­մամբ թշնա­մա­բար տրա­մադ­րո­ւած մեր եր­կու դրա­ցի­նե­րը՝ Ատր­պէյ­ճանն ու ա­նոր ա­ւագ հո­վա­նա­ւոր ­Թուր­քիան, նո­րո­վի թափ տո­ւած են ի­րենց հա­կա­հայ զօ­րա­շար­ժին՝ մէկ կող­մէ ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խը վերստին ընկ­ճե­լու, իսկ միւս կող­մէ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նը, շրջա­փակ­ման օ­ղա­կը սեղ­մե­լով ա­նոր շուրջ, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն հե­ռու վա­նե­լու հա­մա­կար­գո­ւած ռազ­մա­վա­րու­թեամբ։

Ինչ­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դը կ­՚ը­սէ՝ ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան ի­րենց թրքու­թիւ­նը կ­՚ը­նեն…
Կը մնայ, որ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը չընկր­կին թշնա­միին դի­մաց։
Չընկր­կե­լու եւ ազ­գո­վին պատ­մու­թեան հետ մեծ քննու­թեան միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ա՛յդ խոր­հուրդն ու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տե­լու կու գայ ­Մա­յիս 28ի տա­րե­դար­ձը։

Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն Ատրպէյ­ճա­նի ձեռ­նար­կած բար­բա­րո­սա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մին՝ հայ զի­նո­ւո­րը տո­ւաւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հաշ­ւոյն ար­ժա­նի՛ պա­տաս­խան։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, հայ­կա­կան բա­նակն ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը, այ­լեւ՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յօ­ճախ­նե­րու մեր կազ­մա­կերպ կռո­ւան­նե­րը, նա­խա­յար­ձակ եւ հա­յա­տեաց թշնա­միին դէմ մէկ ու միաս­նա­կան բռունցք դար­ձած՝ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ­Մա­յիս 28ի ու­ղիով հա­յոց պատ­մու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցը ա­նե­րեր շա­րու­նա­կե­լու հա­մազ­գա­յին մեր հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։

Մա­յիս 1918ին Ե­րե­ւա­նի մա­տոյց­նե­րուն հա­սած թրքա­կան զօր­քը չկրցաւ հասկ­նալ, թէ պե­տա­կա­նօ­րէն ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ՝ ջար­դա­կո­տոր հա­յու­թիւ­նը ինչ­պէ՛ս կրցաւ այդ­պի­սի՜ դի­մադ­րա­կա­նու­թիւն, այ­լեւ հե­րո­սա­կան հա­կագ­րոհ ի­րա­կա­նաց­նել եւ յետ մղել թրքա­կան ար­շա­ւան­քը։

Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան եւ տնտե­սա­կան հսկա­յա­կան մի­ջոց­նե­րով հայ­կա­կան փոքր ա­ծո­ւին վրայ այ­սօր յար­ձա­կող թշնա­մին դար­ձեալ ի վի­ճա­կի չէ հասկ­նա­լու, թէ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ուր­կէ՞ կը գտնեն հա­մաթր­քա­կան գրո­հը կա­սեց­նե­լու եւ ձա­խո­ղեց­նե­լու այս ուժն ու կո­րո­վը։

Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը դժո­ւա­րու­թիւն ու­նի հասկ­նա­լու, որ նա­հան­ջի, հա­մա­կեր­պու­մի եւ պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թեան բո­լոր ճամ­բա­նե­րը փա­կած ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հետ գործ ու­նի։
Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը ի վի­ճա­կի չէ ըմբռ­նե­լու, թէ ան­պար­տե­լի է այն ազ­գը, որ այ­լեւս կորսնց­նե­լու բան չու­նի…

Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան օր­հա­սա­կան՝ վեր­ջի՛ն շուն­չով մա­քա­ռու­մին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ ­Մա­յիս 28ի հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նա­կը։
Չենք ար­հա­մար­հեր ցե­ղաս­պան թշնա­մին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­նոր հա­կա­հայ հա­րո­ւած­նե­րուն ո­րե­ւէ պա­հու պատ­րա՛ստ գտնո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նով կ­՚ա­ռաջ­նոր­դո­ւինք։

Այդ ներշն­չու­մով ալ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 98ա­մեա­կը կը տօ­նենք՝ օր­հա­սա­կան կռո­ւի միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ազ­գա­յին մեր ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լով։
Այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան մեր սե­րունդ­նե­րը ­Մա­յիս 28ի ու­ղիին մէջ կրնան գտնել ա­պա­հով գրա­ւա­կա­նը հա­ւա­քա­կան մեր յաղ­թա­նակ­նե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ամ­րապն­դու­մը հա­մազ­գա­յին եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րով նո­ւա­ճե­լու ու­ղիին մէջ։

azator.gr

Տպել Տպել